Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը նշուեցաւ մեծ ջերմեռանդութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չինաստանի կաթողիկէ համայնքները մեծ շուքով եւ հոգեւոր խնդութեամբ նշեցին Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրը, որ կը զուգադիպի Զատկուան չորրորդ Կիրակիին՝ «Բարի Հովիւի» կիրակիին։ Այս առթիւ, Փեքինի թեմական ընծայարանը հրապարակեց կոչ մը, ուր կը շեշտուէր իւրաքանչիւր հաւատացեալի դերը՝ որպէս կոչումներու պահապան եւ ջատագով։
«Բոլորս ալ կրնանք դառնալ կոչումներու պահապաններն ու խթանողները՝ միասնաբար մշակելով կոչի պարարտ հողը, որպէսզի աւելի մեծ թիւով անհատներ լսեն «Եկո՛ւր եւ հետեւէ՛ ինծի» հրաւէրը», կը նշուի ընծայարանի ուղերձին մէջ։
Տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ Փեքինի մէջ
Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Ապրիլին, ամբողջ մայրցամաքային Չինաստանի տարածքին տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ։ Փեքինի ծուխերուն մէջ հաւատացեալներուն բաժնուեցան դաստիարակչական նիւթեր, որոնց կարգին էր «Սուրբ Գրային հարցարան» գրքոյկը՝ պատրաստուած թեմի «Աստուծոյ Խօսքի տարուան» առթիւ։
Չորս նոր քահանաներու ձեռնադրութիւն Նինկպոյի մէջ
Նինկպոյի թեմին համար այս տարուան տօնակատարութիւնը ունէր յատուկ նշանակութիւն, քանի որ ձեռնադրուեցան չորս նոր քահանաներ։ Ֆրանչիսկոս Սաւերիոյ Ժին Եանկքէ եպիսկոպոսը նախագահեց հանդիսաւոր արարողութեան՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յատուկ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն զօրացնել աղօթքը նոր կոչումներու համար՝ նկատի առնելով ներկայ ժամանակներու քահանայական պակասը, պատրաստ ըլլալ զաւակները Աստուծոյ ծառայութեան ընծայելու ինչպէս նաեւ Հաւատքը ապրիլ առօրեայ կեանքի մէջ՝ որպէս Աւետարանի քարոզչութեան գրաւական։
Կոչումներու մշակումը Շանսիի մէջ
Շանսի նահանգի Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ընծայարանը կազմակերպեց փորձառութեան փոխանակման պահեր։ Աւելի քան 70 հոգիէ բաղկացած խումբեր՝ բաղկացած նորընծաներէ, դաստիարակ քահանաներէ եւ քոյրերէ, այցելեցին տարբեր ծուխեր։ Անոնք հաւատացեալներուն ներկայացուցին ընծայարանի առօրեան եւ իրենց անձնական կոչման պատմութիւնը՝ քաջալերելով ընտանիքները պահպանելու Աստուծոյ ձայնը իրենց զաւակներուն սրտերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ