Որոնել

2019.04.16 Gesù tradito - ultima cena - flagellazione di Gesù

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը

Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան երբ Ան իր աշակերտներուն տուաւ Հացը որպէս իր մարմինը ու գինին որպէս իր արիւնը  որ թափուեցաւ մեր փրկութեան համար։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը (լատիներէն՝ Corpus Domini կամ Corpus Christi) Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ հանդիսաւոր տօներէն մէկն է։

Ան յատկացուած է մեծարելու եւ փառաբանելու Յիսուս Քրիստոսի իրական ներկայութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան (Հացի եւ Գինիի) խորհուրդին մէջ։

Սուրբ  Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ,  վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան երբ Ան իր աշակերտներուն տուաւ Հացը որպէս իր մարմինը ու գինին որպէս իր արիւնը  որ թափուեցաւ մեր փրկութեան համար։

Յիշատակ մը որ Քահանան ամէն օր կը նորոգէ Սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին երբ կը կրնկէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Տօնի հաստատման մեծապէս նպաստած են Պելկիոյ մէջ Սրբուհի Ժիւլիէնի (Juliana of Cornillon) տեսիլքները։ Տօնը առաջին անգամ նշուած է Պելկիոյ Լիէժ քաղաքին մէջ։

Ուրպանոս Դ. Քահանայապետը, Իտալիոյ Պոլսենա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքէն ետք (ուր սրբագործուած նշխարէն արիւն հոսած էր), Transiturus կոնդակով` 1246-ին տօնը հռչակեց որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած տօն։

Քահանայապետի խնդրանքով ապա՝ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին գրեց այս տօնի նուիրուած յատուկ հոյակապ աղօթքներն ու շարականները (ինչպէս՝ Pange Lingua եւ Tantum Ergo)։

Սուրբ Հաղորդութեան տօնը շարժական է եւ կը տօնուի Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնին յաջորդող Հինգշաբթի օրը (Հոգեգալուստէն 11 օր ետք, Զատիկէն 60 օր ետք)։ Սակայն շատ երկիրներու մէջ, հաւատացեալներու դիւրութեան համար, ան կը փոխադրուի յաջորդող Կիրակի օրուան։

Այս տօնի ամենատարածուած ու գեղեցիկ աւանդութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան հանդիսաւոր Թափօրն է։ Քահանան Սուրբ Նշխարը դնելով Մասնատուփի մէջ՝ եկեղեցական թափօրով կը շրջի փողոցները, կ'օրհնէ քաղաքն ու ժողովուրդը, իսկ հաւատացեալները ծաղիկներ կը սփռեն ընթացքին։

Տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայ սկիզբ առած է Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585)։ Թէեւ 1870-էն մինչեւ 1979 աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրած էր, Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետի օրով այդ աւանդութիւնը վերահաստատուեցաւ ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։

Տօնը կը շեշտէ այն ճշմարտութիւնը, որ Սուրբ Պատարագի ընթացքին հացն ու գինին գոյացափոխութեամբ կը դառնան Քրիստոսի ճշմարիտ Մարմինն ու Արիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2026, 07:32