Որոնել

2026.05.29 Card. Gugerotti intronizzazione Patriarca di Baghdad dei Caldei

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի Հովուապետական այցելութիւնը ի Պաղտատ (Բ. Մաս)

Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Գերպծ. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանի և իրեն ընկերացող շքախումբին մասնակցեցաւ Նորին Ամենապատիւ Պատրիարք Պօղոս Գ. Նոնայի՝ Քաղդէացիներու Պատրիարքի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան
Ունկնդրէ լուրը

Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Հինգշաբթի 28 Մայիսէն մինչեւ Երկուշաբթի 1 Յունիս տեւող Ամենապատիւ և Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի Հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Ուրբաթ 29 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Պաղտատի Սուրբ Յովսէփ Քաղդէական տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Ամենապատիւ Պատրիարք Պօղոս Գ. Նոնայի՝ Քաղդէացիներու Պատրիարքի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Գերպծ. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանի և իրեն ընկերացող շքախումբին:

Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր բարձրաստիճան հոգեւորականներով, կղերական դասով, միանձնուհիներով և հաւատացեալ ժողովուրդով, որոնք տարբեր վայրերէ Պաղտատ ժամանած էին մասնակցելու սոյն արարողութեան:

Այս իրադարձութիւնը պարզապէս ծիսական և արարողակարգային ծէս չէր, այլ քրիստոնէական ներկայութեան կենդանի մարմնացում, որու արմատները կը հասնին մինչեւ առաքելական պատմութեան արշալոյսը, և համընդհանուր Եկեղեցւոյ համերաշխութեան հզօր ուղերձ այս վիրաւոր Արեւելքի ժողովուրդին հետ։

Շաբաթ 30 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կ՛այցելէ Պաղտատի Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած նախկին Հ. Կ. եկեղեցին, որ օծուած է 1938 թուականին, ձեռամբ Ալոզիոս Արք. Պաթանեանի:

Եկեղեցին կը գտնուի Տիգրիս գետին մօտ։ Անոր կողքին կը գտնուէր Հ. Կ. Առաջնորդարանի հին կառոյցը: Եկեղեցի ժամանման պահուն, Պատրիարք Հայրը ծափողջոյններով ընդունուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ, որոնք եկած էին մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան ընթացքին, մէջ ընդ մէջ աղօթք և երգեցողութիւն տեղի ունեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ և դպրաց դասի կողմէ, հայերէն և արաբերէն: Ընթացքին, Տիկ. Հուտա Մալոյեանը եկեղեցւոյ պատմականը կարդաց արաբերէն, իսկ հայերէնը՝ Կիսասարկաւագ Ռաուլ Սապահը:

Արդարեւ, այս եկեղեցին Պաղտատի կաթողիկէ հայերու հաւատքի վկան եղած է, և անսասան մնացած է՝ հակառակ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներուն, որ իր ժամանումէն ի վեր՝ ականատես եղած է յեղափոխութիւններու, պատերազմներու և պաշարման արհաւիրքներու։

Սակայն այս տաճարին մէջ, հանապազօրեայ աղօթքներ կը բարձրանային հաւատացեալներու սրտերէն, որոնք սուրբ խորհուրդները ստանալով կը զօրանային: Իսկապէ՛ս, այս եկեղեցին առանձնայատուկ տեղ ունի Թեմի իւրաքանչիւր հաւատացեալի սրտին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 12:19