ISRAEL-PALESTINIAN-RELIGION-CHRISTIANITY-CATHOLIC-EASTER

Հակամարտութիւններու ատեն բուժել վէրքերը՝ ներումի քաջութեամբ․ Կարդինալ Փիցցապալլա

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքը, թեմին ուղղուած հովուական նամակի մը մէջ (զոր պիտի հրատարակուի առանձին հատորով 8 Մայիսին), կ'անդրադառնայ պատերազմական իրավիճակին եւ Սուրբ Երկրի մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան. «Այս աւերածութեան մէջ, քրիստոնէական համայնքները կը մնան յոյսի շօշափելի նշան եւ կենսունակութեան ու եղբայրութեան խիզախ փորձառութիւններ՝ շնորհիւ նաեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ մշտական հոգեւոր եւ գործնական մօտիկութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Ինչպէ՞ս ապրիլ որպէս քրիստոնեայ այն հակամարտութեան պայմաններուն մէջ, որուն դիմաց կանգնած է Սուրբ Երկիրը»։ Այս հարցումին կը փորձէ պատասխանել  Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան, թեմին ուղղուած հովուական նամակի մը մէջ, որուն տիտղոսն է «Մեծ ուրախութեամբ Երուսաղէմ վերադարձան։ Սուրբ Երկրի մէջ Եկեղեցւոյ կոչումով ապրելու առաջարկ»։

Յիրաւի, այդ ընդարձակ փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուի «խորհրդածութեան նախնական առաջարկ մը»՝ զարգանալու համար «փոխադարձ քննարկումներու միջոցաւ», «պայմանաւ որ շարժառիթը ըլլայ իւրաքանչիւրիս հանդէպ Աստուծոյ կամքը հասկնալու անկեղծ փափաքը»։ Բնագիրը՝ իտալերէնով, գրախանութներ պիտի հասնի երկուշաբթի, 8 Մայիսին, հրատարակութեամբ «Libreria Editrice Vaticana»ի, կ'ուսումնասիրուի նաեւ զայն այլ լեզուներով հրատարակելու կարելիութիւնը։

Բեկումնային իրադարձութիւններ

Նամակին մէջ կը նշուի, որ  7 Հոկտեմբերը եւ Կազայի պատերազմը վերջ դրին նախկին աշխարհակարգին՝ սկիզբ տալով նոր եւ աւելի դաժան իրականութեան մը․ «Այն ինչ որ կ'ապրինք,– կը նկատէ Պատրիարքը,– միայն տեղական հակամարտութիւն մը չէ, այլ համաշխարհային մակարդակի վրայ արժեչափերու փոփոխութեան ախտանիշ է»։ Կանոններու, դաշնագիրերու եւ բազմակողմանիութեան վրայ հիմնուած միջազգային կարգը ակնյայտօրէն տկարացած է եւ «ականատես ենք ուժի վերադարձին՝ որպէս ամէն տեսակ վէճ լուծելու վճռական գործիք,– կ'աւելցնէ Կարդինալը,– Պատերազմը դարձած է կռապաշտական պաշտամունքի առարկայ», ուր մարդկային կեանքը այլեւս արժէք չունի եւ կը գործածուի որպէս քաղաքական գործիք, մինչդեռ համաշխարհային որոշ գերտէրութիւններ չեն մտածեր արդարութեան մասին, այլ ՝սեփական ռազմավարական եւ տնտեսական շահերու։

Քաոսին հետեւանքները

«Ասիկա պատերազմ մըն է, որ կը մղուի նաեւ բառերով ու պատկերներով,– կը նկատէ Պատրիարքը,– հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ զանազանել լրատուութիւնը քարոզչութենէն։ Պատերազմի հետեւանքով առաջացած «քաոսի» ծանր հետեւանքներն են՝ ատելութեամբ ու անվստահութեամբ թունաւորուած յարաբերութիւններու քայքայումը, որոնք կ'ընդլայնուին ընկերային ցանցերու ալկորիթմներուն պատճառաւ, ինչպէս նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան տագնապը՝ «ինքնութեան շահարկումներով»․ «Սուրբ Վայրերը, որոնք պէտք է ըլլային աղօթքի տարածքներ,– կը հաստատէ Փիցցապալլա,– կը դառնան ինքնութեան պայքարի ռազմադաշտեր, իսկ սուրբ գիրերը կը գործածուին արդարացնելու համար բռնութիւնը,  տարածքներու գրաւումը եւ ահաբեկչութիւնը։ Աստուծոյ անուան այս չարաշահումը մեր ժամանակի ամենածանր մեղքն է»։

Եկեղեցւոյ պատասխանները

Այս իրավիճակէն ներս տեղական Եկեղեցին կանչուած է պատասխաններ տալու բազմատեսակ իրականութիւններուն․

Կազայի մէջ քրիստոնեաները «ընկղմուած են ծայրայեղ տառապանքի վիճակի մը մէջ, բայց Սուրբ Ընտանիքի ծխական համայնքը եւ Քարիթասը կը մնան Քրիստոսի Դէմքը՝ սարսափի մէջտեղ»։

Պաղեստինի մէջ, լուռ եւ կառուցուածքային ձեւով, կ'որոշուի իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան ապագան։ Տարածքներու մնայուն բռնագրաւման ու իրաւական պետութեան բացակայութեան պատճառաւ բռնարարքներու այս ընթացքը պիտի խլէ «արդար եւ փոխադարձաբար ընդունելի լուծման ամէն կարելիութիւն», կը զգուշացնէ Պատրիարքը։

Իսրայէլի մէջ «կ'աւելնան ընկերային խտրականութիւնը, տնտեսական անհաւասարութիւնները եւ անապահովութիւնը՝ յանցագործութիւններու պատճառով, ինչ որ կը զօրացնէ արտագաղթելու փորձութիւնը։ Հրեայ կաթողիկէ համայնքի ձայնը անլսելի է այսպիսի բեւեռացուած վէճի մէջ։

Այս ամայութեան մէջ, քրիստոնէական համայնքները «կը մնան յոյսի շօշափելի նշան եւ կենսունակութեան ու եղբայրութեան խիզախ փորձառութիւններ՝ շնորհիւ նաեւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ մշտական հոգեւոր եւ գործնական մօտիկութեան՝ Ֆրանչիսկոս Պապէն եւ Լեւոն ԺԴ․էն սկսեալ մինչեւ ամենափոքր ու ամենաաղքատ թեմերը», կը շարունակէ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքը։

Սուրբ Քաղաքին պատկերը

Պատրիարքը այլ մէկ հարցում կ'ուղղէ՝ թէ արդեօք Եկեղեցին քաջութիւն ունեցա՞ւ ճշմարտութիւնը խօսելու, թէ՞ զգուշաւորութենէն դրդուած նախընտրեց պարզապէս իր կառոյցները պահպանել։ «Ասիկա հարցում մըն է, որ ամէն օր կ'ընկերակցի ինծի եւ որուն պատասխանելը երբեք դիւրին չէ», կը նշէ ան։ Ապա՝ կ’անդրադառնայ Երուսաղէմի հոգեւոր եւ բարոյական դերին․ Երուսաղէմը պէտք չէ տեսնել միայն որպէս քաղաքական վէճի առարկայ, այլ, ինչպէս նշուած է Սուրբ Գիրերու մէջ, այն «Աստուծոյ Յայտնութեան վայրն է ու բոլոր ժողովուրդներու համար աղօթքի տունը»։ «Տարբեր հաւատքի համայնքներու զգայնութեամբ արտայայտուած այս ուղղահայեաց հարթութեան՝ Աստուծոյ գերակայութեան անտեսումը, պատճառ դարձած է եւ պիտի դառնայ համակեցութեան ամէն տեսակ համաձայնութեան ձախողութեան»,  կը զգուշացնէ ի վերջոյ Կարդինալ Փիցցապալլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2026, 09:00