Որոնել

Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա 

Կարդինալ Փիցապալլա. «Կազայի մէջ մարդիկ վրաններու մէջ կ'ապրին»

Կարդինալ Փիցապալլա կը դատապարտէ Աստուծոյ անուան շահագործումը պատերազմները արդարացնելու համար՝ միաժամանակ ահազանգ հնչեցնելով Կազայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի վիճակին եւ 80% աւերածութեան մասին: Ան նաեւ կը շեշտէ Յորդանանեան Ափի մէջ աճող լարուածութիւնը, որ կը վտանգէ քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու կրթական համակարգի գործունէութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա, «Օազիս» (Oasis) հիմնադրամի հետ ունեցած տեսակապի ընթացքին, տեղեկութիւններ փոխանցեց Կազայի գօտիի մէջ տիրող մարդկային ողբերգութեան մասին։ Մինչ Միջին Արեւելքը կը գտնուի Իրանի դէմ պատերազմի բռնկման վտանգին տակ, Պատրիարքը վերստին ուշադրութեան կեդրոն բերաւ Կազայի մոռցուած ու աւերուած իրականութիւնը։

Կարդինալ Պիցապալլա խստօրէն դատապարտեց կրօնի օգտագործումը քաղաքական եւ զինուորական նպատակներու համար.

«Աստուծոյ անունը այս կամ որեւէ այլ պատերազմ արդարացնելու համար շահագործելը ամենածանր մեղքն է, որ կրնանք գործել այս ժամանակներուն», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, թէ չկան «նոր խաչակրութիւններ» եւ Աստուած որեւէ կապ չունի այս բռնութեան հետ։ «Աստուած կը գտնուի անոնց հետ, որոնք կը մեռնին, որոնք կը տառապին ու կը չարչարուին»։

Կազա. կոյուղիներու մէջ ապրող ժողովուրդ մը

Պատրիարքը ներկայացուց Կազայի աշխարհագրական եւ մարդկային ահաւոր պատկերը. Շրջանի 80%-ը հիմնայատակ կործանած է, եւ վերաշինութեան ոեւէ աշխատանք դեռ չէ սկսած։ Տարածքին 53%-ը (ուր կը գտնուին 2 միլիոն տեղահանուածներ) կը գտնուի իսրայէլեան բանակի հսկողութեան տակ, իսկ մնացեալ 47%-ը՝ Համասի։ Դեղորայքի լիակատար բացակայութիւն կայ։ «Մարդիկ բառացիօրէն կ'ապրին վրաններու մէջ», ըսաւ Ծիրանաւորը։

Ան նաեւ նշեց, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջադրած «Խաղաղութեան խորհուրդը» (Board of Peace) դեռեւս գործնական ոչ մէկ քայլ առած է, եւ անոր նպատակները կը մնան անորոշ։

Ճնշումները Յորդանանեան Ափին եւ քրիստոնեաներու վիճակը

Պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ Յորդանանեան Ափի (Cisjordania) վատթարացող վիճակին, ուր հրեայ բնակեցուողները գրեթէ ամէն օր կը յարձակին պաղեստինցիներու, այդ կարգին՝ քրիստոնեաներու վրայ։

Տեղաշարժի սահմանափակումները ծանր հարուած հասցուցած են նաեւ կրթական համակարգին։ Երուսաղէմի մէջ գործող 15 քրիստոնէական դպրոցներ չեն կրնար ընդունիլ իրենց աւելի քան 200 ուսուցիչները, որոնք կ'ապրին Բեթղեհէմի մէջ եւ չեն կրնար քաղաք մուտք գործել։

«Մենք մշտական լարուածութեան տակ ենք, եւ կացութիւնը բոլորիս համար չափազանց բարդ կը մնայ», եզրափակեց կարդինալը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2026, 12:56