Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (57)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

57.- ՄԽԻ­ԹԱ­Ր ԿԸ ԹԱՐԳ­ՄԱ­ՆԷ Ս. ԹՈՎ­ՄԱՍ ԱԳՈՒԻ­ՆԱ­ՑԻԻ ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱ­ԲԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Մ­խի­թա­րի առա­ջին աշա­կերտ­նե­րը կ՚ա­ւար­տեն իմաս­տա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քը՝ քե­րա­կա­նու­թիւն, հռե­տո­րու­թիւն, բնա­գի­տու­թիւն, քա­ղա­քա­գի­տու­թիւն եւ բնա­զան­ցու­թիւն, իսկ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան ուսման դա­սա­գիրք չկար... հին ժա­մա­նակ­նե­րէ թարգ­մա­նուած հա­տուած­ներ կային միայն, եւ կամ Մեծ Ալ­պեր­տի հա­մա­ռօ­տու­թիւ­նը եւ մաս­նա­կի հար­ցե­րու մա­սին որոշ գրու­թիւն­ներ։ Ուս­տի Մխի­թար Աբ­բա­հայր 171­2ին կը ձեռ­նար­կէ Ս. Թով­մաս Ագուի­նա­ցիի ամ­բող­ջա­կան աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւ­նը թարգ­մա­նել։

Հ. Յով­հան­նէս Վար­դա­պետ Հռո­մէն իր հետ բե­րած էր զա­նա­զան օգ­տա­շատ գիր­քեր, շատ հա­ւա­նա­բար Մխի­թա­րի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, որոնց մէջ էր նաեւ Թով­մաս Ագուի­նա­ցիի «Բո­վան­դա­կու­թիւն Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան» եր­կին ամ­բող­ջա­կան հա­տոր­նե­րը։

Մ­խի­թար տա­րի­ներ առաջ, ար­դէն իսկ 170­6ին, նա­խա­պատ­րաս­տուած էր այս պա­հին, յանձ­նա­րա­րե­լով Հ. Յով­հան­նէ­սին Հռո­մի մէջ սպաս­ման ըն­թաց­քին ժա­մա­նա­կը օգ­տա­գոր­ծել լա­տի­նե­րէն եւ իտա­լե­րէն լե­զու­նե­րը զար­գաց­նե­լու եւ տի­րա­պե­տե­լու։ Այս­պէս երբ Հ. Յով­հան­նէս 171­2ին կը վե­րա­դառ­նայ Մե­թոն, Մխի­թա­րի կ՚ա­ջակ­ցի թարգ­մա­նա­կան գոր­ծին մէջ։ Ժա­մա­նա­կա­գի­րը կը գրէ. «Ա­պա հրա­մայեց Հ. Յով­հան­նէս Վրդ­.ին Ս. Թով­մա­սի աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան առա­ջին մա­սին թարգ­մա­նու­թեան սկիզբ տալ։ Եւ այն ինչ որ կը թարգ­մա­նէր, ին­քը, մեր Աբ­բա­հայ­րը մեծ ջան­քով կը սր­բագ­րէր եւ բա­ռե­րը մեր լե­զուին պատ­շաճ կար­գով դա­սա­ւո­րե­լով՝ լոյս կ՚ըն­ծայէր։ Անոր [Հ. Յով­հան­նէ­սին] ցոյց կու տար թարգ­մա­նու­թեան ըն­թաց­քին հան­գա­մանք­նե­րը եւ կը քա­ջա­լե­րէր զին­քը այս մեծ ու ծանր աշ­խա­տան­քին մէջ։ Շարք մը «խն­դիր»­ներ թարգ­մա­նե­լէ եւ բա­զում տար­բեր օրի­նա­կու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, մեր Աբ­բա­հայ­րը սկ­սաւ դա­սա­ւան­դել իր աշա­կերտ­նե­րուն այս վար­դա­պե­տու­թիւ­նը»։ Այս խօս­քե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն որ Մխի­թար Աբ­բա­հայր կը կա­տա­րէ իր թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տու­թիւ­նը Հ. Յով­հան­նէ­սի օգ­նու­թեամբ, որ նա­խար­տա­կը կը կազ­մէր, առա­ջին փոր­ձը կը կա­տա­րէր եւ ապա Մխի­թար կը սր­բագ­րէր եւ կը վե­րա­կազ­մէր նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը, յս­տակ, դիւ­րըմբռ­նե­լի եւ ճշգ­րիտ իմաս­տը տա­լով իւ­րա­քան­չիւր ան­ցքի։

Մ­խի­թա­րեան դի­ւա­նին մէջ պա­հուած է Հ. Յով­հան­նէս Վրդ­.ի ձե­ռա­գի­րը, որուն մէջ ստէպ Մխի­թար Աբ­բա­հօր ձե­ռա­գի­րով կա­տա­րուած սր­բագ­րու­թիւն­ներ, ջն­ջում­ներ եւ յա­ւե­լում­ներ ու խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ կը գտ­նենք։ Այս հա­տո­րը Ագուի­նա­ցիի առա­ջին հա­տո­րի 1-43 հար­ցե­րը կը պա­րու­նա­կէ։ Միեւ­նոյն հա­տուած­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւն մը եւս կը գտ­նենք, աւե­լի կո­կիկ օրի­նա­կուած, որ բո­լո­րո­վին կը տար­բե­րի Հ. Յով­հան­նէ­սի թարգ­մա­նու­թե­նէն։ Այս եր­կու հա­տոր­նե­րու հա­մե­մա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ կը հա­մո­զուինք որ Հ. Յով­հան­նէ­սի թարգ­մա­նու­թիւ­նը կի­սատ ձգուած պէտք է ըլ­լայ եւ Մխի­թար Աբ­բա­հայր 171­3ին Մե­թո­նի մէջ բո­լո­րո­վին նո­րո­վի թարգ­մա­նու­թեան ձեռ­նար­կած պէտք է ըլ­լայ, երեք հա­տոր­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ աւար­տե­լու հա­մար 171­6ին Վե­նե­տի­կի մէջ։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 07:30