Ռայի Պատրիարք. «Ընկերային ցանցերու վրայ բանավէճերը լեզուի եւ արժէքներու մտահոգիչ անկում են»
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ Աստուածածինի նուիրուած ամսուան բացման սուրբ պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ նշեց. «Կը գտնուինք հայրենիքի մը մէջ, որ մտահոգութեան, շփոթահարութեան եւ սպասողական վիճակներու մէջ կ՛ապրի: Կանգնած ենք իրողութեան մը առջեւ, որ մեր վրայ պարտադրուած ու մերժելի պատերազմի եւ քանդումի, տեղահանութեան ու սպանութեան միջեւ կը տատանուի: Առկախ իրավիճակ մը, որ ուժաթափ կը դարձնէ մարդը եւ կը հիւծէ քաղաքացին, պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները»:
«Մեր ժողովուրդը առօրեայ մտահոգութեամբ կը սպասէ` փորձելով կառչիլ մնացած քիչ յոյսին: Եւ այս սպասումին մէջ մենք կ՛ապրինք աւելի դժուար բան մը` մեր միջեւ բաժանումներ, լարուածութիւն, զգայնութեան բարձրացում, կարծէք կորսնցուցած ենք զիրար հանդուրժելու ունակութիւնը:
«Պահ մը անհամաձայնութիւն կը պայթի, եւ մէկ բառով մնացած քիչ վստահութիւնը կը կոտրուի: Ասոր վրայ աւելցուցէք այսօր ընկերային ցանցերու վրայ տեղի ունեցողը. այս բանավէճը խօսքի ազատութիւն չէ, այլ լեզուի եւ արժէքներու մակարդակի անկում եւ ոտնահարում արժանապատուութեան, որուն ոչ ոք իրաւունք ունի դպնալու` անկախ անոր աղբիւրէն կամ կրողներէն», նշեց պատրիարքը:
Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ