Լիբանան. Յունաց Մելքիթ կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը պահանջեն կասեցնել սահմանամերձ գիւղերու քանդումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լիբանանի Յունաց Մելքիթ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սինոդը, Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, մայիս 4-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը իր «խոր ցաւն ու մտահոգութիւնը» յայտնեց Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ գիւղերուն, յատկապէս Եարուն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող քանդումներուն գծով։
Յարձակում մարդկային արժանապատուութեան վրայ
Յայտարարութեան մէջ կը նշուիր որ իսրայէլեան ուժերու կողմէ իրականացուած այս քանդումները կը թիրախաւորեն կրօնական վայրեր, դպրոցներ եւ բնակելի տուներ։ Եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ այս արարքները «խոր վէրք են ազգային եւ մարդկային խղճին», մանաւանդ որ անոնք կը կատարուին այնպիսի գօտիներու մէջ, որոնք պարպուած են բնակիչներէ եւ կը գտնուին զինուորական բացարձակ հսկողութեան տակ։
«Եկեղեցիները, դպրոցներն ու տուները աղօթքի, կրթութեան եւ ծառայութեան վայրեր են։ Անոնց վրայ յարձակիլը կը նշանակէ հարուածել մարդկային արժանապատուութեան եւ սեփական հողին ու տան մէջ ապրելու իրաւունքին», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Համատարած աւեր եւ տառապանք
Սինոդը ընդգծեց, որ Եարունի մէջ պատահածը եզակի դէպք չէ, այլ մաս կը կազմէ քանդումներու լայնածաւալ ծրագրի մը, որ կը հարուածէ հարաւային սահմանի բազմաթիւ գիւղեր՝ աւելի եւս ծանրացնելով տեղացի ժողովուրդին տառապանքը։ Եպիսկոպոսները յայտարարեցին, որ սահմանամերձ գիւղերու ցաւը «ամբողջ Լիբանանի ցաւն է»։
Միջազգային միջամտութեան կոչ
Յունաց Կաթողիկէ եկեղեցին անմիջական կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) եւ միջազգային հաստատութիւններուն, որպէսզի․
Գործնական քայլերու ձեռնարկեն՝ պաշտպանելու համար քաղաքացիներն ու անոնց սեփականութիւնները։
Կասեցնեն քանդումները, որպէսզի բնակիչները կարենան ապահով կերպով վերադառնալ իրենց օճախները։
Թոյլ չտան, որ սահմանամերձ գիւղերը մատնուին լռութեան, աւերածութեան կամ մոռացութեան։
Յայտարարութեան աւարտին եկեղեցականները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ մնալու ժողովուրդի կողքին, պաշտպանելու անոնց իրաւունքները եւ աղօթելու արդար խաղաղութեան համար, որ պիտի վերականգնէ կեանքը իւրաքանչիւր տան եւ գիւղի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ