Զմմառու միաբանութեան հարիւրաւոր հայ որբերու մատուցած խնամքն ու հոգատարութիւնը
Առաջին համաշխարհային պատերազմը կանխող տարիներուն եւ անկէ ետք՝ 1914-ին, երբ Ֆրանսա պատերազմ կը յայտարարէ Թուրքիոյ դէմ, Յիսուսեան Հայրերը Պէյրութէն կ՛արտաքսուին եւ իրենց դպրեվանքը կը փակուի Օսմանեան կառավարութեան կողմէ:
Յիսուսեան Հայրերուն մօտ աշակերտող 10 հայ երիտասարդներ մէջտեղ կը մնան ու անոնց վիճակը կը դառնայ ահաւոր եւ յուսահատական: Անոնք Թուրքիոյ հեռաւոր վայրերէն եկած էին եւ անխուսափելիօրէն մեռնելու սպառնալիքի տակ էին, որովհետեւ զինուորական տարիք ունէին:
Անոնք կ՛ապաստանին Զմմառու վանք: Նոյն թուականներուն կը փակուին նաեւ ուրիշ Ֆրանսական կրթական հաստատութիւններ, որոնց պանդուխտ ուսանողներէն երկու քաղդէացի կղերիկոսներ, կ՛ապաստանին նոյնպէս Զմմառու վանքը եւ ապաստան եւ սնունդ կը գտնեն մայրավանքին մէջ, իբրեւ իրենց հարազատ ընտանեկան բոյնին մէջ:
Նոյնպէս վանք կ՛ապաստանին Պաղտատցի՝ Վիքթոր Քիւրքճեանը, Ճիւնիի Ֆրէր Մարիստներու վարժարանէն, Մերտնցի՝ Պ. Ճէմիլ Գուզեանը, Անթուրայի Լզարիստներու ճեմարանէն, Տիգրանակերտցի՝ Պ. Լեւոն-Լութֆի Պազիրկանեանը, Պէյրութի Ֆրանսական բժշկական համալսարանէն:
Զմմառու մայրավանքին մէջ պատսպարան գտան նաեւ ուրիշ անտէր անտիրական անձեր եւ յատկապէս մի քանի հայ որբեր, որոնք փախուստ տուած էին Լիբանանի՝ Անթուրայի Լազարիստներու վանքէն:
Այս որբերէն էր Լաւրենտիոս Կերկերեան, Հայր Գրիգոր Վրդ. Կերկերեանի մեծ եղբայրը, որ Անթուրայի որբանոցին մէջ իր եղբայրը եւ քոյրը ձգելով, փախստական եկաւ Զմմառու մայրավանք եւ հոն մնաց մինչեւ պատերազմին վերջը:
Համաշխարհային առաջին պատերազմին՝ հայոց Մեծ Եղեռնի առաջին օրերուն իսկ, Լազարիստ վարդապետները կ՛արտաքսուին Այնթուրայի իրենց վանքէն եւ Ճեմալ Փաշայի գլխաւորութեամբ Օսմանեան կառավարութիւնը գրաւելով անոնց վանքը, զայն կը վերածէ որբանոցի` իբր թէ օգնելու համար հայ որբերուն, եւ հոն կը հաւաքէ 1.200-է աւելի երկսեռ փոքրիկներ եւ պատանիներ, որոնք դատապարտուած էին բռնի իսլամացման եւ թրքացման:
Սոյն ծրագիրը իրագործելու համար, Ճեմալ Փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փամթուրքիստ կին գրող՝ Հալիտէ Էտիպ Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: Որբերը կ՛ապրին կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան, սովի ու ծարաւի, կ՛ենթարկուին թրքացումի, ու իսլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով: Որբերուն անունները կը փոխարինուին թրքական եւ արաբական անուններով, կ՛ենթարկուին այլազան պատիժներու եւ չարչարանքներու, որոնցմէ յատկանշական կ՛ըլլայ «Ֆալախա»ն, այսինքն՝ ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով:
Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին, սովի, ծեծի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով եւ կը թաղուին որբանոցին շրջափակին մէջ:
Երկքուկէս տարի որբերը տառապելէ ետք, որբանոցը կ՛ազատագրուի, Հալիտէ Էտիպ Հանըմը իր խմբակին հետ միասին կը լքէ որբանոցը ու կը հեռանայ Լիբանանէն, ապա որբանոցը կը ղեկավարուի Անթուրայի նախկին Լազարիստ վարդապետներուն կողմէ:
1919-ի աշնան, որբանոցը կը փակուի ու հայ որբերուն մեծամասնութիւնը կը ղրկուին Հալէպ, ապա Այնթէպ իսկ աղջիկ որբերը Լիբանանի՝ Ղազիրի որբանոցը:
1993-ին, երբ Այնթուրայի «Սէն ժոզէֆ» դպրոցը շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ, եկեղեցիին կից տարածքին վրայ, ի յայտ կու գան 300 փոքրերու աճիւններe: Անոնք նահատակ հայ որբերու աճիւններն էին:
Քոլէճի պատասխանատու վարդապետները, հայ որբ մանուկներու աճիւնները կը տեղաւորեն իրենց վանքին մէջ գտնուող վարդապետներուն գերեզմանատան մէջ:
22 Սեպտեմբեր 2010-ին, սոյն գերեզմանատան մէջ, տեղի կ՛ունենայ խաչքար-յուշակոթողի բացումը, 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակը յաւերժացնելու համար: Իսկ որբերու տապանաքարին վրայ կ՛արձանագրուի՝ «Աստ հանգչին հայ որբուկներ»:
8 Նոյեմբեր 1918-ին, պատերազմի եւ վանքի չքաւորութեան պատճառով, Յիսուսեան Հայրերու նորընծաները վանքէն կը մեկնին եւ կ՛երթան իրենց կղերանոցը: Ասոնցմէ վանք կը մնան առժամաբար՝ միայն Մարկոս Դաւիթեան եւ Պետրոս Հապէշեան:
1919 Ապրիլին՝ Զմմառու վանքին դպրեվանքին մէջ մնացած էին միայն 6 աշակերտ: Ասոնցմէ երկուքը կը մեկնին վանքէն իբրեւ հիւանդ, եւ չորսը՝ իբրեւ եկեղեցական կոչում չունեցող: Այսպէս՝ դժբախտաբար ժամանակաւոր կերպով կը փակուի Զմմառու վանքի դարաւոր Ս. Միքայէլ դպրեվանքը: Ասկէ կարելի է գուշակել, թէ որչա՛փ իր ուժէն վեր զոհողութիւններ ստանձնած էր Զմմառու մայրավանքը հայ որբերուն եւ ուրիշներու օգնելու եւ որքա՛ն ծանր պարտքերու տակ ընկճուած էր, որ ստիպուած եղած է փակելու իր ամէնէն կենսական հաստատութիւնը՝ միաբանութեան դպրեվանքը:
20 Դեկտեմբեր 1921-ին, Լիբանանի՝ Ղազիրի մէջ ալ որբանոց մը բացուեցաւ հայ որբուհիներուն համար, ինչպէս նաեւ առաքելութիւն մը, որ Զմմառու վանքը բացաւ: Ղազիրի Յիսուսեան հայրերու վանքին Ֆրանսացի հայասէր մեծաւորը՝ Հայր Ժանիէր ազնուաբար յանձն առաւ ամիսը մի քանի օր հիւրընկալել Զմմառու միաբան՝ Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեանը Ղազիրի իր վանքին մէջ, եւ թոյլ տալ որ հայ ծէսով պատարագ մատուցանէ իր եկեղեցիին մէջ եւ զբաղի Ղազիրի հայ կաթողիկէներու հոգեւոր ծառայութեամբ:
27 Դեկտեմբեր 1921-ին՝ առաջին սուրբ հաղորդութիւն կը ստանան 16 որբուհիներ, Զուէնի դպրոցի շէնքին մէջ հաստատուած ամերիկեան նպաստամատոյցի որբանոցէն, ուր իբրեւ տեսչուհիներ կը գտնուէին՝ Տրապիզոնի թեմին պատկանող հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան հայ մայրապետներէն՝ Քոյր Աղաւնի Սիւտպէյազեան եւ Քոյր Ժոզէֆին Դերձակեան, որոնք վերոյիշեալ որբուհիները պատրաստած էին առաջին սուրբ հաղորդութեան, մեծ սիրով եւ խնամքով:
28 Հոկտեմբեր 1922-ին, Ղազիր գիւղին հայ կաթողիկէներուն թիւը հասաւ 174 անձի, 63 ընտանիքի, իսկ որբուհիներուն թիւը՝ շուրջ 100-ի: Հայր Ժանիէր հաճեցաւ Ղազիրի հայ կաթողիկէներուն գործածութեան տրամադրել Յիսուսեան հայրերուն նախկին մատուռը եւ անոր կից դպրոցը: Հայ դպրոցը բացումը կատարեց 1 Դեկտեմբեր 1922-ին Ղազիրի մէջ եւ ուսուցիչ կարգուեցաւ Զէյթունցի՝ Փարթամ Պուսայեան անունով երիտասարդը, որ դպրոցին աշակերտներուն եւ հայ երիտասարդներուն սորվեցուց սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը ու 25 Դեկտեմբեր 1922-ին, Ս. Ծննդեան տօնին օրը, առաջին անգամ հայկական ձայնաւոր պատարագ մատուցուեցաւ եւ աշակերտները առաջին սուրբ հաղորդութիւն ստացան:
Հայասէր Հայր Ժանիէ մեծ սիրով յանձն առաւ նաեւ վճարել տարին 500 դահեկան հայերէնի ուսուցչին համար:
Միաբանութեան դպրեվանքին վերաբացման դժուար օրերուն, նախանամական կ՛ըլլայ հայասէր Հայր Մանիարին նախաձեռնութիւնը, դպրեվանքին կից եւ իբր անոր յարամաս բանալու «Սուրբ Սիրտ» անունով որբանոցը` 12 սաներու համար: Կը խոստանայ իւրաքանչիւր որբ սանի համար վճարել առաջին տարին 1200 Ֆրանք իսկ յաջորդ տարիներուն՝ 1000 Ֆրանք:
Պայմաններն են հետեւեալները. սաները կը մնան վանք մինչեւ 16 տարեկան, անկէ ետք, վարչութիւնը կը տեղաւորէ զանոնք վստահելի տեղեր որպէսզի սորվին արհեստ եւ ապահովէն իրենց ապագան:
22 Դեկտեմբեր 1922-ին, Հայր Մանիար իր հայ սաները կը տեղաւորէ վանքին մէջ, կանխաւ կը վճարէ խոստացուած գումարը եւ կը մեկնի Ֆրանսա:
1923-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ կ՛այցելէ իր սաները Զմմառու մայրավանքին մէջ:
Հայասէր Հայր Մանիարի 1909-ին, Ատանայի ջարդերու թուականէն ասդին ինքզինք նուիրած է յատուկ առաքելութեամբ ծառայելու անտէր հայ որբերուն: Ան երկար տարիներ շարունակեց այս չքնաղ ծառայութիւնը, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ Եգիպտոս, Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի՝ Առնուվիլի շրջանին մէջ:
Նոյնպէս 1922-ին, Մերսինի, Տէօրթ-Եոլի եւ շրջակայ քաղաքներու ջարդէն ու տեղահանութենէն ճողոպրած՝ Մերսինի Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Տէօրթ Եօլի Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոցներու 300 սաներու ապաստան կը տրուի Զմմառու դպրեվանքի բաժնի սրահներուն մէջ, մինչ Սիսուան որբանոցի 400 սանուհիները կը հաստատուին Զմմառու մօտիկ «Աշքութ» աւանի Մարոնիթ՝ Պուլոս Եպիսկոպոս Մասատի Վարժարանին մէջ:
Հայ որբերը երեք ամիս սիրալիր ասպնջականութիւն կը գտնեն Զմմառու հայ մենաստանին մէջ, 1922 Յունուար 21-էն, Ապրիլ 28, մինչեւ` որ Պէյրութի մէջ իրենց համար յատուկ շէնք մը կը վարձուի:Դժբախտաբար անոնք չկրցան աւելի մնալ Զմմառու դպրեվանքին մէջ, յատկապէս ջուրի չգոյութեան պատճառաւ:
19 Մարտ 1923-ին, Յախուռն նախաձեռնութեամբ, մանաւանդ վեհ սրտի մղումներէ եւ սէրէն տարուած, Զմմառու մայրավանքի հերոս վարչութիւնը իր մեծաւոր՝ Կարապետ Ծ. Վրդ. Պատուհասեանի օրով, խորհրդակցութիւններ կ՛ընէ եւ կ՛ուսումնասիրէ «Ռըլիֆ»էն հայ կաթողիկէ որբերը առնելու եւ առանձին որբանոց մը բանալու ծրագիրը, որ կը գործադրուի Պէյրութի՝ Աշրաֆիէի-Սիուֆիի մէջ:
Մեծ եղեռնէն ետք, տեղահան հայութիւնը համախմբուած էր Միջին Արեւելքի մի քանի կեդրոններուն մէջ, ուր գործի լծուած էին Զմմառու միաբանները: Անոնք բացած էին դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ:
Զմմառու մայրավանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակէ Զմմառու միաբան՝ Հայր Գաբրիէլ Ծ. Վրդ. Գասպարեանը: Կը մտածուի յառաջացնել որբանոցի վարչական ժողով մը՝ ընտրելու համար որբանոցի պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները: Սակայն վարչական ժողով չի կազմուիր, եւ որբանոցին հաշիւներուն ու մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Զմմառու միաբաններուն, Հայր Պօղոս Վրդ. Արիսին՝ օգնական ունենալով Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեանը: Ուստի Հայր Պօղոս Վրդ. Արիս կը հիմնէ մեծ որբանոց մը՝ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անունով, ուր պիտի նուիրուին ինքը, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Քէշիշեան եւ Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան:
Հայ ժողովուրդին այն տարաբախտ սերունդի պատանիները երախտագիտութեամբ պիտի կոչեն Հայր Պօղոս Վրդ. Արիսին՝ «Հայրիկ»:
Ժպէյլի եւ Անթիլիասի որբանոցներուն մէջ գտնուող 161 հայ կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին Հայ Կաթողիկէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» որբանոց: Որբերուն տարիքը կը տարուբերին 5-16ի միջեւ:
Ուստի Հայր Պօղոս Վրդ. Արիս որբերը հաւաքելու համար, կը շրջի որբանոցէ որբանոց: Սակայն ին՞չ հիման վրայ պիտի կատարէր հաւաքումը Հայ Կաթողիկէ որբերու, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ վկայագիր, ոչ ալ ինքնութեան թուղթ ունէին: Հայր Պօղոս կը գործադրէ պարզ եւ հնարամիտ մտքի ճամբան: Հայ Կաթողիկէ են այն որբերը որոնք գիտեն աղօթել՝ «Ողջոյն Քեզ Մարիամ»ը: Այս պարզ չափանիշին վրայ հիմնուած, կը հաւաքէ աւելի քան 300 որբեր: 1924-ին, Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ՝ Օրթագիւղի Հայ Կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերն ալ:
Հայր Պօղոս՝ Սիուֆիի մէջ կը վարձէ ընդարձակ հողաշերտով տուն մը՝ 7 սենեակներով, տարեկան 55 եգիպտական ոսկիի: Կը շինէ երեք տախտակաշէն տաղաւարներ՝ մին կը կահաւորէ իբր եկեղեցի, երկրորդը բնակարան, իսկ երրորդը իբր դպրոց: Որբանոցին մէջ, օրուան ընթացքին, որբերուն հոգածութիւնն ու դաստիարակութիւնը նաեւ կ՛ապահովէին Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան եւ Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան:
Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեան եւ Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Տէր Մինասեան ստանձնած էին հոգեւորի պատասխանատուութիւնը սուրբ պատարագով եւ խոստովանանքով:
Որբերուն մեծամասնութիւնը եղած է թրքախօս, եկեղեցականութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:Որբանոցին մէջ մեծ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան վրայ: Որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը:
Որբանոցին մէջ հիմնուած է սկաուտական շարժում որ եղած է շատ աշխուժ: Որբանոցին մէջ բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը եւ մեծ թիւով որբեր ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ որպէսզի սորվին արհեստներ եւ ապագային ապահովէին իրենց ապրուստը:
Երբ տակաւին Պէյրութի մէջ չէր հաստատուած մնայուն կերպով համայնքին նուիրապետական իշխանութիւնը, Զմմառու միաբանները սիրով եւ նուիրումով կ՛ապահովէին գաղթական հաւատացեալներուն հոգ հոգւոցը, ո՛չ միայն Պէյրութ, այլ նաեւ Սայտա, Թրիփոլի, Զղարթա, Զահլէ, Ճիւնի, Ղազիր եւ Այնճար:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան հայրերը, գործի լուծուելով, ամէն միջոց ի գործ կը դնէին ապահովելու համար որբերուն ապագան:
Կու տային անոնց պատշաճ ուսում եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն: Երիտասարդութեան սեմին, կը գտնէին անոնց յարմար արհեստ: Անոնց համեմատ թոշակը կամ օրապահիկը կը դրուէր պահեստի եւ կը յանձնուէր անոնց երբ հրաժեշտ առնէին որբանոցէն, նետուելու համար կեանքի ասպարէզ:
Որբերը խումբ – խումբ անցան կեանքի այդ դժուար հանգրուանը եւ յուզումով առին հրաժեշտը:
1935-ին, որբանոցին մէջ կը մնային 20-ի չափ որբեր, որոնք փոխադրուեցան Տըքուէնի:
Անվերապահ նուիրումով Զմմառու միաբան հայրերը պանդուխտ, տկար, սրտով եւ հոգիով վիրաւոր հայ որբերուն տուին վկայութիւնը Աստուծոյ հայրութեան` որբերուն հանդէպ: Իբրեւ նուիրեալ միաբաններ անոնց նպատակն էր առաքելութիւնը, եւ այդ առաքելութիւնը ծաղկեցուցին եղբայրսիրութեամբ եւ ծառայութեամբ, յօգուտ այնքան զրկուած որբ սերունդին, որ այնքան պէտք ունէր սիրոյ, գուրգուրանքի եւ պաշտպանութեան:
Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան
Փոխ-Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ