Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (59)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

59.- ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱ­ՇՈՒՆ­ՉԻ ԱՌԱՋ­ՆԱ­ՀԵՐ­ԹՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ԾՐԱԳ­ՐԻՆ ՄԷՋ

Ունկնդրէ լուրը

Մ­խի­թար Աբ­բա­հօր դաս­տիարա­կու­թեան կո­րի­զը Սուրբ Գր­քի ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն էր, ինչ­պէս տե­սանք, ոչ որ­պէս իմա­ցու­թիւն եւ գի­տե­լիք, այլ կեան­քի ու­ղե­ցոյց, ապ­րե­լա­կեր­պի կա­նոն եւ իս­կու­թեան առ­հա­ւատ­չեայ։ Մխի­թար Աբ­բա­հայր հա­մո­զուած էր որ կրօ­նա­ւո­րի եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ան­հրա­ժեշտ յատ­կա­նի­շը՝ հո­գե­ւոր կեանքն էր եւ վար­դա­պետ, «քա­րոզ Բա­նին կե­նաց» կր­նար ըլ­լալ միայն Քրիս­տո­սի իս­կա­կան աշա­կեր­տը, Քրիս­տո­սի հետ­քե­րով քա­լող եւ Քրիս­տո­սի նմա­նող ան­ձը, որ ու­րա­ցած ամէն ինչ, մին­չեւ ան­գամ իր եսը՝ կը նուի­րուի քա­րո­զե­լու, աւե­տե­լու եւ ան­ձին օրի­նա­կով ցոյց տա­լու կա­տա­րե­լու­թեան ճա­նա­պար­հը։ Մխի­թար Աբ­բա­հայր նուի­րուած էր ազ­գի հո­գե­ւոր կեան­քի, աղօթ­քի հո­գիի եւ գի­տակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման։

Այս նպա­տա­կա­կէ­տին նա­խան­ձախն­դիր՝ Մխի­թար կը գուր­գու­րար իր աշա­կերտ­նե­րուն վրայ, օր ու գի­շեր կը հս­կէր անոնց վրայ, գի­տակ­ցե­լով որ չա­րը միշտ պի­տի փոր­ձէր խա­փա­նել, շե­ղել, խո­չըն­դո­տել անոնց ըն­թաց­քը։ Այս­պէս, առի­թը ներ­կա­յա­նա­լուն՝ որ­պէս ար­թուն եւ իս­կա­կան հո­վիւ կը մի­ջամ­տէ, սխա­լը կը մատ­նան­շէ, կը յան­դի­մա­նէ, ճիշտ ձե­ւը կը բա­ցատ­րէ եւ կը քա­ջա­լե­րէ ու­ղիղ ճա­նա­պար­հով շա­րու­նա­կե­լու։

­Դէպ­քը Մե­թո­նի մէջ կը պա­տա­հի, միաբա­նու­թեան տաս­նը­չոր­րորդ տա­րին, 171­3ին, երբ վա­նա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը տե­ղա­ւո­րուած էր ար­դէն նո­րա­կա­ռոյց վան­քին մէջ եւ ուս­ման նուի­րուող­նե­րը իրենց կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քը կը կա­տա­րէին։ Մխի­թար կը նշ­մա­րէ թէ ոմանք ոգի ի բռին նուի­րուած են գի­տա­կան առար­կա­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ան­տե­սե­լով հո­գե­ւոր հրա­հանգ­նե­րը, «ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու մէջ թու­լա­նա­լու եւ թե­րա­նա­լու աս­տի­ճան» կը գրէ ժա­մա­նա­կա­գի­րը՝ Հ. Մատ­թէոս։­

Օր մը Մխի­թար ուս­ման նուի­րուած աշա­կերտ­նե­րը դա­սա­րան կը հա­ւա­քէ, ապա ձեռ­քին տակ դրած Աս­տուա­ծա­շուն­չը, Նմա­նու­թեան գիր­քը եւ գի­տու­թիւն­նե­րու դա­սա­գիրք մը ներս կը մտ­նէ։ Աթո­ռին բազ­մե­լով Աս­տուա­ծա­շունչն ու Թով­մաս Գեմ­բա­ցիի Նմա­նու­թեան գիր­քը կը տե­ղադ­րէ սե­ղա­նին վրայ, իր ձախ կող­մը, իսկ դա­սա­գիր­քը՝ աջ կող­մը։ Սկիզ­բը աշա­կերտ­նե­րը չեն հասկ­նար այս արար­քին իմաս­տը, մին­չեւ որ Մխի­թար կը բա­ցատ­րէ. «Ի՞նչ­պէս կ՚ըլ­լայ որ ճիշտ կար­գը ձգած՝ հա­կա­ռա­կին հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լաք, գի­տա­կան առար­կա­նե­րը աջ կողմ կը դնէք՝ կար­ծես նպա­տակն ըլ­լային, իսկ աս­տուա­ծային հո­գե­ւոր գի­տու­թիւ­նը իբ­րեւ երկ­րոր­դա­կան՝ ձախ կողմ կը դնէք։ Հո­գե­ւո­րով սկ­սած՝ մարմ­նա­ւո­րով կ՚ա­ւար­տէք։ Այդ­պէս թող չըլ­լայ, որ­դեակ­ներս. այ­սու­հե­տեւ մի՛ շա­րու­նա­կէք այդ ծուռ ճամ­բէն քա­լել, այլ ձեր սր­տե­րը սկզբ­նա­կան ու­ղիղ ճամ­բուն մէջ հաս­տա­տե­ցէք։ Աս­տուա­ծային մա­տեան­նե­րու եւ առա­քի­նի վար­քի վար­ժու­թիւ­նը՝ որ­պէս ամ­բողջ ուս­ման նպա­տակ՝ աջ կող­մը դրէք, իսկ գի­տա­կան առար­կա­նե­րու ու­սու­մը՝ որ­պէս անոր սպա­սա­ւո­րը՝ ձախ կող­մը, այս ձե­ւով»։ Այս խօս­քին վրայ Մխի­թար Աբ­բա­հայր կը տե­ղա­փո­խէ սե­ղա­նի վրայ դա­սա­ւո­րած գիր­քե­րը՝ աջ կողմ տա­նե­լով Աս­տուա­ծա­շունչն ու հո­գե­ւոր կեան­քի ու­ղե­ցոյ­ցը՝ Թով­մաս Գեմ­բա­ցիի Նմա­նու­թեան գիր­քը, եւ ձախ կողմ տանելով գիտութիւններու դասագիրքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 07:30