Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի այցելութիւնը Քաղդէական Պատրիարքական Աթոռ
Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեան
Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Միջագէտք (Իրաք) կատարած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին, 31 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եղբայրական այցելութիւն կատարեց Իրաքի և համայն աշխարհի Քաղդէական եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Նորին Ամենապատիւ Մար Պօղոս Գ. Նոնային։
Հոգեւոր Տիրոջ կ'ուղեկցէին Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Յովսէփ Արք. Զապարեանը և Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութիւնը: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Պաղտատի Պատրիարքական Աթոռին մէջ, Քաղդէական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու և հոգեւորականներու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորանքը յայտնեց Ամենապատիւ Մար Պօղոս Գ. Նոնային, իր ընտրութեան և գահակալութեան առթիւ։
Հանդիպման ընթացքին, եղբայրական ջերմ սիրոյ մթնոլորտ մը կը տիրէր. Հոգեւոր պետերը վերատեսութեան ենթարկեցին երկու քոյր Եկեղեցիներու՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ հաղորդակցութեան և համագործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ այս վիրաւոր Արեւելքի մէջ Աւետարանը վկայելու և քրիստոնէութեան ծառայելու իրենց համատեղ առաքելութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Քննարկման ընթացքին, անդրադարձ եղաւ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ, մասնաւորապէս՝ Իրաքի, Լիբանանի և Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին և այնտեղ քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Երկու վեհապետերը ընդգծեցին հաւատացեալներու սրտերուն մէջ յոյս սերմանելու և քրիստոնէական ներկայութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ