2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (58)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

58.- ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ՈՒ­ՍՈՒՄ­ՆԱ­ԿԱՆ ԾՐԱ­Գ­ՐԻՆ ՆՊԱ­ՏԱ­ԿԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Թէ Մխի­թար Աբ­բա­հայր ի՛նչ բա­նի հե­տա­մուտ էր իր աշա­կերտ­նե­րը ուս­ման նուի­րե­լով, մե­զի բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը հա­ղոր­դէ վան­քի ժա­մա­նա­կա­գի­րը՝ Հ. Մատ­թէոս Եւ­դո­կիացին, հա­ւա­տար­մօ­րէն մէջ­բե­րե­լով հիմ­նադ­րի խօս­քե­րը շատ հե­տաքրք­րա­կան մի­ջա­դէպ մը պատ­մե­լու առի­թով։

­Ժա­մա­նա­կա­գի­րը կը մէջ­բե­րէ. «Մ­խի­թար աւել­ցուց. “դուք շատ լաւ գի­տէք, որ սկիզ­բը, մեր միաբա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու պա­հուն, երբ ըն­դու­նե­ցայ որ աշա­կեր­տիք ին­ծի, ոչ թէ գի­տա­կան առար­կա­նե­րու ու­սու­մը մեր միաբա­նու­թեան նպա­տակ դրի, այլ աս­տուա­ծային գիր­քե­րու վարժ ու­սու­մը, այդ ալ ոչ միայն մտ­քի հրա­հան­գում կամ գոց սոր­վե­լով, այլ խօս­քե­րը կեան­քի վե­րա­ծե­լով՝ եւ այդ­պէս մեր ազ­գի ժո­ղո­վուր­դին քա­րո­զե­լու հա­մար։ Մինչ­դեռ գի­տա­կան առար­կա­նե­րու ու­սու­մը՝ այն մտ­քով ձե­զի առա­ջար­կե­ցի, որ­պէս­զի փու­թա­ջա­նօ­րէն հրա­հան­գուիք անոնց ուս­ման մէջ այն­քա­ն որ­քա­ն օգ­տա­կար կ՚ըլ­լան աս­տուա­ծային գիր­քե­րու իմաստ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան, առանց ձեր ամ­բողջ ջան­քը անոնց ուղ­ղե­լու”» (1713, §3)։

Մ­խի­թա­րի խօս­քե­րը եւ նպա­տա­կը արե­ւու լոյ­սի նման բա­ցա­յայտ են. իր աշա­կերտ­նե­րուն յս­տակ ըսած էր, առա­ջին օրէն իսկ, երբ ու­զած էին իրեն աշա­կեր­տիլ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ կից իր բնա­կա­րա­նին մէջ, թէ Աս­տուա­ծա­շուն­չի մա­տեան­նե­րը խո­րա­թա­փանց եւ ման­րազն­ին պի­տի ու­սում­նա­սի­րէին՝ ոչ որ­պէս լոկ գի­տու­թիւն, կամ մտային վար­ժու­թիւն եւ յի­շո­ղու­թեան հրա­հան­գում, այլ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը կեան­քի վե­րա­ծե­լու հա­մար, գոր­ծադ­րե­լով Քրիս­տո­սի ու­սու­ցու­մը, պա­տուէր­ներն ու յոր­դոր­նե­րը, իրենց բո­լոր նր­բե­րանգ­նե­րով եւ ամե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ, այն միակ նպա­տա­կով՝ որ ժո­ղո­վուր­դին քա­րո­զէին Քրիս­տո­սի Խօս­քը՝ իր հետ­քե­րով քա­լե­լով եւ Իր օրի­նա­կով՝ որ նախ գոր­ծադ­րեց եւ ապա սոր­վե­ցուց, ինչ­պէս առա­քեալը կ՚ը­սէ։­

Այս առաջ­նային նպա­տա­կին պի­տի ծա­ռայէր մնա­ցած գի­տու­թիւն­նե­րու ու­սում­նա­ռու­թիւնն ու հրա­հան­գու­մը։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Գիր­քը լա­ւա­գոյն կե­րպով ըմբռ­նե­լու եւ անոր բազ­մա­շերտ իմաստ­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար՝ մարդ­կային իմա­ցա­կա­նու­թեան հնա­րա­ւոր բո­լոր գի­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծի­քա­կազմն ան­հրա­ժեշտ է, ամ­բող­ջա­կան եւ հա­մա­պար­փակ տե­սու­թիւնն ապա­հո­վե­լու եւ միաժա­մա­նակ զու­գա­հեռ­ներ տա­նե­լու հա­մար տար­բեր քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ, ճշգր­տե­լով պատ­մա­կան դէպ­քերն ու դէմ­քե­րը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր յա­տուկ պա­րու­նա­կին մէջ տե­ղադ­րե­լով, եւ այսպէս ապահովելով լա­ւա­գոյն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը։­

Այս ու­ղիով ըն­թա­ցաւ Մխի­թար Աբ­բա­հայր եւ ան­ձամբ իրա­գոր­ծեց եւ պար­գե­ւեց հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն Աս­տուա­ծա­շուն­չի իր ժա­մա­նա­կի նո­րա­գոյն եւ հա­մե­մա­տա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Զու­գա­հե­ռա­բար, միեւ­նոյն մտա­հո­գու­թեամբ ան յօ­րի­նեց մեկ­նո­ղա­կան տար­բեր աշ­խա­տու­թիւն­ներ՝ դժուա­րի­մաց մա­տեան­նե­րու ըն­կա­լու­մը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար։ Անոնց­մէ միայն Ժո­ղո­վո­ղի եւ Մատ­թէոսի Աւե­տա­րա­նի­ մեկ­նու­թիւ­նը կարցաւ տպագ­րու­թեան յանձ­նել, եւ հուսկ Հայ­կա­զեան Բա­ռա­րա­նը պար­գե­ւեց ազ­գիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2026, 07:30