Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (56)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

56.- ԿՂԵ­ՄԷՍ ԺԱ. ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅԱ­ՊԵ­ՏԸ ԿԸ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏԷ ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ՍԱՀ­ՄԱ­ՆԱԴ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հ. Յով­հան­նէս վար­դա­պե­տը վեր­ջա­պէս 171­2ին կը վե­րա­դառ­նայ Հռո­մէն, իր հետ բե­րե­լով այդ­քան ակն­կա­լուած սահ­մա­նադ­րու­թեան օրի­նա­կը՝ որ Հռո­մի Պապ Կղե­մէս ԺԱ. հաս­տա­տած էր որ­պէս Ս. Ան­տոն Անա­պա­տա­կա­նի անուան նուի­րուած հայ կրօ­նա­ւոր­նե­րու իրա­ւա­կան կա­նո­նա­գիր­քը։ Ասոր հի­ման վրայ Մխի­թա­րի շուրջ հա­մախմ­բուած հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը ստա­նար Հռո­մի հաս­տա­տու­մը եւ լիիրաւ կրօ­նա­ւո­րա­կան միաբա­նու­թիւն կը ճանչ­ցուէր կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ մէջ։­

Եօթ եր­կար տա­րի­նե­րու համ­բե­րա­տար աշ­խա­տան­քի պտուղն էր։ Ար­դա­րեւ Մխի­թար վեց տա­րի առաջ, 1705 թուա­կա­նին Հռոմ ղր­կած էր Հ. Եղիա վար­դա­պետն ու Հ. Յով­հան­նէս վար­դա­պե­տը՝ Քա­հա­նա­յա­պե­տին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար իր եւ հա­մա­խոհ­նե­րուն դի­մում­նա­գի­րը՝ Մե­թո­նի մէջ վանք ստեղ­ծե­լու, ըն­դու­նե­լով Հռո­մի Պա­պի գե­րա­գա­հու­թիւ­նը եւ նուի­րուե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ կա­թո­ղի­կէ հա­ւատ­քը քա­րո­զե­լու, ի տես եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան, որ­պէս գե­րա­գոյն նպա­տակ եւ Տի­րոջ փա­փա­քը իրա­կա­նաց­նե­լու ճա­նա­պարհ։­

Այս գոր­ծըն­թա­ցը եր­կա­րե­լով՝ տա­րի մը ետք, 170­6ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Մխի­թար Հ. Եղիան Մե­թոն կը կան­չէ, եւ 170­7ին, միաբան­նե­րու ապ­րուս­տը ապա­հո­վե­լու հա­մար, զինք Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կ՚ու­ղար­կէ քա­րո­զե­լու եւ վանք հասց­նե­լու նուի­րուա­տուու­թիւն­ներն ու պա­տա­րա­գու­ցը, քա­նի որ ծայ­րայեղ աղ­քա­տու­թեան մէջ էին։

Հ­ռո­մի Սուրբ Աթո­ռը Մխի­թա­րի միաբա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար նախ որոշ յս­տա­կում­ներ կը պա­հան­ջէ կա­նո­նա­կան յօ­դուած­նե­րու նկատ­մամբ, որ Մխի­թար ներ­կա­յա­ցու­ցած էր, որ­պէս Ս. Ան­տոն Անա­պա­տա­կա­նի հե­ղի­նա­կած կա­նոն­ներ։ Եւ քա­նի որ տա­կա­ւին կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ըն­դու­նուած չէին ան­տո­նեան կա­նոն­նե­րը, կ՚ա­ռա­ջար­կեն ընտ­րել ըն­դու­նուած երեք կա­նոն­նե­րէն մէ­կը. Սուրբ Օգոս­տի­նո­սի­նը կամ Սուրբ Բե­նե­դիկ­տո­սի­նը եւ կամ Սուրբ Դո­մի­նի­կո­սի­նը։ Մխի­թար իր միաբա­նա­կից­նե­րուն հետ միասին կ՚ո­րո­շէ Սուրբ Բե­նե­դիկ­տո­սի կա­նո­նը ընտ­րել, իրենց պատ­կե­րա­ցու­ցած կեան­քին աւե­լի հա­մա­հունչ գտ­նե­լով, սա­կայն յա­ւե­լե­լով չոր­րորդ ուխ­տը՝ առա­քե­լա­կան կեան­քը ապա­հո­վե­լու հա­մար իրենց կա­ցու­թեան։

­Բա­ցի այս իրա­ւա­կան նր­բե­րանգ­նե­րէն, Հռոմ ու­սա­նած հայ կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ բազ­մա­թիւ ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ հա­սած էին Սուրբ Աթոռ, թէ Մխի­թա­րի ու­ղար­կած քա­րո­զիչ­նե­րը անուս եւ տգէտ են, հա­ւատ­քի որոշ կէ­տե­րու մա­սին թե­րի եւ ան­ճիշտ վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ կ՚ու­սու­ցա­նեն, եւ իրենց հիմ­նա­դի­րը կը գե­րա­համ­բա­ւեն։­

Այս բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րը հար­թե­լու հա­մար Մխի­թար ման­րակր­կիտ քն­նու­թիւն­նե­րուն եւ յս­տա­կում­նե­րուն կը պա­տաս­խա­նէ, Հռոմ ու­ղար­կե­լով նա­խա­պէս ու­նե­ցած երաշ­խա­ւո­րագ­րե­րը եւ տար­բեր հե­ղի­նա­կա­ւոր ան­ձե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս Կորն­թո­սի Ան­ճե­լոյ Գառ­լին Եպիս­կո­պո­սի, Պե­ղո­պո­նէ­սի Կա­ռա­վա­րի­չի, Մո­ռէայի Ծո­վա­կա­լի հա­ւաս­տագ­րե­րը։ Այս­պէս Մխի­թար կը յա­ջո­ղի զր­պար­տու­թիւն­նե­րու այս առա­ջին հանգ­րուա­նը գե­րա­զան­ցել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 07:30