Երբ պատերազմի աղմուկը կը մարէ խաղաղութեան ձայնը. Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Երուսաղեմի մէջ վախը զգալի է գրեթէ դիպչելԻ: Փողոցները դատարկ են, պաշտամունքային վայրերը անանցանելի, հին քաղաքին մէջ խանութները փակ են, վիրաւորները և Սուրբ Երկրի բազմաթիւ քաղաքներու աւերները կրկին դարձած են այս տառապող երկրի ցաւալի պատկերներ... Լռութիւնը խախտուած է դատարկ քաղաքին մէջ ահազանգերու ձայնով, որ սարսափ կը յառաջացնէ՝ սպասելով հրթիռներուն, որոնք կրկին մահ և աւէր կը բերեն»:
Այս կը կարդանք Սուրբ Երկրի Պահակութեան դպրոցներու ղեկավար` Հայր Իպրահիմ Ֆալթասի ստորագրութիւնը կրող յօդուածի մը մէջ, զոր Ան հրատարակեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ու վերջին օրերուն սկիզբ առնող նոր ու սարսափ յառաջացնող պատերազմի լոյսին տակ։
Երուսաղէմի մէջ պատերազմը այլեւս հեռաւոր արձագանգ մը չէ, այլ ձայն մը, որ կը պատռէ լռութիւնը,․ այն ազդանշաններուն ձայնով, որոնք կը յայտարարեն նոր յարձակումներ եւ կը յիշեցնեն 2023 թուականի ողբերգական եօթը Հոկտեմբերը, դիտել կու տայ Հայր Ֆալթասը նկարագրելով պատերազմին յառաջացուցած ողբերգական իրականութիւնը` «դատարկ փողոցներ, փակ պաշտամունքի վայրեր, եւ վախը որ դարձեալ շօշափելի դարձած է»։
«Ամէնէն բարձր գինը կը վճարեն դարձեալ երեխաները, որոնց ժպիտները կը մարին այն տառապանքներու ծանրութեան տակ, զոր անոնք երբեք պէտք չէին ճանչնար» կը նշէ Ֆրանչիսկեան Քահանան։
Դպրոցներուն մէջ կը փորձեն պաշտպանել անմեղութիւնը եւ մխիթարել, սակայն մեծերուն ապրած վախը իրազեկ կը դարձնէ զանոնք, թէ բռնութիւնը դարձեալ ընդհատած է ամէն տեսակի փխրուն բնականոնութիւն։
Փոքրիկները, որոնք չեն հասկնար պատերազմի պատճառները, անմեղ օրէն կը կրէն անոր հետեւանքները`․ Կազայի, Թել Աւիւի, Քիեւի եւ Թեհրանի մէջ, անոնք կը տառապին սովէ, ցուրտէ, վախէ եւ մենութենէ՝ զրկուած հանգստութեան եւ կրթութեան իրենց իրաւունքէն, կը հաստատէ Հայր Իպրահիմ Ֆրալթասը իր գրութեան մէջ նկատել տալով` թէ ինչպէս խաղաղութեան բոլոր կոչերը ամիսներ շարունակ անպատասխան մնացին, եւ այսօր կը ծագին ցաւալի հարցումներ միջազգային համայնքի պատասխանատուութեան եւ այն մարդկութեան մասին, որ գուցէ անկարող է արձագանգելու անմեղներու տառապանքին։
Ոտնակոխ եղած իրաւունքներու եւ քաղաքական շահերու մէջ վտանգը այն է, որ չարը դառնայ մեր ժամանակներուն բացարձակ դերակատարը, դիտել կու տայ Հայր Ֆալթասը թէեւ, կ՛աւելցնէ Ան, որ տակաւին յոյս կայ հաւատալու մարդկային սրտի այն հրաշալի կողմին, որ կը սիրէ ուրիշը առանց սահմանափակումներու ու նախապաշարումներուա, որ կ՛ երկարէ բարեկամական ձեռքը, ուշադիր կը լսէ, և հոգին կը տաքցնէ ողջագուրումով մը։
«Ահա այս է մարդկութիւնը որուն մէջ իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ճանչնայ ինքզինք, Այս է մարդկութիւնը զոր միջազգային հասարակութիւնը պէտք է ներկայացնէ։ Իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, պատասխանատուութիւնն ու յարգանքը անհրաժեշտ տարրեր են, որպէսզի մնանք մարդ, հաւատանք, վստահութիւն ու յոյս ունենանք մարդկութեան նկատմամբ, բացառենք պատերազմի աղմուկը և ներկայացնենք խաղաղութեան ձայնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ