Որոնել

2023.01.26 beatitudini, sole, luce, felicita

Կեանք-Պարգեւը - Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Հաւատացեալի աղօթքին պատասխանը

Ադամ չորեքշաբթի գիշերուան Աստուածաշունչի սերտողութեան ներկայ կը գտնուի: Հովիւը զԱստուած մտիկ ընելու եւ անոր խօսքին հնազանդելու մասին կը խօսի: Ադամ կը զարմանայ եւ ինքզինքին հարց կու տայ. «Աստուած տակաւին մարդոց հետ կը խօսի՞»:

Աստուածաշունչի սերտողութենէն ետք Ադամ ընկերներուն հետ սուրճ խմելու կ՛երթայ, եւ միասնաբար հովիւին ըսածներուն մասին կը զրուցեն: Շատեր կը պատմեն, թէ Աստուած ինչպէ՛ս իրենց հետ խօսած է եւ` զիրենք առաջնորդած: Ժամը 10:00-ին խումբը կը ցրուի: Ադամ ինքնաշարժ կը մտնէ եւ իր տունը կ՛ուղղուի` աղօթելով. «Ո՜վ Աստուած, եթէ տակաւին մարդոց հետ կը խօսիս, ինծի հետ ալ խօսէ: Քեզ ուշադրութեամբ մտիկ պիտի ընեմ եւ պիտի հնազանդիմ քեզի»:

Մինչ Ադամ ինքնաշարժը կը վարէր, յանկարծ ներքին մղում մը կ՛ունենայ խանութ մը մտնելու եւ կաթ գնելու: Ան գլուխը կը ցնցէ եւ բարձրաձայն հարց կու տայ. «Ո՜վ Աստուած, դո՞ւն ես զիս խանութ առաջնորդողը»: Երբ պատասխան չի ստանար, ինքնաշարժէն դուրս չ՛ելլեր եւ ճամբան կը շարունակէ: Քիչ ետք դարձեալ կաթ գնելու մղումը կ՛արթննայ մէջը:

Ադամ կը յիշէ Աստուածաշունչի այն դրուագը, երբ Սամուէլ լսած էր Աստուծոյ ձայնը ու չէր ճանչցած եւ խորհելով, որ Հեղին էր զինք կանչողը` անոր մօտ գացած:

«Շատ լաւ, ո՜վ Աստուած, կը կարծեմ, թէ Դուն ես զիս դրդողը. պիտի գնեմ կաթը», կը տրամաբանէ Ադամ: Հնազանդութեան հեշտ ընդառաջում մըն է կատարածը. ի վերջոյ կաթը պիտի չվատնուէր: Կը գնէ կաթը եւ տան ճամբան կը բռնէ:

Երբ Եօթներորդ փողոցը կը հասնի, Ադամ նոյն ներքին մղումը կը զգայ: Ձայն մը կը հրահանգէ իրեն. «Ա՛յս փողոցը մտիր»: Նախ ձայնին չի՛ հնազանդիր եւ ճամբան կը շարունակէ. սակայն կը վերադառնայ եւ` «Եղաւ, ո՜վ Աստուած, ահա մտայ» կը յարէ ու փողոցը կը մտնէ:

Ինքնաշարժը քիչ մը վարելէն ետք Ադամ կը զգայ, որ պէտք է կանգ առնէ: Մայթին քով կը կանգնի եւ շուրջը կը դիտէ: Քանի մը խանութներ կը տեսնէ եւ կ՛անդրադառնայ, որ աղքատ դասակարգի մարդոց դրացնութեան մէջ կը գտնուի: Խանութները փակ են եւ տուներուն լոյսերը` մարած: Կարծէք մարդիկ արդէն անկողին մտած են:

Ձայնը նորէն կը հնչէ. «Գնա՛, կաթը դիմացի տունի մարդոց տո՛ւր»: Կատարեալ խաւարի մէջ եղող տունին կը նայի Ադամ: Կը փափաքի ինքնաշարժին դուռը բանալ, կը տատամսի եւ տեղէն չի շարժիր:

«Ով Տէ՜ր, այս ի՜նչ անհեթեթութիւն է: Մարդիկը քնացած են, եւ եթէ այս ժամուն զիրենք արթնցնեմ, պիտի բարկանան ու զիս խենթի տեղ դնեն», կ՛ըսէ Ադամ եւ միաժամանակ կը մղուի երթալու ու կաթը տալու: Վերջապէս ինքնաշարժին դուռը կը բանայ եւ կը շարունակէ խօսիլ. «Շատ լաւ, ո՜վ Աստուած, եթէ Դուն կը հրահանգես, պիտի երթամ ու կաթը տամ, նոյնիսկ եթէ զիս խենթ համարեն: Այո՛, պիտի հնազանդիմ քեզի: Սակայն երբ մէկ անգամ դուռին զանգը զարնեմ, եւ դուռը չբանան, կաթը ետ պիտի բերեմ ու անմիջապէս ինքնաշարժ մտնեմ»:

Ադամ կ՛երթայ եւ զանգը կը զարնէ: Ներսէն մարդ մը կը գոռայ. «Ո՞վ է: Ի՞նչ կ՛ուզէք», եւ գիշերանոց հագած մարդը դուռը կը բանայ: Ան յայտնօրէն դժգոհ է, որովհետեւ անծանօթ մարդ մը իր քունը խանգարած էր այս անյարմար ժամուն: «Ի՞նչ կայ», խստօրէն կը պոռայ Ադամին երեսին:

«Քեզի կաթ բերի», կ՛ըսէ Ադամ: Մարդը կը յափշտակէ կաթին շիշը եւ ներս կը խուժէ:

Քանի մը երկվայրկեան ետք կաթին շիշը բռնած կին մը դէպի խոհանոց կ՛երթայ, մինչ մարդը մանուկ մը շալկած կը հետեւի կնոջ: Մանուկը բարձրաձայն կու լայ, իսկ մարդուն աչքերէն արցունք կը հոսի:

Արցունքը զսպելով` մարդը այսպէս կ՛ըսէ. «Ճի՛շդ հիմա, ընտանեօք կ՛աղօթէինք: Ահագին վճարում ունէինք այս ամիս, եւ մեր դրամը հատած էր: Նոյնիսկ մեր երեխային կաթ գնելու դրամ չունէինք: Աստուծմէ միայն կը խնդրէի, որ կերպով մը մեր երեխային կաթ ճարէի»:

Մինչ այդ կինը խոհանոցէն կը պոռայ Ադամին. «Աստուծմէ խնդրած էի, որ հրեշտակ մը ղրկէր մեզի: Դուն հրեշտա՞կ ես»:

Ադամ դրամապանակը կը հանէ, ամբողջ դրամը մարդուն ափին մէջ կը պարպէ եւ փութով իր ինքնաշարժը կը վազէ` յորդառատ արցունք թափելով: Ան խորապէս կը գիտակցի, որ Աստուած տակաւին եւ միշտ աղօթքներուն պատասխան կու տայ…

Աթէնք, 15 մարտ 2026    

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն անգլերէն յօդուածէ մը):

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2026, 10:02