Յիսուս խաչին վրայ Յիսուս խաչին վրայ 

«Խաչի Ճանապարհը՝ Ճշմարիտ Խաղաղութեան Միակ Ուղի» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Թող աշխարհը իր մուրճով հարուածէ, մենք կառչած պիտի մնանք այն Ժայռին, որ Քրիստոսն է։ Թող Անոր բերած սուրը կտրէ մեր մէջէն ամէն վախ եւ կասկած, որպէսզի դառնանք ոչ միայն խաղաղութիւն փնտռողներ, այլեւ խաղաղարարներ։ Որովհետեւ ճշմարիտ խաղաղութիւնը կը բնակի այն սրտին մէջ, որ Յիսուսի յաղթանակին կը հաւատայ աւելի, քան իր տեսած նեղութիւններուն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, Իմ խաղաղութիւնս կը տամ ձեզի. ոչ թէ ինչպէս աշխարհը կը տայ՝ Ես կը տամ ձեզի» (Յովհաննէս 14:27)։

Այսօրուան աշխարհը, իր տիրապետող գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ առնելու համար մարդկութիւնը, այնպիսի՜ ճնշում կը բանեցնէ անոր վրայ, որ կարելի է ըսել, թէ մարդ արարածը գրեթէ կորսնցուցած է ազատօրէն խորհելու կարելիութիւնը։ Այս տագնապալի իրողութիւնը նոյնքան ակնյայտ է նաեւ քրիստոնեային պարագային, որուն մտածելակերպը հետզհետէ այնքան աշխարհիկացած է, որ այլեւս գրեթէ չի տարբերիր ընդհանուր հոսանքէն։
Այսօր ականատես կ’ըլլանք տագնապալի երեւոյթի մը. դժուարութիւններու եւ հալածանքներու դիմաց՝ քրիստոնեան հետզհետէ կը որդեգրէ աշխարհին յատուկ դիրքորոշում ու վարուելակերպ։ Թէեւ Քրիստոս յստակօրէն ուսուցանեց Իր հետեւորդներուն, թէ իրենց կեանքը պիտի ըլլայ «խաչ կրելու» մնայուն ընթացք մը, եւ թէ այս աշխարհը երբեք հանգիստ պիտի չտայ իրենց, սակայն իրականութիւնը այլ պատկեր կը պարզէ։ Դժբախտաբար, կը տեսնենք բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք աշխարհի հետ կը վարուին ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ոչ-քրիստոնեաները։ Անոնք այս երկրաւոր կեանքը կը դիտեն որպէս իրենց վերջնական ու յաւիտենական տունը։ Այնպիսի՜ թիւրիմացութեան մը մէջ են, որ կարծես եթէ երկրային վայելքներէն զրկուին, այս կեանքը այլեւս որեւէ նպատակ կամ իմաստ պիտի չունենայ իրենց համար:

Այսօր, երբ խաղաղութեան մասին խօսք բացուի, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս հաւատացեալը անմիջապէս կը սկսի խորհիլ քաղաքական կայունութեան կամ տնտեսական հանգստաւէտութեան մասին։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն խորթացած ենք աւետարանական այն ճշմարտութենէն, որ խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ հոգիի ներքին վիճակ է եւ Աստուծոյ հետ հաշտութեան պտուղը։ Երբ մեր ակնկալութիւնները կը սահմանափակուին լոկ երկրային հանդարտութեամբ, մենք կը մոռնանք Քրիստոսի այն պատգամը, թէ Իր տուած խաղաղութիւնը բնաւ նման չէ այն խաղաղութեան, զոր աշխարհը կը հրամցնէ մեզի: Ինչպէ՞ս կարելի է անաղարտ պահել Քրիստոսի խաղաղութիւնը մեր հոգիներուն մէջ, երբ աշխարհը մեզի կը հարուածէ «մուրճի» պէս՝ փորձելով խլել մեր հաւատքն ու ներքին անդորրը։ Այս հարցումներուն պատասխանը պիտի փնտռենք ո՛չ թէ աշխարհիկ գաղափարախօսութիւններու, այլ Քրիստոսի ճշմարիտ խօսքին եւ յաւիտենականութեան հայեացքին մէջ Յիսուս Իր խաղաղութիւնը մեզի կը թողու որպէս կտակ։

Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը անդադար կը յիշեցնեն մեզի, թէ Յիսուս «յաղթեց աշխարհին»՝ տապալելով անոր չար իշխանը եւ քակելով այն բոլոր կապանքները, որոնցով մարդկութիւնը շղթայուած էր մեղքի ու մահուան տիրապետութեան տակ։ Այս յաղթանակը ո՛չ թէ աշխարհիկ զօրութեամբ իրականացաւ, այլ խոնարհութեամբ եւ Խաչի զոհողութեամբ, որով Քրիստոս վերջնականապէս ջախջախեց չարին տիրապետութիւնը մեր հոգիներուն վրայ: Սուրբ Օգոստինոս կը սորվեցնէ, որ այս խաղաղութիւնը «կարգի հանդարտութիւնն» է(tranquillitas ordinis). երբ մարդ արարածը Աստուծոյ հետ հաշտ է, անոր ներսիդին կը տիրէ անխռով վիճակ մը, նոյնիսկ եթէ դուրսը փոթորիկ է։ Ան կ’ըսէ, թէ խաղաղութիւնը պարզապէս կռիւի բացակայութիւնը չէ, այլ այն վիճակը, երբ մարդուն հոգին հնազանդ է Աստուծոյ, իսկ մարմինը՝ հոգիին։ Երբ մենք մեր կեանքի առաջնահերթութիւնը Աստուած կը դարձնենք, արտաքին նեղութիւնները չեն կրնար քանդել մեր ներքին անդորրը։ Ս. Յովհան Ոսկեբերան կը քարոզէր. «Մի՛ վախնաք նեղութիւններէն, որովհետեւ անոնք մեզ կը մօտեցնեն Աստուծոյ։
Սակայն, սիրելինե՛ր, ուր որ Յիսուս Իր քայլերը ուղղեց՝ անմիջապէս իրարանցում կը սկսէր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ երբ Աստուծոյ բացարձակ Ճշմարտութիւնը դէմ յանդիման կու գայ մեղաւոր աշխարհին, տեղի կ'ունենայ ահաւոր բախում։ Յիսուսի բերած «սուրը» այն հոգեւոր զօրութիւնն է, որ կը զատորոշէ լոյսը խաւարէն։ Ան եկաւ քանդելու այն կեղծ խաղաղութիւնը, ուր չարին սկզբունքները կը տիրապետէր, որպէսզի հաստատէ ճշմարիտ արդարութիւնը։ Այս պատճառով է, որ աշխարհը կ’ատէ Քրիստոսի հետեւորդները։ Եթէ դուն Քրիստոսի կողքին կանգնած ես, աշխարհը քեզի պիտի հարուածէ մուրճի պէս, որովհետեւ քու ներկայութիւնդ լուռ դատապարտութիւն է իր ստութեան: Այս բախումին մէջ ինչ պէտք է ընել։ Պօղոս Առաքեալ մեզի կը յորդորէ. «Մեր աչքերը չենք յառեր տեսնուած բաներուն վրայ, հապա՝ չտեսնուածներուն» (Բ. Կորնթ. 4:18)։ Տեսնուածը՝ պատերազմը, հալածանք եւ նեղութիւններն են։ Չտեսնուածը՝ Աստուծոյ սէրը, Յարութեան յոյսը եւ յաւիտենական կեանքն է, որոնք անխախտ ճշմարտութիւններ են: Ինչպէս Ս. Յովհան Ոսկեբերան կ’ըսէ. «Ալիքները կրնան բարձրանալ, բայց անոնք չեն կրնար ընկղմել Քրիստոսի նաւը»։ Մեր նեղութիւնը «թեթեւ» է, երբ զայն կը չափենք յաւիտենականութեան կշիռքով։

Քրիստոնէական քաջութիւնը յիմար հերոսութիւն չէ, այլ վստահութիւն է Անոր վրայ, որ արդէն յաղթած է մահուան եւ չարին։ Մեր խաղաղութիւնը հոն չէ, ուր կռիւ չկայ, այլ հոն է՝ ուր Քրիստոս ներկայ է։

Թող աշխարհը իր մուրճով հարուածէ, մենք կառչած պիտի մնանք այն Ժայռին, որ Քրիստոսն է։ Թող Անոր բերած սուրը կտրէ մեր մէջէն ամէն վախ եւ կասկած, որպէսզի դառնանք ոչ միայն խաղաղութիւն փնտռողներ, այլեւ խաղաղարարներ։ Որովհետեւ ճշմարիտ խաղաղութիւնը կը բնակի այն սրտին մէջ, որ Յիսուսի յաղթանակին կը հաւատայ աւելի, քան իր տեսած նեղութիւններուն։
Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վեր է, պահպանէ ձեր սիրտերն ու միտքերը ի Քրիստոս Յիսուս։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2026, 07:00