Վաթսուն տարիներու ծառայութիւնը առաքելութեան, հաւատքի, հայ Եկեղեցւոյ, հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման նուիրական ճանապարհ է
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի 60-ամեայ յոբելեանին առիթով, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսութեան Թեմական Կառավարիչ Տ. Վարդան Թ.Ծ. Վրդ. Գազանճեան շնորհաւորական պատգամ յղած է որուն մէջ բարձր գնահատած է բաժնի վաթսունամեայ ծառայութիւնը՝ զայն նկատելով հաւատքի, հայ եկեղեցւոյ, հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման նուիրական առաքելութիւն։
Պատգամին մէջ շեշտուած է, թէ ներկայ թուայնացած աշխարհին մէջ հաղորդամիջոցներու դերը կենսական է, որովհետեւ անոնք ոչ միայն տեղեկութիւն կը փոխանցեն, այլ նաեւ ճշմարտութիւնը կը վկայեն եւ ժողովուրդները կը համախմբեն։ Այս ծիրին մէջ Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինը տասնամեակներ շարունակ եղած է յոյսի, խաղաղութեան եւ Աւետարանի ձայնը աշխարհասփիւռ հայութեան համար, մանաւանդ Խորհրդային Հայաստանի դժուար տարիներուն։
Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէներու Թեմական Կառավարիչը նաեւ արժեւորած է Վատիկանի Սուրբ Աթոռին եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ գոյացած սերտ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ Սրբազան Պապերու պատգամները հայերէնով հասանելի դարձած են հայ ժողովուրդին։
Ի վերջող Ան Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին անունով իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է անցեալի եւ ներկայի բոլոր տնօրէններուն ու աշխատակիցներուն՝ մաղթելով, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ Ռատիօ Վատիկանի հայկական ձայնը շարունակէ հնչել հզօր, ջերմ եւ մխիթարիչ կերպով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ