Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա  (© Custodia di Terra Santa)

Կարդինալ Փիցապալլա. Լիբանանի մէջ խաչելութեան պղծումը ծանր վիրաւորանք է քրիստոնէական հաւատքին

Երուսաղեմի Լատին Պատրիարքի ստորագրութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ, Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետերը կը դատապարտեն հարաւային Լիբանանի գիւղերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած դէպքը եւ կը պահանջեն անյապաղ պատժական միջոցներ ձեռնարկել պատասխանատուներուն դէմ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Կրօնաւորներու Համագումարը  խստօրէն դատապարտեց իսրայէլեան բանակի զինուորի մը կողմէ կատարուած սարսափելի արարքը։ Համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս զինուորը մուրճով բազմաթիւ հարուածներ կը հասցնէ Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան արձանին։ Լիբանանի հարաւը գտնուող Տեպլ քրիստոնէական գիւղին մէջ տեղի ունեցած այս պղծումը յառաջացուցած է միջազգային հանրութեան զայրոյթն ու բողոքը։

Յանուն Երուսաղեմի Լատին Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթիսթա Պիցապալլայի, Համագումարը, որ կը համախմբէ լատին, մելքիթ, մարոնի, հայ, ասորի եւ քաղդէացի կաթողիկէ եկեղեցական առաջնորդները, հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ պահանջելով անմիջական քայլեր։

Անյապաղ պատժական միջոցներու պահանջ

«Այս արարքը ծանր վիրաւորանք է քրիստոնէական հաւատքին եւ կը միանայ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլացի զինուորներու կողմէ քրիստոնէական խորհրդանիշներու պղծման այլ դէպքերուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։ Ըստ եկեղեցական պետերուն՝ այս արարքը ցոյց կու տայ բարոյական եւ մարդկային դաստիարակութեան մտահոգիչ պակաս մը, ուր նոյնիսկ սրբութեան հանդէպ տարրական յարգանքը բացակայ է։ Համագումարը կը պահանջէ պատասխանատուութեան կանչել մեղաւորները եւ երաշխիքներ տալ, որ նման վարքագիծ այլեւս չի հանդուրժուիր։

Խաչը՝ արժանապատուութեան եւ յոյսի աղբիւր

Կարդինալ Փիցապալլան վերահաստատեց Խաչին անձեռնմխելի նշանակութիւնը՝ յիշեցնելով Պօղոս Առաքեալի խօսքերը. «Քաւ լիցի, որ ես պարծենամ այլ բանով, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով» (Գաղ. 6:14)։ Հաւատացեալներուն համար Խաչը կը մնայ յոյսի աղբիւր եւ հրաւէր՝ սիրոյ միջոցով յաղթահարելու բռնութիւնը։ Եկեղեցին կը շարունակէ քարոզել, որ իսկական խաղաղութիւնը չի կրնար ծնիլ զէնքի ուժով, այլ պէտք է ըլլայ «զինաթափուած»՝ հիմնուած երկխօսութեան վրայ։

Պատերազմի դադրեցման կոչ

Յայտարարութիւնը կ'աւարտի Սուրբ Երկրի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի դադրեցման նոր կոչով։ Կարդինալը յորդորեց ընթանալ այնպիսի ուղիով, ուր խաղաղութիւնը կը դրսեւորուի զսպուածութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի ու սրբութեան հանդէպ յարգանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 10:39