Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (90)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Եփեսոսի Տիեզերական երրորդ ժողովին:

Ղ. Հաղորդում             

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Եփեսոսի Տիեզերական երրորդ ժողովին:

Տիեզերական երրորդ ժողովը, գումարուեցաւ քանի մը նիստերով Եփեսոսի մէջ 431 թուականին, Բիւզանդական Թէոդոսիոս Բ. «Փոքր» կայսեր հրամանով, Աստուածամօր եկեղեցւոյ մէջ, 200 Հայրապետներու մասնակցութեամբ: Եփեսոսի ժողովի գլխաւոր վէճի նիւթը անմիջականօրէն առնչուած էր Սուրբ Կոյս Աստուածածնայ եւ իր ունեցած դերակատարութեան՝ Աստուածորդւոյն մարդեղութեան խորհուրդին մէջ: Եփեսոսի ժողովը կանխող շրջանին Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը` Կիւրեղ Աղեքսանդրացի, կը հետեւէր Աղեքսանդրեան դպրոցի ուսուցումներուն, իսկ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքը` Նեստոր, կը հետեւէր Անտիոքեան դպրոցին, եւ անշուշտ երկուքն ալ ունէին իրենց հետեւորդները:

Նեստոր Կ. Պոլսոյ Պատրիարքը ծննդեամբ Ասորիքէն էր և իր կրթութիւնն ստացած էր Անտիոք, աշակերտելով նշանաւոր Թէոդոր Մոպսուեստացիին, և դարձած էր նախ վանական և ապա երէց: Ան մեծ համբաւ կը վայելէր իբրեւ փայլուն ճառախօս. այնպէս որ երբ 428-ին, Կ.Պոլիս կանչուեցաւ իբրեւ եպիսկոպոս, շատերն կը սպասէին երկրորդ Ոսկեբերան մը տեսնել անոր անձին մէջ, որովհետեւ իր քարոզները Յովհան Ոսկեբերանի քարոզներուն կը նմանցնէին։

Կոստանդնուպոլիս ժամանելէն անմիջապէս յետոյ, Անաստաս անունով քահանայ մը, որ Նեստոր իր հետ բերած էր, Եկեղեցւոյ մէջ խառնիճաղանճ աղանդ մը կը յարուցանէ, քարոզելով թէ Մարիամը մարդ էր եւ այդ իսկ պատճառով չէր կրնար Աստուած ծնանիլ։ Ուստի, ժողովուրդին կը պատուիրէ Մարիամը «Աստուածածին» չկոչել, այլ՝ «Քրիստոսածին»։ Սակայն ժողովուրդը այս նոր մտքին չի համաձայնիր։ Իսկ Նեստոր Ծննդեան օր մը քարոզի ընթացքին, Պօղոս Սամոստացիի խօսքերը օրինակ առնելով՝ կ՚ըսէ, թէ Մարիամ Աստուած չէ ծնած, մարմինէն ծնողը մարմին է, արարածը կարելի չէ որ արարիչ ստեղծէ, այլ՝ մարդ։

Ուրիշ ատեն, դարձեալ քարոզի ընթացքին կ'ըսէ, թէ Աւետարանի մէջ Քրիստոսի համար ըսուած է, թէ Ան ոչ թէ Աստուած է, այլ Քրիստոս, Որդի եւ Տէր։ Նեստոր իր հմայիչ քարոզներով կը կարողանայ ժողովուրդն ու կայսրը իր կողմը քաշել։ Այդ օրերուն, Եկեղեցւոյ մէջ Եւսեբիոս անունով փաստաբան մը կար, որ լաւ գիտէր ճշմարիտ հաւատքի դաւանանքը։ Բոլորին նամակ կը գրէ՝ Նեստորը հերետիկոս անուանելու համար, որ միաժամանակ Պօղոս Սամոստացիին գաղափարակից էր։

Նշենք, թէ Պօղոս Սամոստացի Պաւղիկեան աղանդի հիմնադիրն էր։ Կարգ մը պատմիչներ կը կարծեն, թէ այս Պօղոսը հայ եղած է, իսկ ոմանք կը մերժեն։ Լուրը Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ Եպիսկոպոսին կը հասնի, որ իր հերթին շրջաբերական նամակ մը կը հրապարակէ եւ Քրիստոսը Աստուած ու Մարիամը Աստուածածին կը դաւանի։

Այսպիսով, թղթակցութիւններ կը սկսին Կիւրեղի, Նեստորի եւ Կեղեստինոս Ա.ին Հռոմի Պապին միջեւ։ Կիւրեղ Պապէն լիազօրութիւն ստանալով՝ գրաւոր յայտարարութեամբ կը պահանջէ, որ Նեստոր տասը օրուան ընթացքին հրաժարի իր մտքերէն, այլապէս Եկեղեցիէն պիտի մերժուի։ Այդ ժամանակ, Կայսրը ճշմարիտ հաւատքը վերահաստատելու նպատակաւ՝ հրաւիրագիր կը ղրկէ ամէնուրեք Եփեսոսի մէջ տիեզերական ժողով մը գումարելու:

Ի վերջոյ, Ժողովի վճիռը կը դատապարտէ Նեստորը 198 եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ, զոր կ'ընդունուի Կայսեր կողմէ եւ կը հաստատուի Պապին կողմէ, բայց անոր որոշումները տեղի կու տան Նեստորական հերձուածին եւ Արեւելքի Ասորական Եկեղեցւոյ բաժանումին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիէն։ Այսպէս, Եփեսոսի ժողովը իբրեւ տիեզերական կ'ընդունուի Կաթողիկէ, Յոյն Ուղղափառ, Արեւելեան Ուղղափառ, եւ կարգ մը աւանդական բողոքական եկեղեցիներու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2026, 08:04