ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (62)
62.- ՄԽԻԹԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏԱԼՈՎ ՁԵՌԱԿԵՐՏ ՎԱՆՔԻՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԵԹՈՆԷՆ
Հասած էր հրաժեշտի դաժան պահը։ Մխիթար Աբբահայր Մեթոն մնացողներուն իւրաքանչիւրին հետ ողջագուրուելով հրաժեշտ կ՚առնէ, խնդրելով որ իր համար աղօթեն։ Ապա կ՚առանձնանայ վանքի եկեղեցին, որ Ս. Անտոն անապատականին նուիրուած էր եւ ժամէ մը աւելի կ՚աղօթէ, բնականաբար Աստուծոյ օրհնեալ կամքն ու անքննելի ծրագիրները սիրով ընդունելով, միաբանութեան ապագան եւ միաբաններէն իւրաքանչիւրը Աստուածամօր պաշտպանութեան յանձնելով, իրենց ճամբորդութիւնը Տիրամօր ձեռքերուն մէջ դնելով եւ վանքը մնացողներու կեանքը խնայել խնդրելով Խաչեալէն։ Ապա, արտասուաթոր աչքերով, ծովափ կ՚ուղղուի եւ նաւ կը բարձրանայ տասընմէկ միաբաններով միասին 25 Փետրուար 1715ին։
Ժամանակագիրը կը գրէ. «Տարիներ ետք մեր Աբբահայրը երբեմն կ՚ըսէր. “Կեանքիս մէջ երբեք այնպէս արցունքով տեղէ մը չեմ բաժնուած. ո՛չ ծնողներէս եւ հայրենի քաղաքէս հեռանալուս պահին, եւ ո՛չ երիտասարդութեանս զանազան գաւառներու մէջ տեղափոխուելուս ատեն, մինչեւ այն օրը՝ երբ արցունքով հեռացայ մեր այդ եկեղեցիէն”» (1715 §5)։
Երեք օր նաւուն մէջ կ՚անցընեն, սպասելով բարենպաստ հովին, որպէսզի ճամբայ ելլեն։ Մարտի 1ին, ուրբաթ օրը, վերջապէս նաւը կը պարզէ առագաստները եւ հեզասահ կը յառաջանայ ծովու ալիքները ճեղքելով։ Տասներկու կրօնաւորներ իրենց հայեացքը չեն անջատեր ծովուն վրայ երկարող բերդաքաղաքէն, իր հաստափոր աշտարակներէն եւ ատամնաւոր պարիսպներէն, որոնց վրայ կը ծածանէր Վենետկեան ռազմի դրօշը, որու վրայ նկարուած էր Ս. Մարկոսի առիւծը, որ թաթով մերկացուցած սուրը պարզած էր։ Ժամերը կը սահին, մինչ իրենք տակաւին անշարժ, անշշուկ, աղօթք մրմնջալով, Սուրբ Կոյսի պաշտպանութիւնը կը թախանձէին։ Գրեթէ չորս ժամ ետք, երբ նաւը Զանդայի կը մօտենայ, այլեւս հորիզոնին միայն ծովեզերեայ ժապաւէն մը կ՚երեւար եւ ուրիշ ոչինչ։
Նոր էջ մը կը բացուէր միաբանութեան համար. բաժանումով մը սկսած, բոլորովին անորոշ ապագայի մը դիմաց՝ նորագոյն հանգրուան մը ծնունդ կ՚առնէր աստուածային նախախնամութեան, խաչեալի խնամքին եւ Աստուածամօր գուրգուրանքին ամբողջական, ամէնընդգրկուն վստահութեամբ եւ անվերապահ յանձնումով։
Մէկ ամիս հանդարտօրէն ճամբորդելէ ետք Մարտ ամսուան վերջը նաւը կը մտնէ Ադրիականի թագուհիի լճակը եւ անմիջապէս կը հանգրուանէ «Լածծարէթթոյ Նուովոյ» կոչուած մաքրարանի կղզին՝ ուր իրենց ապրանքներով հանդերձ քառասուն օր պէտք է մնային, առողջապահութեան պատասխանատուներու վերահսկողութեան տակ, որպէսզի փոխանցիկ հիւանդութիւներէ զերծ մնար քաղաքը։
Շատ ժամանակ չանցած, այն նաւը որ զիրենք Վենետիկ բերած էր՝ ճամբայ կ՚ելլէ եւ ծովեզերքին կը խորտակուի, քանի որ հարիւրամեայ, արդէն փտած նաւ մըն էր։ Այս լուրն առնելով, Մխիթար եւ իր աշակերտները, որ տեղեակ անգամ չէին նաւուն այդ խարխուլ վիճակէն, փառք կու տան Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն, որ ճամբորդութեան ընթացքին չէին հանդիպած սաստիկ քամիներու, ինչպէս Մարտ ամսուն սովորաբար կը պատահէր, ապա թէ ոչ ծովասոյզ եղած պիտի ըլլային։ Տիրամօր հովանին անվրէպ ապահոված էր իրենց անվտանգութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ