Որոնել

2023.05.17 Maria Ausiliatrice

Մարիամ Ս. Կոյս, քեզի կը վստահինք

Հովանիդ տարածէ մեր վրայ, Ո՛վ մեր Մայրը` Սուրբ Կոյս, ու մեր մանուկները պատսպարէ, Քու զաւակներդ են, պաշտպանէ՛ մեզ բոլորս որ քեզի վստահութեամբ կը դիմենք։
Ունկնդրէ լուրը

 

Դրան առջեւ մանուկներ կան,

Որոնց սրտերը յոյսով լեցուն բայց վշտահար։

Անոնց սրտաճմլիկ աղաղակը կը լսուի. «Գթացէ՛ք մեզի,

Քանզի անօթութիւնը մեզ կը տանջէ»։

Պատերազմներն աշխարհը ողողեցին,

Ու շատցան նեղութիւնները՝ որ խստօրէն կը մերժենք.

Բոլորս ալ հիւանդ դարձուցին,

Եւ Քեզմէ զատ մէկը չկայ Որ մեզ դարմանէ...

Հովանիդ տարածէ մեր վրայ, Ո՛վ մեր Մայրը` Սուրբ Կոյս, ու մեր մանուկները պատսպարէ,

Քու զաւակներդ են, պաշտպանէ՛ մեզ բոլորս որ քեզի վստահութեամբ կը դիմենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2026, 08:34