«Ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի». Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն
«Դու ես Վէմ, ու այդ Վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս» (Մատթէոս 16,13), Պետրոս Առաքեալին ուղղուած սոյն խօսքերը, ծանր եւ ուժեղ կը հնչեն այսօր:
Որովհետեւ այդ Քրիստոսակերտ Եկեղեցին, մեզ դէմ յանդիման կը դնէ Փրկագործութեան անճառելի Խորհուրդին ա'յն շնորհաբաշխ վայրկեանին, երբ երկինքն ու երկիրը իրարու կը հանդիպին, եւ Աստուծոյ Յաւիտենական Բանը՝ Հօր ծոցէն իջնելով մարդկային բնութիւն կը ստանայ Սուրբ Կոյս Մարիամի անարատ արգանդին մէջ։
Խօսքը կը վերաբերի Ս. Աւետման տօնին, որ յատուկ տեղ կը գրաւէ Քառասնորդաց ապաշխարողական շրջանին մէջ, մեզի յիշեցնելով, թէ Աստուծոյ կենարար գործը կրնայ փրկանաւորել ամէն սիրտ, ուր լռութիւն, խոնարհութիւն եւ հաւատք կը տիրեն :
Մեծ Պահքի այս շրջանին, մինչ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ պահեցողութեան, աղօթքի եւ սրտի մաքրութեան, մեզի լսելի կ'ընէ Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետած օրհնաբեր պատգամը՝ առ Նազարեթի դուստրը. «Ուրախացի՛ր, շնորհքներով լի, Տէրը քեզի հետ է» (Ղուկաս 1, 28)։
Ո՛չ իշխանական պալատին մէջ, ո՛չ ալ բազմութեան ժխորին մէջ, այլ՝ աննշան քաղաքի մը նոյնքան ալ անփառունակ տունի մը սրբազան լռութեան մէ՛ջ է, որ կը յայտնուի մարդկութեան Փրկագործութեան ծրագիրը։ «Շնորհքներով լի» (Ղուկաս 1, 29) Կոյս Մարիամ, կը դառնայ կենդանի տաճար, ուր Աստուծոյ Միածին Որդին բնակութիւն կը հաստատէ։
Ս. Կոյսը չի՛ պահանջեր բացատրութիւն, այլ՝ հաւատքով կը խոնարհի Աստուծոյ կամքին առջեւ եւ կ'արտասանէ այն վեհախօս պատասխանը, որ դարերու ընդերքներէն կ'արձագանգէ իբրեւ փրկութեան լաստը մարդկութեան. «Ահաւա՛սիկ, Տիրոջ աղախինն եմ, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկաս 1, 38):
Քառասնորդաց շրջանին, Աւետման տօնը մեզ կը տանի դէպի Զատկական լուսաշող բերկրութիւնը՝ Խաչի ու հնազանդութեան ուղիներով։
Մարիամի«Այո'» պատասխանը սկիզբն է այն ճանապարհին, որմեզ կ'առաջնորդէ դէպի Գողգոթա, ու կը յանգի Յարութեան փառքին մէջ։
Այսպէս, Խաչին Խորհուրդը կը սկսի Նազարեթէն։
-Արդեօք մենք ալ ունի՞նք Մարիամի նման լսող ականջ եւ հնազանդ սիրտ։
-Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր կամքը յանձնառու կերպով ենթարկելու աստուածային կամքին, նոյնիսկ երբ ան պահանջէ զոհաբերութիւն եւ անձնուրացութիւն։
Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան ապաւինելով, շնորհք հայցենք՝ Քառասնորդաց ապաշխարողական ժամանակամիջոցին մեր հոգիները մաքրել կարենալու համար, որպէսզի մեր հաւատքը աւելի հզօրանայ՝ կրկնելու համար Նազարեթի Կոյսին գերազանց խօսքերը.
«Ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ