2025.05.12 Shio III, Catholicos-Patriarca di tutta la Georgia

Վրաստան. Շիօ Գ. դարձաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նոր պատրիարք

57 տարեկան Շիօ Գ.-ն (աւազանի անունով՝ Էլիզպար Թէյմուրազ Մուժիրի) ծնած է Թիֆլիս եւ արդէն իսկ կը վարէր պատրիարքական տեղապահի պաշտօնը: Այս ընտրութեամբ ան կը ստանձնէ նաեւ Մցխեթա-Թիֆլիսի արքեպիսկոպոսի ու Աբխազիոյ եւ Պիչվինթայի մետրոպոլիտի տիտղոսները:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին նոր հոգեւոր առաջնորդ մը ունի. Մայիս 11-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Երրորդութիւն մայր տաճարին մէջ գումարուած Սինոդի նիստին, Շիօ մետրոպոլիտը ընտրուեցաւ Կաթողիկոս-Պատրիարք: Ան կը յաջորդէ Իլիա Բ.-ին, որ մահացած էր անցեալ Մարտ 17-ին՝ տասնամեակներ շարունակ գլխաւորելէ ետք վրաց եկեղեցին:

57 տարեկան Շիօ Գ.-ն (աւազանի անունով՝ Էլիզպար Թէյմուրազ Մուժիրի) ծնած է Թիֆլիս եւ արդէն իսկ կը վարէր պատրիարքական տեղապահի պաշտօնը:

Այս ընտրութեամբ ան կը ստանձնէ նաեւ Մցխեթա-Թիֆլիսի արքեպիսկոպոսի ու Աբխազիոյ եւ Պիչվինթայի մետրոպոլիտի տիտղոսները:

Քուէարկութեան մասնակցեցան շուրջ 1200 պատուիրակներ Վրաստանի տարբեր շրջաններէն, իսկ գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր 12 Մայիսին՝ Մցխեթայի պատմական Սուէթիցխովելի մայր տաճարին մէջ:

Իր անդրանիկ խօսքին մէջ, նորընտիր պատրիարքը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը որպէս «ազգի միաւորող ուժ» եւ վրացական հաւատքի, լեզուի ու աւանդութիւններու պահապան:

Շիօ Գ.-ն աստուածաբանական կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի մէջ, ինչպէս նաեւ աւարտած է Պետական երաժշտանոցի թաւջութակի (violoncello) բաժինը: Ան կուսակրօնութեան ուխտ ըրած է 1993-ին:

Վատիկանէն իր շնորհաւորանքները յղեց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչ՝ Կարդինալ Քուրթ Քոխը, որ յոյս յայտնեց Կաթողիկէ եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ զարգանայ եղբայրական երկխօսութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2026, 13:08