«Սէրը՝ որպէս յաղթանակի աղբիւր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. (Ինչպէս գրուած է. ‘Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք’.) Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ՚ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բա»ները, Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։
Այս հատուածը, որ քաղուած է Ս. Պօղոսի Հռոմէացիներուն ուղղուած նամակէն (8:35-39) կը ներկայացէ քրիստոնէական հաւատքի ամենախորունկ եւ միեւնոյն ժամանակ ամենադժուար ընկալելի սկզբունքները։
Պօղոս առաքեալի թուարկած դժուարութիւնները (սով, սուր, հալածանք) սովորաբար կը դիտուին որպէս պարտութեան նշաններ։ Սակայն առաքեալը կը շրջէ այս տրամաբանութիւնը՝ ըսելով, որ մենք այս դժուարութիւնները ապրելով « աւելի յաղթող կ՚ըլլանք»: Այս յաղթանակը ոչ թէ մեր ուժով է, այլ Անով, որ մեզ սիրեց։ Սէրը այստեղ զգացում մը չէ, այլ անքակտելի կապ, որ զօրութիւն կու տայ դիմագրաւելու նոյնիսկ մահը։
Այսօրուայ աշխարհի մէջ, ուր տիրական է հաճոյապաշտութիւնը, «կեանքը չսիրել մինչեւ մահ» գաղափարը կրնայ անհասկնալի թուիլ, այլեւ կրնայ գայթակղութիւն ըլլալ: Ինչպէս որ Յիսուսի ժամանակին շատերը հեռացան, երբ Ան խօսեցաւ Իր Մարմնի եւ Արեան մասին, այսօր ալ մարդիկ կը խորշին այն հաւատքէն, որ զոհողութիւն կը պահանջէ։ Մնալ հաւատարիմ մինչեւ մահ հնարաւոր կ'ըլլայ միայն այն ատեն, երբ մարդը «ճաշակած է» Աստուծոյ սէրը։ Առանց այդ սիրոյ փորձառութեան, նահատակութիւնը կամ անձնազոհութիւնը կը թուին անիմաստ յամառութիւն։
Եկեղեցւոյ Հայրերու քարոզութիւնը մեզի կը յուշէ, թէ ներկայ մարդուն համար այս անըմբռնելի է, որովհետեւ՝ աշխարհը կը փնտռէ յաղթանակ մը՝ առանց զոհողութեան: Իսկ Հայրերը կը քարոզեն յաղթանակ՝ զոհողութեան միջոցով: Անոնք կը պնդեն, որ «Գառնուկին արիւնը» ոչ թէ անցեալի պատմութիւն է, այլ ներկայ զօրութիւն։ Եթէ մարդը չի ճաշակեր այդ սէրը, անոր համար քրիստոնէութիւնը կը մնայ լոկ բարոյախօսութիւն որ չի կարենար տոկալ փորձութիւններուն դիմաց։ Ս. Ներսէս Շնորհալիին քով, Պօղոս առաքեալի այս «անբաժանելի սիրոյ» գաղափարը կը ստանայ շատ գործնական եւ զգացական երանգներ: Ան շեշտը կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ Աստուծոյ սէրը ոչ թէ լոկ գաղափար է, այլ կենդանի ուժ, որ մարդուն կը դարձնէ անպարտելի: Հայրերը կը հաստատեն, որ մարդու միտքը կը մնայ «փակ», եթէ հոն Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չկայ:
Ոսկեբերան հայրը, մեկնելով Հռոմէացիս 8-րդ գլուխը, կը շեշտէ, որ Պօղոս առաքեալը չ՚ըսեր, թէ մենք պիտի չչարչարուինք, այլ կ՚ըսէ, որ այդ չարչարանքներուն մէջ պիտի յաղթենք. «Առաքեալը չըսաւ, թէ մենք վեր պիտի ըլլանք փորձութիւններէն, այլ թէ՝ պիտի յաղթենք անոնց։ Յաղթողը ան չէ, որ չի հարուածուիր, այլ ան՝ որ հարուածներուն տակ կը մնայ աննկուն։ Աստուծոյ սէրը այնքան զօրաւոր է, որ դժուարութիւնը կը դարձնէ դիւրին, իսկ դառնութիւնը՝ քաղցր»։ Յայտնութեան գիրքի «իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ» խօսքին ամենացայտուն օրինակը Սուրբ Իգնատիոսն է։ Դէպի Հռոմ՝ նահատակութեան երթալու ատեն, ան կը գրէր. «Թող գան կրակը, խաչը, գազաններու խմբակները... միայն թէ Յիսուս Քրիստոսին հասնիմ։ Այլեւս չեմ ուզում ապրել մարդկային ձեւով... Իմ սէրը (երկրայինը) խաչուած է, եւ իմ մէջ չկայ նիւթական կրակ, այլ կայ Կենդանի Ջուրը, որ ներսէս կ՚ըսէ՝ ' Եկուր Հօր մօտ '»։ Ս.Կիպրիանոս կը շեշտէ, որ քրիստոնեան կը յաղթէ միայն այն ատեն, երբ իր արիւնը կը միացնէ Քրիստոսի արեան. «Ոչ ոք կրնայ մարտիրոս ըլլալ, եթէ նախ Քրիստոս իր մէջ չապրի։ Մենք չէ որ կը յաղթենք, այլ Քրիստոսն է, որ կը յաղթէ մեր մէջ»։
Հայրերը կը սորվեցնեն, որ մահէն չվախնալը ոչ թէ կեանքը արհամարհել է, այլ աւելի մեծ Կեանք մը՝Քրիստոսը գտած ըլլալու արդիւնք։
Ս. Յովհաննէս առաքեալը կու տայ յաղթանակի յստակ բանաձեւը.« Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ (Յայտ. 12:11)»։
• Գառնուկին Արիւնը. Քրիստոսի կատարած փրկագործութիւնը (Աստուածային նախաձեռնութիւն)։
• Վկայութեան Խօսքը. Հաւատքի դաւանութիւնը եւ ապրելակերպը։
• Անձնուրացութիւն. Յաւիտենական կեանքի արժէքը երկրային կեանքէն վեր դասելը։
Այս խորհրդածութիւնը մեզ կը հրաւիրէ վերանայելու մեր կապը Աստուծոյ հետ։ Եթէ մեր հաւատքը հիմնուած է միայն «բարիքներ ստանալու» վրայ, ապա նեղութեան պահուն այն կը տատանուի։ Սակայն, եթէ այն հիմնուած է Պօղոս առաքեալի նկարագրած Անբաժանելի Սիրոյ վրայ, ապա ոչ մէկ արարած կրնայ յաղթել մեզի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ