2026.03.17 Preghiera per la pace nel convento di Bzommar

ԱՂՕԹՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Շնորհէ, խաղաղութիւնդ վիրաւոր ժողովուրդներուն ու հովուէ՛ մեզ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ սիրոյ արօտավայրերուն մէջ, ուր կը թագաւորէ Քու սիրելի Որդիիդ ամենասուրբ սիրտը։

Ո՜վ երկնաւոր Հայր, Արարիչ երկնքի եւ երկրի, Քու երկնային արդարութեամբդ իշխէ՛ մեր տառապող աշխարհին վրայ։

Ու մենք, խոնարհաբար կը հայցենք Քու աստուածային ողորմութեանդ միջամտութիւնը։

Թող որ Քու խաղաղութիւնդ ողողէ այս աշխարհի բոլոր բնակիչները։ Տո՛ւր մեզի երկնային շնորհքներդ մեր հոգիներուն փրկութեան համար։

Ազատէ՛, Տէ՛ր, քու ժողովուրդդ պատերազմներու եւ եղբայրասպան կռիւներու արհաւիրքէն։

Ահա այսօր, իմ անձս, ընտանիքս, երկիրս, քաղաքս եւ ամբողջ աշխարհը կը նուիրաբերեմ Ս. Կոյս Աստուածածնի՝ «Թագուհի եղբայրակցութեանց» ձեռքերուն մէջ։

Սէր եւ ուրախութիւն սփռէ սրտերուն մէջ, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն տարածէ աշխարհի բոլոր ծագերը։

Թո՛ղ որ երջանկութիւնը փոխարինէ արցունքներուն եւ սէրը կռիւներուն։

Բժշկէ՛, Տէ՛ր, ամբողջ աշխարհը տառապանքներէն, հիւանդութիւններէն եւ ժանտախտներէն։

Շնորհէ, խաղաղութիւնդ վիրաւոր ժողովուրդներուն ու հովուէ՛ մեզ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ սիրոյ արօտավայրերուն մէջ, ուր կը թագաւորէ Քու սիրելի Որդիիդ ամենասուրբ սիրտը։

Ո՜վ երկնաւոր Հայր, Դուն որ ամենակարողն ես, երախտապարտ սրտերով կ՚օրհնենք եւ կը փառաբանենք Քեզ, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2026, 09:30