Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (86)
ՁԶ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Կապպադովկեան Հայրերուն:
Յիսուս Քրիստոսի փրկագործական շնորհքը յաւիտենականօրէն փոխեց մարդկութեան պատմութիւնը: Մարդը, որ մինչեւ Փրկչի գալուստը կը փորձէր փրկութեան ելքը գտնել զանազան կրօնական վարդապետութիւններուն հետեւելով, այժմ Աստուծոյ Որդւոյն անձնազոհութեան քաւչարար շնորհքի միջոցով կարող էր լիովին արժանանալ յաւիտենական փրկութեան: Այնուամենայնիւ, մարդուն համար մեծ խորհուրդ է Աստուծոյ Որդւոյն մարդանալը:
Արդ, բազմաթիւ աստուածաբաններ փորձեցին հասկնալ այդ անճառելի իրողութիւնը՝ բացատրելով զայն մարդկային չափանիշներու համապատասխան, որոնք ստեղծեցին բազում վարդապետական ուղղութիւններ Աստուծոյ Որդւոյն մարմնացման վերաբերեալ, սակայն զգալի մի մասը չէր արտայայտեր յայտնութենական այդ խորհուրդի ճշմարիտ դաւանութիւնը: Քրիստոնէական յայտնութիւնն իր դաւանաբանական ճշգրիտ բանաձեւումը ստացաւ Դ. դարուն, շնորհիւ Ս. Աթանասի, Ս. Բարսեղ Կեսարացիի, Ս. Գրիգոր Նազիանզացւոյ և Ս. Գրիգոր Նիւսացւոյ դոգմատիկ ժառանգութեան:
Եկեղեցւոյ մեծ հայր, հաւատքի ուղղափառ դաւանութեան անդադրում պաշտպան՝ Ս. Աթանաս Աղեքսանդրացին իր «Բանի մարմնացման մասին» աշխատութեան մէջ կ'ըսէ թէ Յիսուս Քրիստոսի անձնաւորութեան մէջ աշխարհ եկաւ կատարեալ և ճշմարիտ Աստուածութիւնը: Ան քրիստոնէական ամբողջ աշխարհայեցողութիւնը կեդրոնացուց փրկութեան գաղափարի մէջ և հաստատեց քրիստոնէութեան էութեան ըմբռնումը՝ որպէս փրկութեան կրօնի էութիւն:
Ս. Աթանաս Աղեքսանդրացիի մօտ նկատելի կերպով կը գերակշռէր Ս. Իրէնէոսի և փոքր ասիական աստուածաբանութեան մտածողութիւնը, իսկ Կապպադովկիայի Հայրերուն մօտ Որոգինէսի ուղղութիւնը: Կապպադովկեան հայրերու մօտ, մենք կը տեսնենք Պղատոնական և Նոր-Պղատոնական ազդեցութեանց գերակշռութիւնը, որոնք յատուկ էին Որոգէնիսեան ուղղութեան վարդապետութեան: Այնուամենայնիւ անոնք օտար չէին Արիստոտէլի տեսութիւններուն: Կապպադովկեան հայրերու աստուածաբանական վարդապետութիւնը եկեղեցական աստուածաբանութեան պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ:
Անոնք մեծապէս նպաստեցին Եկեղեցւոյ աստուածաբանական գիտութեան զարգացման: Եթէ Աթանասեան քրիստոսաբանութեամբ Հօր և Որդւոյ համագոյութեան խնդրի վերջնական պատասխանը տրուեցաւ, ապա Կապադովկեան հայրերու` Բարսեղ Կեսարացւոյ, Գրիգոր Նազիանզացւոյ և Գրիգոր Նիւսացւոյ ժառանգութեամբ` Երրորդաբանական խնդիրներուն: Արդարեւ, անոնց աստուածաբանական երկասիրութիւններուն մէջ Ս. Երրորդութեան հարցը իր վերջնական սահմանումը ստացաւ:
Այլ խօսքով՝ Կապպադովկեան հայրերը կարծէք թէ ուղղեցին եկեղեցական աստուածաբանութեան գիտական գիծը: Յիշարժան է, որ երեք այս տիտանները արտայայտեցին Կապադովկեան քրիստոսաբանութեան դաւանական իւրովի մտածողութիւնը: Այդ աստուածաբանական սահմանումները յստակօրէն լուսաբանեցին Աստուծոյ Որդոյն մարդեղութեան կարեւորագոյն խնդիրները, որոնք առկայ էին տուեալ ժամանակաշրջանի մէջ և որոնք արդիական են նաեւ ներկայիս դաւանական սահմանումները ներկայացնելու պարագային:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ