Լիբանան. Հայրապետական սուրբ պատարագ Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, ժամը 10-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց հայրապետական Ս. Պատարագը Պուրճ-Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ՝ առընթերակայութեամբ վարդապետներու, սարկաւագներու եւ ներկայութեամբ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Սուրբ Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տուաւ հետեւեալ պատգամը:
Ինչքա՜ն գեղեցիկ է այս օրը, երբ կու գայ արդիւնաւէտ քառասնօրեայ պահքէն եւ աղօթքէն ետք…։
Ինչքա՜ն գեղեցիկ է այս զգացումը, երբ կ’ըմբռնենք Ծաղկազարդի խորհուրդը, զոր կը տօնենք Յիսուսի Երուսաղէմի փառաւոր մուտքին յիշատակով…։
Ծաղկազարդեան այս Կիրակին տօնական օրն է, երբ մեր Փրկիչը՝ Դաւիթի Որդին եւ խոստացեալ Մեսիան, Ս. Գիրքին համաձայն, մուտք գործեց խաղաղութեան Ս. Քաղաքը, որ Անոր կը սպասէր մարգարէներուն նախատեսութիւններուն համաձայն: Անոնք աւետեցին Անոր գալուստը, եւ այն՝ ինչ որ պիտի պատահէր ընտրեալ ժողովուրդին հետ եւ ապա մեզի համար։
Մարգարէութիւնները իրականացան, երբ Մեսիան մտաւ Երուսաղէմ որպէս Թագաւորը, ողջոյններու եւ ծափերու ընդմէջէն բազմութեան, որ ցնծաց Անոր ժամանումով, այնպէս որ ամբողջ քաղաքը խլրտեցաւ՝ հարցադրելով. «Ասիկա ո՞վ է…»: Եւ բազմութիւնը, որ Անոր կ’ընկերանար, պատասխանեց. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է, Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքէն» (Մտթ 21,10)։
Այո՛, բազմութիւնը հաւատաց Քրիստոսին ու ճանչնալով իր Փրկիչ Արքան՝ Զինքն ընդունեցաւ ուրախութեամբ եւ հրճուանքով: Ընդունեցաւ իր «հեզ ու խոնարհ Թագաւորը», ինչպէս մարգարէն որակեց Զինքը. «Ըսէ՛ք Սիոնի աղջկան. ’Ահա, քու Թագաւորդ կու գայ քեզի խոնարհութեամբ’» (Մտթ. 21,5)։
Այո՛, խոնարհութեամբ՝ չնայելով իր աստուածային զօրութեան…:
Այո՛, խոնարհութեամբ՝ չնայելով իր երկնային փառաւորութեան…:
Սիրելիներս, ասիկա՛ է այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք, կը հաւատանք Անոր եւ ամուր կը մնանք մեր հաւատքին մէջ։
Սակայն, այսօր, հարցերը կամ՝ հարցումները հետեւեալներն են:
«Արդեօք, մենք կ’ընդունի՞նք Յիսուսը, ինչպէս որ ընդունեցան անոնք՝ փոքրեր ու մեծեր, երիտասարդներ ու տարեցներ…:
Արդեօք, մենք կրնա՞նք ուրախանալ Անով, ինչպէս անոնք ուրախացան…:
Արդեօք, մեր այսօրուան հաւատքը կենդանի՞ վկայութիւն մըն է Անոր հանդէպ, թէ՞ տօնը պարզապէս անցողիկ ուրախութիւն մը դարձած է, զոր կ’ապրինք մեր զաւակներուն հետ, մինչ կը մոռնանք տօնին Տէրն ու փառքը…։
Արդեօք, մոռցա՞ծ ենք Թագաւորը, որ կանչեց մանուկները, օրհնեց եւ ուրախացուց զանոնք…։
Արդեօք, մենք պատրա՞ստ ենք հոգ տանելու այն մանուկներուն, որոնք կորսնցուցին իրենց տուները կամ որբացան…։
Արդեօք, մենք սիրայօժա՞ր ենք, Լիբանանի այս դժուար օրերուն, աջակցիլ այն մարդերուն, որոնք տեղահանուեցան ու կորսնցուցին իրենց ունեցուածքը եւ կ’ապրին անորոշ ապագային մտահոգութեամբ…։
Թէ արդեօք, պիտի ըլլա՞նք անոնց նման, որոնք հաւատացին Անոր, ապա ուրացան ու խաչեցին Զինքը…»։
Սիրելիներս, եթէ ա՛յդպէս է, ապա, կ’եզրակացնեմ այս հարցերուն կամ՝ հարցումներուն դիմաց, որ մեր տօնակատարութիւնը կը դառնայ դատարկ եւ անիմաստ։
Ծաղկազարդեան մեր տօնախմբումը, սակայն, այն օրն է, որ իր իսկական իմաստը կ’առնէ այն ատեն, երբ մենք զայն կ’ապրինք անկեղծ հաւատքով, բարի հոգիով եւ մաքուր սրտով։
Երբ մենք կը վերանորոգենք մեր կեանքը եւ բարի օրինակը կը դառնանք մեր զաւակներուն: Ուստի, կ’արժանանանք Փրկիչ Թագաւորին օրհնութեան, որ մեզի կ’ուղեկցի մեր բոլոր օրերուն, մանաւանդ այս դժուար հանգրուանին ընթացքին, որուն մէջ կը տուայտի մեր աննման հայրենիքը՝ Լիբանան։
Լիբանա՛ն, որ կը մնայ առաքելութեան Հայրենիքը, արժանապատուութեան եւ ինքնիշխանութեան Երկիրը, վկայութեան ու դիմադրողականութեան Հողը։
Լիբանա՛ն, որ այսօր կը տառապի, շատ աւելի կարիքն ունի մեր սիրոյն, մեր զոհողութիւններուն եւ մեր անկեղծ միասնականութեան, որպէսզի վեր կանգնի այս փորձանքէն ետք՝ բարձր գլխով եւ ուժեղ կամքով, ինչպէս ալ բոլոր տագնապներուն յաղթահարութեամբ, ու մնայ ազա՛տ, ինքնիշխա՛ն, անկախ Հայրենիքը եւ իր բոլոր զաւակներուն Օրրանը։
Այս տեսիլքով եւ այս դիտաւորութեան համար, Սիրելիներս, եկէ՛ք այսօր եւ միշտ, բարձրացնենք մեր աղօթքը Յիսուս Քրիստոս Թագաւորին ու Փրկիչին:
«Ո՜վ Տէր Ամենակալ, Դո՛ւն, որ Երուսաղէմ մտար որպէս Արքայ, մտի՛ր մեր սրտերը, որոնք ծարաւի են խաղաղութեան եւ սիրոյ։ Դո՛ւն, որ օրհնեցի՛ր մանուկները քու անհուն գորովով, օրհնէ՛ մեր ընտանիքներն ու մեր զաւակները։
Մտի՛ր մեր սրտերը եւ մեզ օրհնէ՛ քու շնորհքովդ, որպէսզի մենք ըլլանք
Օգնո՛ղ ու նուիրատո՛ւ ձեռքը իւրաքանչիւր զրկուած անհատին,
Մխիթարութի՛ւնը՝ իւրաքանչիւր տառապեալին,
եւ յո՛յսը՝ իւրաքանչիւր որբին։
Տո՛ւր մեզի քու Սիրտդ, որպէսզի մենք զիրար սիրենք, ինչպէս նաեւ սիրենք մեր վիրաւոր Հայրենիքը, որովհետեւ Լիբանան կը բուժուի անկեղծ սիրով, կը վերականգնի տոկուն հաւատարմութեամբ եւ կը յաղթանակէ ջերմ հաւատքով։
Երուսաղէմ մուտքիդ յիշատակը թող նոր խաղաղութեան սկիզբն ըլլայ մեզի, Լիբանանին, Մերձաւոր Արեւելքին եւ համայն աշխարհին համար։
Դո՛ւն, Խաղաղութիւնը եւ Խաղաղութեան Թագաւորն ես, օրհնէ՛ մեզ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ՛ ամէն անձ, որ Քեզի կ’ապաւինի հաւատքով ու սիրով։
Այս մեր սրտաբուխ աղօթքը կը յանձնենք Զմմառի Վերափոխեալ Տիրամօր միջնորդութեան եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեան: Ամէն:
Սուրբ Պատարագին աւարտին՝ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը եկեղեցիին շրջափակին մէջ, ուր, մանուկներն ու տօնականները մոմերով, արմաւենիին ուստերով եւ ձիթենիին ճիւղերով, քալեցին ու ընկերացան շեփորախումբին հնչած շարականներուն:
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ