Բժշկութիւն՝ Խաչին Շուքին Տակ «Տէր Բժշկէ՛ Քու Ժողովուրդդ» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան
Ամէն տարի Ապրիլին մենք կը հաւաքուինք ոգեկոչելու աղէտ մը, որ ոչ միայն փորձեց բնաջնջել ժողովուրդ մը, այլեւ հիմնովին ցնցեց հայուն աշխարհայեացքը՝ տագնապի մատնելով իրադարձութիւնները դատելու եւ կեանքի երեւոյթները ընկալելու մեր կարողութիւնը։ Մեծ Եղեռնը կամ «Armenocide»ը սոսկալի վիրաւորուածութիւն մը յառաջացուց հայու սրտին եւ նոյնիսկ հայ քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Շատերու համար Աստուծոյ լռութիւնը 1915-ի աղէտին դիմաց, անհնար դարձուց հաւատքը. իսկ ուրիշներու մօտ ձգեց միայն կրօնական սովորութիւն մը՝ առանց սրտի համոզումի։
Տանըլտ Միլըր եւ Լոռնա Թուրեան Միլըր (Donald E. Miller and Lorna Touryan Miller) ուսումնասիրած են Մեծ Եղեռնի թողած traumatic ազդեցութիւնը վերապրողներուն վրայ. ըստ այս ուսումնասիրութեան անոնք հանգած են այն իրականութեան, թէ Մեծ Եղեռնի հանդէպ բոլոր հակազդեցութիւններուն աղբիւրը եղած է հայոց մէջ տիրող անբժշկելի տառապանքի զգացումը. վիրաւորուածութիւն մը որ թոյլ չի տար տառապանքին ցաւը մեղմանալու։ Հայկական կեանքի մէջ շատ մը ախտաբանական երեւոյթները (pathologies) կը սնանին որպէս անպատասխան մնացած տառապանքին հետեւանք: Ազգային կեանքի մէջ այս ախտաբանութեան ամենամտահոգիչ ախտանիշներէն մէկն է բռնութեան եւ վրէժխնդրութեան հակումը , որ հայ անհատը յարատեւօրէն կ'ապրի: Համայնքային լայն մակարդակի վրայ, կան յարատեւող այլ ախտանիշներ. օրինակ, հաւաքական յիշողութեան նահանջը՝ միշտ յիշել անցեալի փառքի օրերը, որ յաճախ կ’ընկերակցի վերականգնուած ազգային փառքի երեւակայական պատկերացումներով։ Կայ նաեւ սփիւռքահայերուն մօտ այն չափազանց ծանօթ երեւոյթը՝ հաշուելու այն հայերը, որոնք «յաջողած են» օտարներուն մօտ, այսինքն անոնց մօտ, որոնք ուժի պատկեր կը ներկայացնեն աշխարհի մէջ։ Ցաւալին այն է, թէ նոյնիսկ առաջին քրիստոնեայ ազգը ըլլալու հայկական պարծանքին տակ անմիջապէս թագնուած են հոգեբանական խորունկ վէրքեր եւ անապահովութեան զգացումներ։
Այսօր պէտք է հարց տանք մենք մեզի. Ինչպէ՞ս կարող է ազգ մը, որ առաջինը ընդունեց քրիստոնէութիւնը, հաշտեցնել իր ինքնութիւնը այս սպանդին իրականութեան հետ։ Ինչպէ՞ս դուրս գալ վիշտի փակուղիներէն (impasse)։
Վիգէն Կուրոյեան (Vigen Guroian), որ ամերիկահայ նշանաւոր աստուածաբան մըն է, երկար տարիներ պաշտօնավարած է որպէս Կրօնագիտութեան եւ Բարոյագիտութեան փրոֆեսոր Վիրճինիա նահանգի University of Virginia համալսարանին մէջ: Ան նաեւ դասաւանդած է Մերիլենտի Loyola College-ին մէջ եւ եղած է դասախօս Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս՝ պատրաստելով ապագայ հոգեւորականներ: Կուրոյեան մեզ կը զգուշացնէ երեք հիմնական փակուղիներէ (impasse), որոնք մեր հոգին կը բանտարկեն տառապանքի շրջապտոյտին մէջ.
1. Աստուած մեղադրելու թակարդը. Երբ Աստուած կը տեսնենք իբրեւ անտարբեր հանդիսատես, ինչ որ մեզ կը տանի դէպի հոգեկան անապատ։
2. Ինքնատելութեան թակարդը. Երբ Աստուած կ’արդարացնենք, բայց չենք կրնար մարսել Մեծ Եղեռնի նուաստացումը, զայրոյթը կը դարձնենք դէպի մեր ներսը։ Ասիկա կը ստեղծէ ազգային թերարժեւորման բարդոյթ եւ հոգեբանութիւն։
3. Ճնշումի եւ ժխտումի թակարդը. Մենք միտումնաւոր կերպով կը խուսափինք մեր տառապանքին հետ դէմ առ դէմ գալէ՝ զայն քօղարկելով անցեալի յաղթանակներու փայլքով։ Փոխանակ մեր վիրաւոր հաւաքական հոգեբանութիւնը դարմանելու, կը նախընտրենք ապաստանիլ զգացումներ շոյող պատմական կարգախօսներու ետին, որոնք թէեւ հպարտութիւն կը ներշնչեն, բայց չեն բժշկեր մեր լռութեան մէջ մնացած ցաւը։
Կուրոյեանի պատգամին ամենադժուարին մասը Եկեղեցւոյ ուղղուած քննադատութիւնն է։ Ան կը պնդէ, որ երկար ատեն մեր հաստատութիւնները խաղացած են աշխարհիկ ազգային առաջնորդի դերը՝ Յարութեան խորհրդանիշը օգտագործելով միայն իբրեւ քաղաքական վերականգնումի խոստում։ Սակայն, յոյսի «ամենաաժան աստուածաբանութիւնը», որ միայն ազգային վերածնունդ կը խոստանայ, պարզապէս մեծ սպեղանի մըն է։ Անիկա կ’անտեսէ անհատ մարդը, որ տակաւին կը տառապի։ Մենք չենք կրնար անցնիլ Յարութեան յաղթանակին՝ առանց նախ կանգնելու Խաչին առջեւ անհատապէս:
Խաչի Աստուածաբանութիւնը. Աստուած Իբրեւ Տառապակից
Կուրոյեան մեզ կ’ուղղէ դէպի այն խորունկ ճշմարտութեան, որ Աստուած հեռու չէ: Խաչին վրայ Քրիստոս չհեռացաւ մարդկային աղէտներէն եւ տառապանքէն, այլ մտաւ անոր մէջ։ Մեր բժշկութիւնը չի գար Մեծ Եղեռնը մոռնալով կամ քաղաքական վերականգնումի սպասելով։ Անիկա կը գայ գիտնալով, որ Աստուած մեր «տառապակիցն» է։ Ինչպէս Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան գրած է. «Խաչը քրիստոնէական հաւատքի ամբողջացումն է»։ Մեր կոտրուածութիւնը, մեր մեղքը եւ մեր մահը տեսնուած եւ նկատի առնուած է Անմահին կողմէ, որ գամուեցաւ այդ փայտին վրայ։
Ուրեմն, ո՞րն է մեր առաքելութիւնը այսօր։
Երբ Յոյն-թրքական բնակչութեան պարտադիր փոխանակման որոշումը տեղի ունեցաւ 1923 թուականին, Կապադովկիոյ Ֆարասա (Pharasa) գիւղին մէջ կ'ապրէ հոգեւոր հսկայ մըն էր, որուն կեանքը սերտօրէն կապուած է Փոքր Ասիոյ հայկական եւ յունական բնակավայրերու պատմութեան հետ. անոր անունն էր՝ հայր Արսենիոս, ներկայիս Ս. Արսենիոս Կապադովկացին: Կարեւոր է նշել, որ Ս. Արսենիոսը կ’ապրէր Կապադովկիոյ այնպիսի շրջանի մը մէջ, ուր յոյները եւ հայերը դարերով կողք-կողքի ապրած էին։ 1915-ի աղէտէն ետք, Փոքր Ասիոյ մէջ մնացած քրիստոնեաներուն (յոյներուն) վիճակը դարձաւ անտանելի, ինչ որ յանգեցաւ 1923-ի այս պարտադիր փոխանակման։ Բնակչութեան պարտադիր փոխանակման հետեւանքով, յոյն ժողովուրդը կը գտնուէր անտանելի եւ դառն իրավիճակի մը մէջ։ Սուրբն իր հոգեւոր իմաստութեամբ միշտ կը ջանար ժողովուրդը հաստատուն պահել քրիստոնէական ուղղափառ ուսուցումներուն մէջ։
Օր մը, հաւատացեալներէն մին, չդիմանալով կեանքի դաժան հարուածներուն, կը մօտենայ Հայր Արսենիոսի եւ սրտակեղեք կը գանգատի. «Ո՞ւր է Աստուած. ինչո՞ւ չի տեսներ մեր տառապանքը, ինչո՞ւ վար իջնելով վերջ չի դներ մեր այս անհանդուրժելի վիճակին»։ Սուրբը, իր հոգեւոր խորաթափանցութեամբ, կը պատասխանէ. «Ան աշխարհ եկաւ, եւ մենք զԻնք խաչեցինք»։
Այս պատահարը մեզի՝ հայերուս համար, հզօր դաս մըն է բժշկութեան ճշմարիտ ուղին գտնելու համար։ Մենք չենք կրնար մենք զմեզ անջատել համայն մարդկութենէն եւ կարծել, թէ տառապանքը միայն մեզի յատուկ իրականութիւն մըն է, կամ թէ մենք պատմութեան միակ անմխիթար զոհերն ենք։ Իբրեւ մարդկութեան մէկ մասնիկը՝ մենք եւս բաժնեկից ենք մեղքի հետեւանքով աշխարհ մուտք գործած տառապանքին ու մահուան։ Այսօր մեր նպատակը պիտի չըլլայ Մեծ Եղեռնի քաղաքական կամ պատմական իրադարձութիւնները վերլուծելը, այլ միասնաբար Խաչեալին առջեւ ծնրադրած՝ մեր հոգիներու բժշկութեան համար աղօթելը։ Միայն այդ հոգեւոր ապաքինումէն ետք է, որ պիտի կարողանանք առողջ ու ճշգրիտ որոշումներ կայացնել՝ մեր ազգը անցեալի եւ ներկայի տագնապներէն ձերբազատելու համար: Ժամանակն է, որ թօթափենք ազգային հպարտութեան «ոսկեզօծ պատմուճանները» եւ բանանք մեր վէրքերը։ Կուրոյեան կը հրաւիրէ Եկեղեցին եւ մեզ գտնելու Ճշմարիտ բժշկութիւնը՝ ոչ թէ ազգային վերականգնումին մէջ է, այլ իւրաքանչիւրիս մէջ Աստուծոյ պատկերին վերագտնումին մէջ։ Մենք յոյս ունինք ոչ թէ որովհետեւ աշխարհը արդար է, այլ որովհետեւ մեր Աստուածը արդար է: Յիշենք Եղիշէ պատմիչին նշանաւոր խօսքը՝ «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է. Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» (Չգիտակցուած մահը մահ է, իսկ գիտակցուած մահը՝ անմահութիւն)։ Մեր նահատակները «իմացեալ մահով» մեռան, որպէսզի մեզի համար բանան դէպի երկինք բարձրացող ուղին, ուր Քրիստոսի հետ պիտի թագաւորենք։ Այնտեղ այլեւս ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ եւ ո՛չ մահ, այլ միայն յաւերժական կեանք եւ Աստուծոյ փառքին անվախճան լոյսը։ Այլ կայ միայն սէր, խաղաղութիւն եւ Յարուցեալ Փրկիչին անթառամ պսակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ