Խաղաղութեան խոնարհ առաքեալը Ափրիկէի մէջ՝ որպէս տկարին պաշտպան
Քահանայապետին Ափրիկէ կատարած այցելութիւնը պարզ ճամբորդութիւն մը չէ, այլեւ հոգեւոր եւ մարդկային խորունկ պատգամ մըն է՝ ուղղուած համայն աշխարհին եւ յատկապէս 21րդ դարու մեր տեղական եկեղեցիներուն։ Այս առաքելութիւնը կարելի է ամփոփել երեք կէտերով։
Զգացական եւ միաբանական իրականութիւն
Այս այցելութեան առաջին մակարդակը ունէր խիստ անձնական եւ միաբանական բնոյթ։ Քահանայապետը, ըլլալով Օգոստինեան Միաբանութեան անդամ, այս ուղեւորութեամբ քալեց Սուրբ Օգոստինոսի հետքերով։ Այստեղ մենք ականատես եղանք բացառիկ տեսարանի մը. Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գլուխը մեծագոյն խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ ծնրադրեց իր Միաբանութեան հիմնադիրին եւ Եկեղեցւոյ մեծանուն հօր առջեւ։ Այս արարքը յիշեցում մըն է բոլորիս, որ իսկական իշխանութիւնը կը բխի խոնարհութենէն եւ սեփական արմատներուն հանդէպ ունեցած յարգանքէն ու երախտագիտութենէն։
Ցամաքամասի մը պաշտպանութիւնը
Քահանայապետին յայտարարութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ ան Ափրիկէ մեկնած էր որպէս ամբողջ ցամաքամասի մը իրաւունքներու պաշտպանը։ Անոր ձայնը դարձաւ արձագանգն անոնց, որոնք ձայն չունին։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին, յանուն խաղաղութեան, ան կատարեց իր ամենազօրաւոր յայտարարութիւնները՝ ուղղուած աշխարհի հզօրագոյն քաղաքական ուժերուն։
Դէմ յանդիման կանգնելով այդ ուժերուն՝ ան խստիւ քննադատեց շահագործման բոլոր ձեւերը եւ պաշտպանեց տեղական մշակոյթներու անձեռնմխելիութիւնը։
Ան չվարանեցաւ բացայայտօրէն դատապարտելու աշխարհի հզօրները՝ ըսելով. «Ձեռքերնիդ քաշեցէ՛ք Ափրիկէէն... անիկա կողոպտուող տարածք մը չէ»։ Այս խիզախ կոչով ան դարձաւ պաշտպանը այն մշակոյթներուն եւ տկար մարդկութեան, որոնք զոհ կ'երթան քաղաքական եւ տնտեսական շահախնդրութիւններուն։
Քահանայապետը այցելեց Ափրիկէ, որովհետեւ անոր սիրտը կը բաբախէ հոն, ուր կայ ամենէն տկարները՝ անոնք, որոնք լքուած են միջազգային հանրութեան կողմէ։ Հոն ուր կ՚ապրին ամենէն շահագործուածները՝ այն ժողովուրդները, որոնց հարստութիւնը կը յափշտակուի, իսկ արժանապատուութիւնը կը նուաստացուի եւ ոտնակոխ կ՚ըլլայ։
Այս այցով ան աշխարհին յիշեցուց, որ Եկեղեցին պարտաւոր է ըլլալու հոն, ուր մարդկային տառապանքը ամենէն խորն է, եւ պէտք է համարձակութիւն ունենայ ճշմարտութիւնը խօսելու հզօրներու դիմաց։
Պատգամ՝ տեղական Եկեղեցիներուն
Այս առաքելութիւնը զօրաւոր պատգամ մը ունի աշխարհատարած տեղական Եկեղեցիներուն համար, որոնք դարեր շարունակ ճաշակած են հալածանքի եւ տկարութեան դառնութիւնը։ Անոնք այսօր կը հրաւիրուին վերանորոգելու իրենց ծառայութեան ուխտը։ Քահանայապետին խոնարհութիւնը մեզի կը պատգամէ ձերբազատիլ փառամոլութենէ եւ կեդրոնանալ իսկական հոգեւոր արժէքներուն վրայ։ Անոր քաջ կեցուածքը ի նպաստ տկարներուն՝ մեզ կը մղէ ըլլալու աւելի զգայուն մեր շրջապատի կարիքաւորներուն հանդէպ, որոնք կը ներկայանան մեզի զանազան մակարդակի եւ տեսակի կարիքներով, չմոռնալով մեր սեփական ժողովուրդի տկարագոյն խաւերը եւ մեզի ամենամօտ գտնուող տկարները։
Հուսկ՝ Քահանայապետին ափրիկեան այս առաքելութիւնը վառ ապացոյցն է այն իրողութեան, որ Քրիստոսի սէրը որեւէ սահման կամ արգելք չի ճանչնար։ Անոր այցը համամարդկային հրաւէր մըն է բոլորիս՝ դառնալու Աւետարանի խոնա՛րհ մշակները եւ արդարութեան անվեհեր պաշտպանները։ Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք կոչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան կերտիչներ եւ մարդկային արժանապատուութեան ջահակիրներ՝ ի խնդիր աշխարհի անդորրութեան ու համայն մարդկութեան բարօրութեան։
Իսթանպուլ, 20 Ապրիլ 2026
Հ. Վարդան Թ. Ծ. Վ, Գազանճեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ