Ծաղկազարդ, Յիսուսի մուտքը Երուսաղեմ Ծաղկազարդ, Յիսուսի մուտքը Երուսաղեմ 

«Ծաղկազարդի Պատգամը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ծաղկազարդը հրաւէր մըն է դադրելու Քրիստոսը սոսկ որպէս երկրային կարիքներ գոհացնող «Յարմարաւէտութեան Թագաւոր» ընդունելէ, եւ փոխարէնը՝ ուխտելու հաւատարմութիւն «Փառաց Թագաւորին», որ մեզմէ կը պահանջէ անձնազոհութիւն եւ հոգեկան վերածնունդ։ Այս տօնը նաեւ վախճանաբանական յիշեցում մըն է, որ Յիսուսի խոնարհ մուտքը Երուսաղէմ կը նախապատրաստէ մեզ Անոր ահեղ Երկրորդ Գալուստին, ուր Ան պիտի յայտնուի որպէս Արդար Դատաւոր՝ վարձատրելու Իր ձայնին հնազանդող հաւատարիմ հօտը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի հաւատացեալներ,

Այսօր մեր եկեղեցիները լեցուն են կեանքով ու լոյսով։ Տեսէ՛ք այս սքանչելի պատկերը. ծնողներ, որոնք իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցած են իրենց զաւակները։ Այդ մանուկները, իրենց տօնական ու գեղեցիկ զգեստներով զարդարուած, կարծես երկրային հրեշտակներ ըլլան, որոնք եկած են դիմաւորելու Քրիստոսը։ Երբ մանուկները «Ովսաննա՜» կ’աղաղակեն, անոնց ձայնը պարզապէս երգ մը չէ, այլ՝ անմեղութեան յաղթանակը։ Ինչպէս Ս. Յովհան Ոսկեբերանը կ’ըսէ. «Աստուած մանուկներու բերնով կը կատարելագործէ Իր օրհնութիւնը»։ Այդ օրը Երուսաղէմի մէջ ալ մանուկներն էին, որ ամենէն անկեղծ ձայնով ճանչցան իրենց Փրկիչը, մինչդեռ մեծերը դեռ կը տարակուսէին ու կը հաշուարկէին։

Այսօրուան այս տօնական «Ովսաննան» մեզ կը պատրաստէ ուրիշ տեսակ հանդիպման մը. հանդիպում՝ Արքայից Արքայ Յիսուսի հետ: Իր երկրային առաքելութեան ընթացքին, Յիսուս առաջին անգամն ըլլալով ընդունեց մարդոց կողմէ մատուցուած նման փառաբանանք. ընդունեց կոչուիլ արքայ: Սակայն, զարմանալին ու սքանչելին այն է, թէ Ան մուտք գործեց ոչ որպէս թագաւոր մը, որ զօրքով կու գայ իր թշնամիները պատժելու, այլ կու գայ խոնարհութեամբ՝ զանոնք շահելու համար: Անոր յաղթանակը՝ մարդկային սիրտերու դարձն էր: Ան չեկաւ իշխելու մարմիններու վրայ, այլ եկաւ գրաւելու հոգիները: Ինչպէս Ոսկեբերան կը գրէ, Քրիստոս այսօր մեզի կը սորվեցնէ, որ իսկական մեծութիւնը ուրիշները նուաճելուն մէջ չէ, այլ՝ զանոնք փրկելուն եւ աստուածային սիրոյն արժանացնելուն մէջ է: Երուսաղէմի ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակներ կը բարձրացնէր եւ Յիսուսը կը դիմաւորէր որպէս «Յաղթական Թագաւոր», որ պիտի քանդէր հռոմէական լուծը եւ իրենց երկրային բարօրութիւն ու հանգիստ պարգեւէր. այսինքն Յիսուս կը նկատէին, որպէս «Յարմարաւէտութեան Թագաւոր», այսինքն իրենց պէտքերը իրականացնող։ Սակայն Յիսուս մուտք կը գործէր որպէս «Փառաց Թագաւոր», որուն գահը ոչ թէ պալատն էր, այլ՝ Խաչը։ Փորձութիւնը հոս է. արդեօ՞ք կը սիրենք Աստուած միայն այն ատեն, երբ Ան մեր կեանքը կը դիւրացնէ. թէ՞ կը սիրենք Զայն նաեւ, երբ մեր կեանքերը տագնապներով լեցուն է։ Ծաղկազարդը «դատավարութիւն» մըն է. որովհետեւ այն բերանները, որոնք 'Ովսաննա' աղաղակեցին, քանի մը օր ետք նոյն այդ բերանները պիտի գոչեն «Խաչեցէ՛ք զԻնք»։ Փորձութիւնը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. մեր հաւատքը արդեօ՞ք ժամանակաւոր զգացում մըն է, թէ՞ անսասան յանձնառութիւն, որ կը տոկայ նաեւ լռութեան ու տառապանքի պահերուն։ Յարմարաւէտութեան Թագաւորը մեզմէ միայն ձեւականութիւն կը պահանջէ։ Իսկ Փառաց Թագաւորը մեզմէ կը պահանջէ մեր «ես»-ին խաչելութիւնը եւ վերածնունդը։ Այսօր, երբ մեր ձեռքերուն մէջ կը բռնենք ձիթենիի օրհնուած ճիւղերը, հարց տանք մենք մեզի. արդեօ՞ք պատրաստ ենք այս ճիւղերը պահել նաեւ Գեթսէմանիի գիշերուան մէջ, թէ՞ զանոնք պիտի ձգենք այն պահուն, երբ մեր հանգիստը վտանգուի։

Ովսաննան պէտք չէ ըլլայ պարզ աղաղակ մը, այլ՝ ուխտ մը հաւատարմութեան:

Եթէ համեմատութիւն մը կատարենք Յիսուսի երուսաղէմ մուտքին եւ երկրորդ գալուստին, մեր առջեւը կը բացուի վախճանաբանական (eschatological) խորք մը՝ յիշեցնելով , որ Ծաղկազարդը միայն անցեալի յիշատակում մը չէ, այլ ապագայ յոյսի մը նախապատկերը։ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ եւ Անոր խոստացեալ Երկրորդ Գալուստը մեզի կը յայտնեն խոնարհութենէն դէպի փառք տանող աստուածային մեծ շրջադարձը։ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ՝ Առաջին գալուստը (Ծաղկազարդը) «քօղարկուած» մուտք մըն էր։ Ան եկաւ ծպտուած խոնարհութեան մէջ՝ որպէսզի փրկէ աշխարհը։ Անոր գահը աւանակն էր, իսկ թագը՝ փուշը։ Երկրորդ գալուստը պիտի ըլլայ «յայտնի» եւ բացայայտ։ Ան պիտի գայ Իր ամբողջ աստուածային շքեղութեամբ՝ որպէսզի թագաւորէ յաւիտեան։ Առաջին գալուստին, որուն յիշատակը այսօր կը տօնենք Ծաղկազարդով, Յիսուս եկաւ որպէս Բարի Հովիւ։ Անոր նպատակն էր փնտռել ու փրկել կորսուած ոչխարը։ Ան չեկաւ ահաբեկելու, այլ՝ կանչելու, բժշկելու եւ իր ուսերուն վրայ տանելու մոլորած մարդկութիւնը։ Այսօրուան «Ովսաննան» այդ Փրկիչին ուղղուած մեր երախտագիտութեան ձայնն է։

Սակայն, Երկրորդ Գալուստին՝ Ան պիտի գայ որպէս Արդար Դատաւոր։ Այլեւս պիտի չըլլայ փնտռելու ժամանակը, այլ՝ հունձքի պահը։ Այն ատեն Ան պիտի գայ ոչխարը այծեամէն զատելու համար (Մատթէոս 25:32): Այսօր Յիսուս կը բախէ մեր սրտի դռները՝ մեզ կանչելով դէպի Իր հօտը։ Այն օրը՝ Ան պիտի պահանջէ հաշիւը մեր հաւատարմութեան։

Ուստի, մինչ մեր մանուկները ուրախութեամբ կը ձայնակցին «Ովսաննա», եկէ՛ք մենք ալ ջանանք ըլլալ այն հաւատարիմ ոչխարները, որոնք կը ճանչնան իրենց Հովիւին ձայնը, որպէսզի Երկրորդ Գալուստին՝ Ան մեզ Իր աջ կողմը դասէ յաւիտենական փառքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2026, 09:48