Իսթանպուլ. Արեւագալի Հասարակաց Աղօթք Ժամերգութիւն եւ աղօթք վասն խաղաղութեան
Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 2026 Քառասնորդաց շրջանին ամէն երեքշաբթի առաւօտ ժամը 11:00-ին մէկ եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի Հասարակաց Աղօթք Ժամերգութիւն կը կատարուի մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորական դասուն։
Յատուկօրէն այս երեքշաբթի` 3 Մարտ, կարգն էր Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, ուր կատարուեցաւ Արեւագալի աղօթքը ժամը 11:00-ին։ Աղօթքին մասնակցեցան Գերյարգելի մխիթարեան հայրերը, Հայր Սարգիս եւ հայր Յակոբոս, Թեմական գերյարգելի հայրերը հայր Աբրահամ եւ հայր Միքայէլ, մասնակցեցաւ թեմիս աւագ սարկաւագ Տէր Յակոբ Մինասեանը եւ կիսասարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալներ։
Յատուկօրէն Պէյրութէն ժամանած էր Գերյարգելի հայր Մեսրոպ Ծ Վրդ Թոփալեան, Բանկալթի Մխիթարեան Վարժարանի 200 ամեակի հանդիսութիւններու փակման առթիւ, եւ ինք եւս մասնակցեցաւ ժամերգութեան։
Աղօթքին աւարտին Հանդիսադիր Առաջնորդ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան հայերէնով եւ թրքերէնով օրուան պատշաճ իր խօսքին մէջ յիշեց աշխարհի մէջ տիրող լարուած մթնոլորտը եւ այս օրերուս ծոցի մէջ տեղի ունեցող պատերազմը եւ նշեց ժամերգութեան աղօթքը, որ կ՚ըսէ. «Տէր, ուղղեա՛ զգնացս մեր ի ճանապարհս խաղաղութեան: Տէր, ուղղեա՛ եւ առաջնորդեա՛ հոգւոց մերոց եւ ամենայն հաւատացելոց, գնալ յարդարութեան ճանապարհս եւ ի կեանս յաւիտենից»։
Ան առ այդ հրաւիրեց ներկաները ուղղուելու դէպի աւանդատան անկիւնը, ուր կը հանգչին երանելի Տէր Կոմիտասի մասունքները, որուն առջեւ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները միասին աղօթեցին եւ բոլորը միասնաբար երգեցին Տէրունական Աղօթքը։
Վերջին օրհնութենէն ետք բոլորը թէյի մը շուրջ հաւաքուեցան «Աղաճանեան» սրահին մէջ։
Թղթակցութիւնը Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութենէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ