Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Սուրբ Ղազարի մէջ՝ ձեռամբ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի
11 ապրիլ 2026-ին, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանը, Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւորներու հրաւէրով եւ խնդրանքով, Վենետիկի Սուրբ Ղազար Մայրավանքին մէջ կատարեց Եղբ. Առաքել Քալանթարեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Ասիկա Սրբազան Հօր կատարած առաջին սարկաւագական ձեռնադրութիւնն էր։ Ձեռնադրեալ վանական եղբայրը, որ արդէն անցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականներու դասը, ծնունդով Հայաստանէն է եւ Մխիթարեաններու առաջին հայաստանցի կոչումն է, որ ստացաւ ձեռնադրութիւն եւ կ'ընթանայ դէպի քահանայութիւն։
Սրբազան Հայրն իր քարոզին մէջ ըսաւ հետեւեալը.
«Այսօր ուրախութիւն եւ ցնծութիւն է Մխիթարեան միաբանութեան համար, նաեւ եղբայր Առաքելի հարազատներուն համար, մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, վերջին 13 տարուան տեսուչներու, մեծաւորներու, համալսարանի դասախոսներու համար, որոնք ընկերացան եղբայր Առաքելի քայլերուն՝ զինք այս վայրկեանին արժանացնելու համար:
Եղբա՛յր Առաքել, այսօր յատկանշական օր է քեզի համար, որ պիտի դրոշմէ քու կեանքդ: Մինչեւ այսօր ինչ-որ պայմանաւորուածութիւն մը կար Տիրոջ եւ քու միջեւ: Պայմանաւորուածութիւնը այն էր, որ քու ականջիդ հնչեց ձայն մը. «Թո՜ղ ամէն բան ու եկո՜ւր իմ ետեւէս»: Այս պայմանաւորուածութիւնը տեւեց 13 տարի: Ժամանակաւոր պայմանաւորուածութիւն էր, որ այսօր հասաւ իր աւարտին: 13 տարուան ընթացքին քու դաստիարակներդ քու շուրջդ էին, ընկերացան քու ամչկոտ քայլերուդ եւ Աստուծոյ Խորանին առջեւ վերջին շրջանին կողմնորոշուեցան, որ արժանի ես: Դուն ալ այդ ձայնին հաւատարիմ մնացիր այդ 13 տարիներու ընթացքին, համապատասխանեցիր Աստուծոյ շնորհքին:
Այսօր քու եւ Աստուծոյ միջեւ ուրիշ պայմանաւորուածութիւն մը պիտի սկսի, որ առանց ժամկէտի է. պիտի տեւէ մինչեւ կեանքիդ վերջին օրը: Այս պայմանաւորուածութիւնը քեզմէ պիտի խնդրէ հաւատարմութիւն, ըլլալ քիչ մը աւելի գիտակից, հսկող, զգոյշ. հաւատարմութիւն այն կոչին, որ այսօր՝ առաջին եկեղեցական աստիճանը ստանալով, կը դառնաս եկեղեցական, ինչ որ ծանր պատասխանատուութիւն է. հաւատարմութիւն այս վանքին, Մխիթարեան միաբանութեան բոլոր Հայրերուն, հաւատարմութիւն սարկաւագի աստիճանին: Սարկաւագութիւնը երեք տեսակի ծառայութիւն է. Աստուծոյ խօսքին ծառայութիւն, սիրոյ ծառայութիւն եւ համայնքին ծառայութիւն: Այս ամէնը քու ուշադրութեանդ կը յանձնեմ:
Մեր բոլորին յոյսն է, մաղթանքն է, աղօթքն է, որ քեզի հետ շփուողը ներշնչուի քեզմէ, ունենայ քու քաջութիւնդ՝ ըսելու Տիրոջ ձայնին. «Քու ծառադ եմ, ո՜վ Տէր: Ամէն»:
Բարեշնորհ Առաքել սարկաւագ Քալանթարեանի կենսագրութիւնը
Եղբ. Առաքել (աւազանի անունով՝ Արթուր) Քալանթարեանը ծնած է 1 յունիս 1995-ին, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չորաթան գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Չորաթանի Արթուր Ուդումեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ (2002–2009)` միաժամանակ յաճախելով գիւղին մէջ գործող «Մխիթարեան» երիտասարդական կեդրոնը: 2009-ին ուսումը շարունակած է Աւանի (Երեւան) Մխիթարեան ընծայարանին մէջ, ուր 2013-ին աւարտած է միջնակարգ կրթութիւնը։
Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած է Հայր Յովսէփ Վրդ. Պեհեսնիլեանի առաջնորդութեամբ: 2010 թուականին ստացած է Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդները՝ լիարժէքօրէն անդամակցելով Եկեղեցւոյ կեանքին:
2013-2015 թուականներուն անցած է կրօնական կեանքին նախապատրաստուելու փուլը՝ ստանձնելով նաեւ ընծայարանի սաներու դաստիարակչական պատասխանատուութիւնը:
1 նոյեմբեր 2015-ին ժամանած է Վենետիկ՝ Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանք եւ սկսած է իր հայցուորութեան (aspirantato) շրջանը: 2016-2018 թուականներուն անցած է նորընծայութեան (noviziato) շրջանը՝ երեք ամիս Սուրբ Ղազարի ընծայարանին մէջ, ապա եօթը ամիս (մինչեւ յունիս 2017)` Վենետիկի Ռետենթորէի Կափուչին հայրերու վանքին մէջ, Հ. Անտոն Վրդ. Գրիգորեանի մեծաւորութեամբ։
9 սեպտեմբեր 2018-ին ընդունած է կրօնաւորական ժամանակաւոր ուխտերը: Այնուհետեւ ուսանած է փիլիսոփայութիւն (2018–2020) Վենետիկի «Marcianum» պատրիարքական ճեմարանին մէջ, իսկ աստուածաբանական կրթութիւնը (2020–2023) շարունակած է Ֆրանչիսկեան Կափուչին եղբայրներու «Laurentianum» աստուածաբանական հիմնարկին մէջ:
2 մարտ 2021-ին ստացած է փոքր աստիճաններ եւ կիսասարկաւագութիւն: 7 սեպտեմբեր 2021-ին ընդունած է կրօնական մշտնջենաւոր ուխտը՝ վերջնականապէս նուիրելով կեանքը Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ: 2023-2024 թուականներուն մասնակցած է հովուական առաքելութեան պատրաստութեան՝ խորացնելով փորձառութիւնը եկեղեցական ծառայութեան մէջ:
2023 թուականէն մինչեւ օրս Վենետիկի Սուրբ Ղազար Մխիթարեան մայրավանքին մէջ ստանձնած է Ընդհանուր Մատակարարի օգնականի պաշտօնը:
Աղբիւրը՝ Դիւան Առաջնորդութեան Կաթողիկէ Հայոց 13 ապրիլ 2026թ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ