Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի կոչեր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը` հաւատացեալները հրաւիրած է աղօթելու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար՝ ի տես բռնութեան աճող սրացման։
Քանատայի եպիսկոպոսներուն կոչը
Մշտական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ եպիսկոպոսները իրենց խոր մտահոգութիւնը կ՛արտայայտեն շրջանի տարբեր երկիրներ ներառող հակամարտութեան առնչութեամբ, յիշեցնելով Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը, ըստ որոնց խաղաղութիւնը զէնքերով չի կառուցուիր, այլ՝ պատասխանատու երկխօսութեան միջոցաւ։
Մեծ Պահքի այս ժամանակաշրջանին եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն կաթողիկէ հաւատացեալներուն Աստուծմէ խնդրելու արդարութեան, հաշտութեան եւ իսկական խաղաղութեան պարգեւը, աղօթելով նաեւ, որ քաղաքական եւ զինուորական առաջնորդները ընտրեն իմաստութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհը։
Նման կոչ մը կատարեց նաեւ Հռոմի թեմը, որ Մեծ Պահքի երրորդ կիրակիին առիթով հրաւիրեց հաւատացեալները Սուրբ Պատարագներու ընթացքին աղօթելու պատերազմներու զոհերուն եւ հակամարտութիւններու աւարտին համար։
Հռոմի Թեմէն ներս աղօթքներ
Հռոմի թեմի եպիսկոպոսները իրենց միտքը կը յղեն «յատկապէս այն քրիստոնեայ համայնքներուն, որոնք ներկայ են այդ հողերուն վրայ։ «Այս համայնքները կը շարունակեն ըլլալ «յոյսի, երկխօսութեան եւ եղբայրութեան նշան տարբեր ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ, եւ այս պատճառով արժանի են մեր մերձեցման, մեր սիրոյ եւ մեր հոգեւոր աջակցութեան» կը գրեն Եպիսկոպոսները յիշեցնելով նաեւ, թէ խաղաղութիւնը «չի ծնիր միայն զէնքերու բացակայութենէն, այլ կը պահանջէ արդարութիւն, անկեղծ երկխօսութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ իւրաքանչիւր անձի ու իւրաքանչիւր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը ճանչնալու կամք»։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին նախաձեռնութիւնը
Այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յղում կը կատարուի Մարտ 13-ին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին կողմէ կազմակերպուած խաղաղութեան համար աղօթքի եւ պահեցողութեան նախաձեռնութեան, միասին աղօթելու` «բռնութեան զոհերուն, վիրաւորներուն, տեղահանուածներուն եւ բոլոր ընտանիքներուն համար, որոնք կ՛ապրին տագնապի մէջ»։
Սոյն ձեռնարկը վստահելով Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան` որպէսզի ան աջակցի բոլոր ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հաշտեցման, երկխօսութեան եւ եղբայրութեան հաստատման, եպիսկոպոսները կը հայցեն որ «Տէրը մեզ դարձնէ հաշտեցման, խաղաղութեան եւ յոյսի գործիքներ աշխարհին համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ