Որոնել

2026.05.05 Canada, Chiesa Armena, 38 ragazzi ricevono la prima comunione

Մոնրէալ 38 մանուկներ Առաջին Ս. Հաղորդութիւն կ’առնեն

Օրեր կան այսպէս, որոնք կու գան յիշեցնելու, թէ լոկ Աստուածային սէրն է վաւերականը :

Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցին ու ժողովրդապետութիւնը ցնծատօնի չքնաղ օր մը ապրեցան Մայիսի 3-ին :

Մայիսի առաջին Կիրակին էր, իրօք :

Եկեղեցին լուսազարդուած էր ու պայծառացած ծաղիկներու աղօթական մրմունջներով, որոնք ընդելուզուած 38 սպիտակազգեստ մանուկներու Առաջին  Ս. Հաղորդութեան Օրուայ Խորհուրդին հետ :

Ծնողներու, ազգականներու եւ հաւատացեալներու ողջագումար բազմութիւնը ներամփոփ հետեւեցաւ այս մանուկներուն, որոնք ջերմեռանդ քայլերով յառաջացան դէպի սուրբ Խորան, իրենց սիրտերուն մէջ տապանակելու մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի փառաւորեալ Մարմինն ու Արիւնը :

Շնորհքի անմոռանալի պահեր, ամբողջ համայնքիս համար…շնորհիւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին եւ իր անյոգնաբեկ աշխատակիցներու ջանքերուն :

Օրեր կան այսպէս, որոնք կու գան յիշեցնելու, թէ լոկ Աստուածային սէրն է վաւերականը:

Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան
Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2026, 09:29