Որոնել

Տիրամայրը Տիրամայրը 

Մարիամի ներկայութիւնը մեր ուխտագնացութեան ընթացքին

Մեր երկրային կեանքը ժամանակաւոր ուխտագնացութիւն մըն է դէպի Երկնային Երուսաղէմ, ուր իսկական խաղաղութիւնն ու յաւիտենական կեանքը կը գտնուին Քրիստոսի մէջ՝ հեռու աշխարհիկ պատրանքներէն եւ տրտունջներէն։ Այս դժուարին ճամբուն վրայ եւ յատկապէս մահուան ահաւոր ժամուն, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը (Վարդարանի աղօթքով) կը դառնայ մեր անբաժան ուղեկիցն ու զօրաւոր բարեխօսը՝ վանելով վախերը եւ մեզ ապահովութեամբ առաջնորդելով դէպի գալիք փառքը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Վարդարանի աղօթքը սոսկ մեքենական բառերու կրկնութիւն մը չէ, այլ կենդանի հոգեւոր փորձառութիւն եւ զօրութեան աղբիւր մը՝ դէպի Աստուծոյ Արքայութիւն քալող մեր ուխտաւոր կեանքի ճամբուն վրայ։ Այս ընթացքին, Ս. Մարիամ կը դառնայ մեր ուղեկիցը՝ բռնելով մեր վախցող ու դողդոջուն ձեռքերը, որպէսզի առաջնորդէ մեզ այս տագնապալից աշխարհի շաւիղներէն դէպի յաւիտենականութիւն։

Ուխտագնացութիւնը, իր արտաքին երեւոյթով, երկրային վայրերու միջեւ ճամբորդութիւն մըն է, սակայն իր խորունկ հոգեւոր իմաստով՝ ան ներքին փոփոխութեան եւ սրտի դարձի (ապաշխարութեան) ընթացք է։ Այս գիտակցութեամբ կը հասկնանք, որ մեր ներկայ երկրային կեանքը մշտական բնակարան կամ վերջնական հայրենիք մը չէ. մենք հոս պանդուխտներ ու օտարներ ենք, որոնք միայն քանի մը օրուան համար լարած են իրենց վրանները։ Մեր սրտերը անդադար տենչանքով կը փափաքին դէպի «Կատարեալ Քաղաքը»՝ Երկնային Երուսաղէմը, ուր միայն կայ  ճշմարիտ խաղաղութիւնը, յաւիտենական հանգիստը եւ այն անանց ուրախութիւնը, որ Աստուած պատրաստած է իր զաւակներուն համար աշխարհի սկիզբէն ի վեր։ Ինչպէս սաղմոսերգուն կը գոչէ. «Եթէ քեզ մոռնամ, ո՛վ Երուսաղէմ, թող մոռցուի իմ աջ ձեռքս», այնպէս ալ քրիստոնեան կը հրաժարի աշխարհի փառքերէն՝ յանուն երկնային այդ հայրենիքին։

Կեանքի այս ուխտագնացութեան ընթացքին, մարդս ամէնէն աւելի Մարիամի պաշտպանութեան ու ներկայութեան պէտքը կը զգայ իր մահուան ժամուն։ Վարդարանի աղօթքին առանցքային խնդրանքը՝ «Այժմ եւ մեր մահուան ժամուն», հիմնուած է այս իրողութեան վրայ։ Ինչպէս որ Մարիամ հաստատուն ու քաջաբար կանգնեցաւ խաչին տակ՝ իր Որդւոյն մահուան ատեն, իր վիրաւոր սրտով գրկելով Անոր վէրքերը, այնպէս ալ ան ներկայ կը գտնուի իր մեր անցման պահուն։

Մահուան ահաւոր ժամուն, երբ երկրային ամէն մխիթարութիւն ու մարդկային խօսք անզօր կը դառնան, Մարիամ իր պաշտպանութեան քօղը կը տարածէ մեր վրայ, կը վանէ խաւարի վախն ու փորձութիւնները եւ կը հանդարտեցնէ հոգիին տագնապը։ Ան մեր հոգիները իր ձեռքերուն մէջ առած կը ներկայացնէ իր Որդւոյն՝ Արդար եւ Ողորմած Դատաւորին, ըլլալով այն հաստատուն Բարեխօսը, որ մեզ ապահովութեամբ կը յանձնէ Երկնաւոր Հօր ձեռքերը։ Այս պատճառով, մահուան յիշատակումը վախ կամ յուսահատութիւն չի պատճառեր, այլ կը յիշեցնէ գալիք փառքը։ Սուրբերը իրենց սենեակներուն մէջ գանկ կը դնէին իբրեւ մահուան յիշեցում , ոչ թէ յուսահատելու, այլ արթուն մնալու եւ ամէն վայրկեան յաւիտենականութեան լոյսին տակ ապրելու համար։ Եկեղեցւոյ մէջ ննջեցեալներու անդադար յիշատակութիւնը նոյնպէս կը փաստէ, որ մահը Քրիստոսի մէջ սուգի հանդէս չէ, այլ սրբազան անցում դէպի իսկական կեանք։

Երբ կը նայինք մեր առօրեայ կեանքին, մեր անդադար տրտունջը եւ դժգոհութիւնը կը յայտնեն դառն իրականութիւնը՝ թէ մենք կ՛ապրինք ու կը պայքարինք այնպէս, կարծես այս անցաւոր աշխարհը մեր վերջնական նպատակն է։ Մոռնալով ուխտագնացութեան պատգամը, մեր արմատները կը ձգենք այս երկրի հողին մէջ եւ կը զրկուինք խաղաղութենէն, որովհետեւ զայն կը փնտռենք պատրանքներու, դրամի, պաշտօններու եւ երկրային երաշխիքներու մէջ։ Սակայն երկիրը չի կրնար տալ այն՝ ինչ որ չունի։ Ճշմարիտ խաղաղութիւնը Քրիստոսի պարգեւն է, որ ըսաւ. «Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ձեզի չեմ տար այնպէս, ինչպէս այս աշխարհը կու տայ»։

Այս պատճառով ալ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին ամէնէն շատ կրկնուող ու հայցուած շնորհքը խաղաղութիւնն է «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։ Եկեղեցին գիտէ, որ առանց ներքին խաղաղութեան՝ մարդուն կեանքը կը վերածուի անտանելի դժոխքի, նոյնիսկ եթէ ան ունենայ հարստութիւն եւ յաջողութիւն։ Խաղաղութիւնը պատերազմներու բացակայութիւնը չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնն է սրտին մէջ։ Եկեղեցւոյ պարգեւած այս խաղաղութիւնը մեր պաշարն է ճամբու դժուարութիւններուն դէմ, իսկ Մարիամ՝ իբրեւ «Խաղաղութեան Թագուհի», մեր շարունակական բարեխօսն է այս շնորհքը պահպանելու համար։

Գալիք փառքին վրայ կեդրոնանալը փախուստ չէ իրականութենէն, այլ ուժ՝ երկրի վրայ բարի պատերազմը մղելու համար։ Անիկա այն դեղն է, որ կը բժշկէ տրտունջի հիւանդութիւնը, որովհետեւ գիտենք թէ ամէն ցաւ ունի փրկարար պտուղ։ Պօղոս առաքեալ կը պատգամէ. «Մխիթարեցէ՛ք զիրար այս խօսքերով»՝ յիշեցնելով, որ այս կեանքը անցաւոր է, իսկ գալիքը՝ մեր վերջնական նպատակակէտը։ Եթէ մեր յոյսը սահմանափակուած ըլլար միայն այս երկրի վրայ, ապա ամէն պահք, աղօթք եւ նեղութեանց հանդէպ համբերութիւն պիտի ըլլային տեսակ մը խենթութիւն։ Մենք կը պայքարինք մեղքին դէմ եւ կը կոխկրտենք մեր հպարտութիւնը, որովհետեւ գիտենք թէ մահը յաղթուած է, իսկ Տիրոջ գրկին մէջ սպասող փառքը արժանի է ամէն ճիգի. «այս ատենուան չարչարանքները արժանի չեն բաղդատուելու այն փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ» (Հռոմ. 8:18)։

Այս ուխտագնացութեան ընթացքին մենք առանձին չենք. մեզի հետ է Եկեղեցին իր աղօթքներով եւ սուրբ հայրերու ուսուցումներով, եւ ամէնէն առաջ՝ Մայր Մարիամի ներկայութեամբ, որ մեզմէ կը վանէ ամէն յուսահատութիւն եւ կը տանի դէպի իր Որդւոյն յարութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2026, 09:30