2026.02.27 San Gregorio di Narek - Dottore della Chiesa

ԱՂՕԹՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սատա՛ր կանգնէ մեզի, Մա՛յր, խաղաղութեան այս անձկալի բաղձանքին մէջ։ Թող հզօրներուն սիրտերը դէպի սէր դառնան, եւ անոնց ծրագիրները աւերի փոխարէն` յոյս սերմանեն։
Ունկնդրէ աղօթքը

Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիա՛մ, միաձայն քեզի կը պաղատինք. աշխարհին համար խաղաղութիւն հայցէ՛։

Աղքատներուն լացը Աստուծոյ կը բարձրանայ, ժողովուրդներուն յուսահատութիւնը խաղաղութի՜ւն կ’աղաղակէ։ Տկարներուն վախը զինադադար կ'աղերսէ, մանուկներուն արցունքները ապահով ապագայ կը խնդրեն։

Սատա՛ր կանգնէ մեզի, Մա՛յր, խաղաղութեան այս անձկալի բաղձանքին մէջ։ Թող հզօրներուն սիրտերը դէպի սէր դառնան, եւ անոնց ծրագիրները աւերի փոխարէն` յոյս սերմանեն։

Մեր ձեռքերը կը բարձրացնենք դէպի երկինք, որովհետեւ քեզի հետ, Մա՛յր, կ’ուզենք Աստուծմէ խնդրել՝ որ խոնարհեցնէ հզօրները եւ սանձէ մահուան հողմերը։

Մեզի հետ մնա', Մարիա՛մ, Թագուհի խաղաղութեան, նոր օրուան արշալոյսի այս վստահալից սպասումին մէջ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 09:00