2023.09.01 Il Patriarca Minassian visita il capo della chiesa armena evangelica di Aleppo

Լիբանանը կ’ապրի աննախադէպ տագնապ մը. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.

«Ասիկա լոկ տեղական հարց չէ, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի տագնապն է» ըսած է Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. դիտել տալով թէ մինչ համաշխարհային մեծ տէրութիւնները իրենց քաղաքական հաշիւները կը կատարեն, «Այդ հաշիւներուն գինը կը շարունակեն վճարել ամենէն փոքրերն ու անմեղները»։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը, իտալական «Ճորնալէ տի Պրեշա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացին հաստատած է` որ «Լիբանանը կ’ապրի աննախադէպ տագնապ մը, որ աւելիով աճեցաւ վերջին զինուորական բախումներուն պատճառաւ», նկարագրելով ժողովուրդ մը, որ հասած է իր ուժերու սպառման եզրին՝ ճնշուած տնտեսական փլուզումէն եւ պատերազմի հետեւանքներէն։

«Մայրիներու երկրին մէջ, ժողովուրդը քանի մը տարուան ընթացքին նախ կորսնցուց իր ամբողջ կեանքի խնայողութիւնները դրամատուներուն մէջ, ապա սկսաւ մեռնիլ երկինքէն տեղացող ռումբերուն տակ՝ թէ՛ ցերեկ եւ թէ՛ գիշեր։ Հակառակ ասոր, լիբանանցի ժողովուրդը տակաւին կը մնայ միասնական։ Մահմետականներն ու քրիստոնեաները միասին են՝ իբրեւ աւելի գիտակից ազգայնականութեան մը նշան։ Ընդհակառակը, պատերազմին բերումով կրօնական տարբերութիւնները դադրած են խնդիր ըլլալէ» ըսած է ի միջի այլոց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը։

Ան ապա նշած է` որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաստատուած վերջին զինադադարը յոյսի նշոյլ մը կ’արթնցնէ, սակայն կը մնայ դիւրաբեկ։

Թէ «ի՞նչ ապագայ կը սպասէ Միջին Արեւելքին եւ Լիբանանին» հարցումին պատասխանելով Պատրիարքը նշոյլ մը լաւատեսութիւն յայտնելով հանդերձ հաստատած է` թէ այսօր լուծումներ չեն տեսնուիր «այս չափազանց մեծ չարիքին դիմաց» եւ ասկէ մեկնելով վերյիշած է Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը՝ հայող երկխօսութեան, խղճի արթնութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատումին։

«Ասիկա լոկ տեղական հարց մը չէ, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի տագնապն է» ըսած է հուսկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. դիտել տալով, թէ մինչ համաշխարհային մեծ տէրութիւնները իրենց քաղաքական հաշիւները կը կատարեն, «այդ հաշիւներուն գինը կը շարունակեն վճարել ամենէն փոքրերը եւ անմեղները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 11:07