ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (61)
61.- ՄԽԻԹԱՐ ԴԷՊԻ ՎԵՆԵՏԻԿ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ
Հ. Յովհաննէս Վարդապետը ինը նորօծ քահանաներուն հետ միասին շատ հաւանաբար 1715ի Յունուար ամսուն կը վերադառնան Մեթոն։ Անոնք էին Հ. Գաբրիէլ Կարնեցի, Հ. Միքայէլ Վարդերեսեան, Հ. Յակոբ Բուզայեան, Հ. Գրիգոր Քանաքեռցի, Հ. Յովսէփ Պրուսացի, Հ. Փիլիպպոս Մարտիրոսեան, Հ. Ստեփանոս Պետրոսեան, Հ. Մատթէոս Գարագաշեան եւ Հ. Յովհան Կոստանդնուպոլսեցի։ Մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ Մեթոնի վանքին մէջ, սակայն ցնծութիւնը թախիծով խառն էր, քանի որ պատերազմի գոյժը միշտ աւելի մօտալուտ էր։
Մորէայի Ընդհանուր Կուսակալը՝ Ալեսսանդրոյ Պոն, թոյլատրած էր որ Մխիթար Աբբահայրը տասնմէկ միաբաններու հետ միասին կարենար մեկնիլ Մեթոնէն, հոն մնացողներուն վրայ Մեծաւոր մը կարգելով եւ վանքը անբնակ չձգելու պայմանով։ Մխիթար իր առաջիկաներուն հետ միասին խորհրդակցելով կ՚որոշէ եօթ հոգի թողուլ վանքը, Ակնեցի Հ. Ղազար Գործակալը նշանակելով իրեն փոխանորդ, Փոխ-Աբբայ տիտղոսով։ Կոստանդնուպոլսեցի Հ. Մանուէլ Վրդ. Խուպեարեանը, Սեբաստացի Հ. Թովմաս Վրդ. Թէոդորոսեանը, Կոստանդնուպոլսեցի Հ. Յակոբ Բուզայեանը եւ երեք եղբայրներ, Եւդոկիացի եղբայր Տիրացուն՝ Յովհաննէս սարկաւագ Մեսրոպեանը, Սեբաստացի եղբ. Մարկոս Ստեփանոսեանը եւ Եւդոկիացի եղբ. Մկրտիչ Միքայէլեանը։ Այս եօթ միաբաններն ալ սիրայօժար կ՚ընդունին Աբբահօր որոշումը, այնպէս որ իրենց հնազանդութեան հոգին եւ Աստուծոյ փառքին ու հասարակութեան բարիքին համար ինքնազոհութիւնը՝ նուիրումի եւ արիութեան ցայտուն եւ վառ օրինակ են առ այսօր։
Փետրուար 20ին նաւահանգիստ կը մտնեն արեւելքէն արեւմուտք գացող երկու վաճառականական նաւեր։ Մխիթար կ՚աճապարէ անոնցմէ մէկուն նաւապետին հետ համաձայնիլ, սակարկելով 24 վենետկեան դահեկան վճարել՝ մինչեւ Վենետիկ երթալու համար տասներկու հոգիով, իւրաքանչիւրը իր մահիճով եւ սնտուկով մը։ Մխիթար Աբբահայր անմիջապէս կը հրահանգէ ճամբորդութեան պատրաստութիւնները տեսնել, մէկտեղ հաւաքելով տանելիք ապրանքները եւ արկղերու մէջ տեղաւորելով միայն անհրաժեշտը։ Նախ կը տեղաւորեն ձեռագիրները եւ դասագիրքերը, եկեղեցական սպասքներէն՝ չորս շուրջառ եւ երկու սկիհ, ճաճանչազարդ արծաթէ սրբատուփն ու չորս արծաթէ փոքր կանթեղ։ Նաւապետին համաձայնութեամբ հետերնին կ՚առնեն նաեւ առատ պարէն, ալիւր, ձէթ, գինի եւ պաքսիմատ այնքան շատ՝ որ ժամանակագիրը կ՚ըսէ «երկու ամիս ուտելու բաւարարեց» (1715 §4)։
Մխիթար Աբբահայր պահեստաւորած մեծ գումար մը չունէր, եղածէն 250 դահեկան հետը կ՚առնէ, տասներկու հոգիի աննախատեսելի տեղափոխութեան համար եւ մնացած քսակ մը դրամը կը յանձնէ Հ. Ղազար Ակնեցիին, Մեթոն մնացողներուն ապրուստին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ