Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (87)
ՁԷ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Կապպադովկեան Հայրերու պայքարին Դ. դարու աղանդաւորներուն դէմ:
381 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ տիեզերական ժողովը նզոված էր Դ. դարու բոլոր աղանդաւորները (Փոտինոս, Ապօղինարիոս եւլն): Ապօղինարիոս Լավոդիկեցին դատապարտուած էր արդէն Աղեքսանդրիոյ 362 թուականի և շարք մը եկեղեցական ժողովներու կողմէ, որովհետեւ կ'ուրանար Քրիստոսի մէջ բանական հոգին և կ'ընդունէր մէկ դէմք, մէկ անձ և մէկ բնութիւն: Ապօղինարը կը շեշտէր Սուրբ գրային «Մի Տէր Յիսուս Քրիստոս» եզրոյթը, սակայն ան Քրիստոսի աստուածային և մարդկային միութեան հասկացողութիւնը կը բացատրէր կատարեալ Աստուած և ոչ կատարեալ մարդ միութեան ճանապարհով, քանի որ, ըստ տուեալ ժամանակի տիրող ըմբռնման, երկու կատարելութիւններ չէին կարող մէկ ըլլալ, որովհետեւ կը կարծէր, որ եթէ կայ երկու կատարելութիւն Քրիստոսի մէջ, ապա և երկու դէմք կայ Քրիստոսի մէջ, սակայն այդ մէկը մարդեղութեան խորհուրդն անիրագործելի կը դարձնէ, քանի որ, մարդկայինը չէր ենթարկուիր աստուածայինին, և Քրիստոս կ'ունենար երկու ազատ կամք:
Հետեւաբար, Ապօղինար կ'եզրակացնէ, որ պէտք է Քրիստոսի մարդկային բնութենէն զեղչել միտքը, որ Յիսուսի աստուածային բնութիւնը ամբողջանար իր աստուածային մտքով՝ վերացնելով Քրիստոսի անձին մէջ երկու միտք, երկու կամք հասկացողութիւնը: Ապօղինարի կը թուէր թէ Քրիստոս մարմնանալով ոչ թէ մարդկային մարմին, հոգի և միտք առաւ, ինչպէս կ'ըսուի Հաւատոյ հանգանակին մէջ, այլ՝ միայն մարմին, վախնալով թէ մի գուցէ այսպէս ընդունելով՝ մենք անոր «մեղանչականութեան» հակումը հաստատած կ'ըլլայինք: Աւելի ստոյգ, եթէ Բանը առնէր մարդկային միտք՝ ազատութեան և ինքնիշխանութեան սկիզբը, իսկական միացում չէր ըլլար, այլ կը ստացուեր երկու կեդրոն և երկու սկիզբ։
Ուստի մարմնաւորման հիմնական նպատակը տեղի չէր ունենար. Աստուած չէր մեռնէր որպէս մարդ, այլ ոմն մարդ կը մեռնէր։ Կապպադովկեան Հայրերու գլխաւորութեամբ՝ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովը բացարձակապէս մերժեց Ապօղինարի սխալ տեսութիւնը: Ս. Բարսեղ Կեսարացի իր «Ընդդէմ Ապօղինարի» հակաճառութեան մէջ, կը գրէ՝ թէ Աստուած կատարելապէս մարդացաւ, այսինքն՝ առաւ մարդկային բնութեան ամբողջականութիւնը, որպէսզի մեր փրկութիւնը ըլլայ կատարեալ և ամբողջական։ Եթէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը թերի է կամ ոչ իրական, ապա իրական չէ մարդու փրկութիւնը։ Արդարեւ, Կապադովկեացիներու սահմանումներուն մէջ, յստակօրէն արտացոլուած է երկու կատարելութիւններու մէկ գոյութեան մէջ ըլլալու խնդիրը, Աստուծոյ Բանի կատարեալ մարդ ըլլալու իրողութիւնը, մարդեղութենէն յետոյ Քրիստոսի մէկ ըլլալու դաւանութիւնը, և Աստուծոյ Բանի անքակ միութեան անհրաժեշտութիւնը փրկագործութեան իրագործման համար: Կապադովկեան հայրերու յատկանշական աստուածաբանական շեշտադրումներէն մէկն ալ մարդու աստուածացումն է Բանի մարդեղութեամբ: Այս առումով, Կապադովկեան հայրերը կը գրեն շարք մը աշխատութիւններ և ցոյց կու տան Ապօղինարի փրկագործական տեսութեան թերի ըլլալը:
Մեր այժմեան հանգանակը եւս կը դատապարտէ այս աղանդը, ըսելով. «որով էառ զհոգի եւ զմիտ եւ զամենայն որ ինչ ի մարդ»։ 370-ականներուն կը վերաբերի անանուն հեղինակի մը «Ընդդէմ Ապօղինարի» երկհատոր գրուածքը, որ զետեղուած է Աթանաս Աղեքսանդրացիի երկերուն մէջ։ Լիբերատ սարկաւագի վկայութեամբ, իբրեւ թէ Ապօղինարիոսը հայ վանականներու մէջ եւս հետեւողներ ունեցած է. (պտմ. ժող. Յովնանեան)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ