Մատրիտի մէջ սուրբ պատարագ նէօքադումեալ շարժումի 60 ամեակի առթիւ Մատրիտի մէջ սուրբ պատարագ նէօքադումեալ շարժումի 60 ամեակի առթիւ  (© Tomasz Marynowski.)

Նէոքադեկումենալ Շարժում, Քահանայապետը 60-ամեակին առթիւ. Առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է

Նէոքադեկումենալ Շարժումի 60-Ամեակը. Մատրիտի Մէջ Նշուեցաւ Եկեղեցական Շարժումի Յոբելեանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մատրիտի Ալմուտենա մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ նուիրուած Նէոքադեկումենալ Շարժումի (Cammino Neocatecumenale) հիմնադրման 60-ամեակին։ Արարողութիւնը նախագահած է Մատրիտի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Խոսէ Քոպօ Քանոն, իսկ տաճարը լեցուած էր հազարաւոր հաւատացեալներով, ընտանիքներով եւ տարեց վկաներով, որոնք յուզումով կը յիշէին այս հոգեւոր շարժման համեստ սկիզբը 60-ական թուականներու կիսուն։

Այս եկեղեցական փորձառութիւնը ծնունդ առած է Մատրիտի Փալոմերաս Ալթաս աղքատիկ հիւղակներուն մէջ, ուր հիմնադիրները՝ Քիքօ Արկուէլիոն եւ Քարմէն Էռնանտեսը, նախախնամական ձեւով հանդիպեցան իրարու։ 1964 թուականին, Քիքօն ձգելով իր նկարչական ասպարէզը, որոշեց ապրիլ ամենաաղքատներուն հետ՝ ներշնչուած Սուրբ Շարլ տը Ֆուքոյի օրինակով։ Անոր շուրջ հաւաքուեցան գնչուներ եւ լուսանցքի վրայ գտնուող տարապեալներ, որոնք լսեցին Աւետարանի պատգամը։ 1965-ին, երբ իշխանութիւնները կը պատրաստուէին քանդել այդ հիւղակները, թեմի արքեպիսկոպոս Մորսիյոն անձամբ միջամտեց եւ կեցուց քանդումը, տեսնելով անոնց անկեղծ աղօթքը, ինչ որ Քարմէնին համոզեց, թէ այս գործը Աստուծմէ է։

Արքեպիսկոպոսին օրհնութեամբ շարժումը մուտք գործեց ծխական համայնքներ եւ այսօր արդէն տարածուած է աշխարհի 138 երկիրներու մէջ՝ հաշուելով աւելի քան 20,350 համայնք։ Քիքօ Արկուէլիոն շեշտած է, որ Ճանապարհը Վատիկանի Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի պտուղներէն է եւ միշտ գործած է Պապերու ու եպիսկոպոսներու բացարձակ աջակցութեամբ։

Պատարագի աւարտին ընթերցուեցաւՔահանայապետին պատգամը, ուր ան կը յիշեցնէ, թէ աւետարանչութիւնը ամբողջ Եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութիւնն է։ Պապը ընդգծած է, որ քրիստոնէական նախաձեռնութիւնը լոկ խորհուրդներու պատրաստութիւն չէ, այլ հաւատքի «արգանդ», ուր համայնքը կը զարգանայ։

Կարդինալ Քոպօ Քանոն իր քարոզին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց շարժման ծաւալած մեծ առաքելութեան համար եւ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ թեմը կը փակէ Քարմէն Էռնանտեսի երանացման դատի առաջին փուլը։ Կարդինալ Քեւին Ֆարելը նոյնպէս բարձր գնահատեց այս շարժումէն ծնած առատ պտուղները, ինչպէս՝ միջազգային սեմինարիաները, առաքելական ընտանիքներն ու քահանայական կոչումները։

Այսօր այս հոգեւոր ուղին կը գործէ աշխարհի աւելի քան 6,250 ծուխերու մէջ։ Յատկանշական է, որ Մատրիտի մայր տաճարի աւագ խորանի որմնանկարները կատարուած են անձամբ Քիքօ Արկուէլիոյի կողմէ, ինչ որ կը խորհրդանշէ Ճանապարհի եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անքակտելի կապը։ Ալքալայի պատուաւոր եպիսկոպոս Խուան Անթոնիօ Ռէյկ Փլան վերջաւորութեան յաւելեց, որ այս 60 տարիները Սուրբ Հոգիի մեծագոյն պարգեւն են Եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2026, 09:52