2026.05.29 Patriarca Raphael Bedros XXI Minassian in Irak

Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հովուապետերու այցելութիւնը Միջագէտք (Իրաք)

Պատրիարքները Պաղտատ ժամանած են Միջագէտքի Քաղթէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Մար Պուլոս Գ. Նոնայի Գահակալութեան արարողութեան առիթով, զոր տեղի կ՜ ունենայ Ուրբաթ 29 Մայիս 2026-ին, Պաղտատի Քաղթէական Ս. Յովսէփ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ուրախալի առիթով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Պաղտատի հայ կաթողիկէ համայնքին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմը խանդավառութեան և ուրախութեան պահեր ապրեցաւ Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ին, երբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տ. Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հովուպետական անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Իրաք:  Հոգեւոր Տէրը Պաղտատի Միջազգային օդակայան ժամանեց երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Հոգեւոր Տիրոջ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թօփալեան և Գեր. Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեան:  

Օդակայանին մէջ, Իրաքի Քրիստոնէական Համայնքներու Պատասխանատու նախագահ՝ Պրն. Նախարար Ռամի Աղաճանը եւ Կառավարական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանը եւ այլ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Արհիապատիւ Եպիսկոպոսներ ընդունեցին Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու  Պատրիարքները՝ յանձինս Մար Պէշարա  Ռաաի, Անտիոքի եւ համայն Արեւելեան Մարօնիթ Եկեղեցիներու Պատրիարքը,  Ամենապատիւ Եուսէֆ Ապսի Անտիոքի եւ համայն արեւելեան Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարք, Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ Մար Եուսէֆ Եունան Անտիոքի եւ համայն արեւելեան Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքը, որոնք Պաղտատ ժամանած էին Միջագէտքի Քաղթէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք՝ Մար Պուլոս Գ. Նոնայի Գահակալութեան արարողութեան, զոր տեղի պիտի ունեցաւ Ուրբաթ 29 Մայիս 2026-ին, Պաղտատի Քաղթէական Ս. Յովսէփ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ. առաւօտեան ժամը 10-ին։

Այս ուրախալի առիթով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Պաղտատի հայ կաթողիկէ համայնքին։

Առաջնորդարան ժամանման պահուն, Պատրիարք Հայրը սիրալիր կերպով ընդունուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ և տեղի ունեցաւ աջահամբոյր և յաւուր պատշաճի հիւրընկալութիւն:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Գերերջանիկ Տ. Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հովուպետական անդրանիկ այցելութիւնը Իրաք
29/05/2026, 07:56