Գերապայծառ Նոնա ընտրուեցաւ Քաղդէացի կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարք
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Գերապայծառ Ամել Նոնան ապրիլի 12-ին, ընտրուեցաւ Քաղդէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարք։ Ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Պաղտատի քաղդէական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսի կողմէ որ գումարուած է Հռոմի մէջ 9-էն 15 ապրիլ 2026-ին։ Նոր ընտրված պատրիարքը, ընտրած է Փոլիս Գ անունը
Վստահութիւն՝ միութիւն ամրապնդման մէջ
Քաղդէական եկեղեցւոյ տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ սինոդի հայրերը «իրենց վստահութիւնը կը հաստատեն որ այս ծառայութիւնը կը նպաստէ հաւատացեալներու հաւատքի ամրապնդմանը, անոնց միութեան զօրացմանը և Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերակենդանացման՝ Աւետարանի վկայութեան մէջ»։
Նոնա Պատրիարքը ծնած է 1967 թուականին Իրաքի հիւսիսը գտնուող Ալքոշ քաղաքին մէջ։ 2009 թուականէն Ան ծառայած է որպէս Մոսուլի արքեպիսկոպոս՝ ղեկավարելով տեղի քրիստոնէական համայնքը յատկապէս դժուար ժամանակահատուածի ընթացքին՝ 2014 թուականին «Իսլամական պետութեան» վերելքի և անոր հետևանքով հազարաւոր հաւատացեալներու տեղահանութեան ժամանակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ