«Ուղեւորութիւն Տիեզերաց Թագուհիին Հետ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Կաթողիկէ Եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուի տօնելու Մարիամեան ամիսը, որ Տիեզերաց Թագուհին մեծարելու յատուկ ժամանակաշրջանն է: Հետեւաբար, միասնաբար ընթանանք այս հոգեւոր ճանապարհորդութեան՝ խորհրդածելով ստեղծագործութեան Թագուհի մեր Երկնային Մօր մասին:
Մեր ուղեւորութիւնը կը սկսի Աւետման պահով, որտեղ Մարիամի երկիւղած լռութիւնն ու իմաստուն բառերը մեզ կը մղեն սուզուելու անճառելի խորհուրդներու մէջ: Այստեղ կը տեսնենք Աստուծոյ սէրը, որ չի պարտադրեր, այլ կը հայցէ կամաւոր միութիւն: Մարիամի «Այո»-ն դարձաւ այն կամուրջը, որով Փրկիչը եկաւ մեզի, եւ այդ ընտրութեամբ Ան դարձաւ մեր հզօր Բարեխօսը:
Մարիամի աղօթքը վերացում մըն էր առ Աստուած՝ բացարձակ յոժարութեան ընդմէջէն: Անոր հոգին բարձրացաւ դէպի այն վսեմ գագաթները, որոնք սահմանուած էին փրկութեան աստուածային ծրագրով: Այդ պահուն յստակացաւ անոր բացառիկ դերը, զոր Աստուած վստահած էր իրեն:
Քալել Մարիամի հետ՝ կը նշանակէ սորվիլ խոնարհութիւն: Մարիամ արտայայտեց իր ճշմարիտ տեսլականը՝ գիտակցելով իր մարդկային փոքրութիւնը, զոր Աստուած ողողեց Իր ձրիաբաշխ պարգեւներով: Իր պատասխանով Ան ապացուցեց, որ ինք Տիրոջ հրամանին սպասող աղախինն է: Ան այլեւս չէր պատկաներ իր անձին այլ ամբողջութեամբ դարձաւ Աստուծոյ սեփականութիւն: Յոժարելով Սուրբ Հոգիի խորհուրդին՝ Ան դարձաւ Աստուածածին: Ան դարձաւ մեր բոլորին Մայրը, քանզի Յիսուսի մարդեղութեամբ սկսաւ Անոր հոգեւոր մայրութեան մեծ առաքելութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ յաւիտեան:
Երբ հրեշտակը հեռացաւ, Մարիամ մնաց Աստուծոյ հետ, բայց այս անգամ Աստուած Ինքն էր թաքնուած Անոր մէջ: Տիեզերքի Արարիչը, զոր երկինքը չի կրնար պարունակել, բնակեցաւ Կոյսին արգանդին մէջ: Ասիկա այն սքանչելի իրողութիւնն է, որուն մասին մարգարէացած էր Երեմիան՝ ըսելով. «Տէրը երկրի վրայ նոր բան մը ստեղծեց»:
Այս Մարիամեան ամսուան ընթացքին, մինչ մենք կը քալենք Մարիամի հետ, թող մեր հոգիները լեցուին այն լռակեաց հաղորդակցութեամբ եւ փոխադարձ ցնծութեամբ, որ գոյութիւն ունի Մօր եւ Մարմնացեալ Որդւոյն միջեւ:
Ո՛վ Մարիամ, Աստուածածին եւ Մայր ընտրեալներու, տարածէ՛ մեր վրայ քու գթառատ բարեխօսութեան քողը: Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ