Որոնել

2026.06.22 Il Reverendissimo Padre Kevork Zabaian, insignito della Medaglia dell'Assemblea Nazionale del Québec.

Գերյարգելի Տէր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան պարգեւատրուեցաւ Քէպէքի Ազգային Ժողովի Մետալով

Պարգեւատրումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 14 Յունիս, ժամը 11:30-ին Մոնթրէալի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Քէպէքի Ազգային Ժողովի անդամ՝ երեսփոխան Անտրէ Ալպեր Մորէնի։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Ուրախութեամբ հասու եղանք, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տէր Գէորգ Ծայրագոյն Վադապետ Զապարեանը պատուուած է Քէպէքի Ազգային Ժողովի մետալով, իր աւելի քան երեք տասնամեակներու հոգեւոր եւ մշակութային ծառայութեանը համար։

Պարգեւատրումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 14 Յունիս, ժամը 11:30-ին Մոնթրէալի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Տիրամայր Նարեկի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Քէպէքի Ազգային Ժողովի անդամ՝ երեսփոխան Անտրէ Ալպեր Մորէնի։

Տիար Մորէն վեր առած է Վարդապետ Զապարեանի երեք տասնամեակներէ աւելի ծաւալող գործունէութիւնը եւ իր խօսքին մէջ շեշտած՝ «որպէս երեսփոխան անչափ հպարտութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբ Ձեզ կը ներկայացնեմ Քէպէքի Ազգային Ժողովի այս մեծագոյն պատիւը առ ի գնահատանք Ձեր երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեանը համար։»

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Գերապատիւ Տէր Գէորգ Ծայրագոյն Վադապետ Զապարեանը այս ուրախ առիթով, մաղթելով երկար եւ արեւշատ օրեր։

Տասնամեակներ շարունակ իր հօտին հանդէպ տածած Հայր Գէորգի հայրական խնամքն ու նուիրումը այսօր արդարօրէն կը նշուին պետական մակարդակի բարձր գնահատանքով։

Մետալը
Մետալը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/06/2026, 07:52