Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (85)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք մակեդոնեան եւ հոգեմարտեան աղանդներուն:

ՁԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք մակեդոնեան եւ հոգեմարտեան աղանդներուն:

Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովէն յետոյ նոր աղանդներ երեւան եկան: Այդ ժամանակուայ ամենազօրաւոր աղանդներն էին՝ մակեդոնեանները եւ հոգեմարտեանները, որոնք Ս. Երրորդութիւնը կը դասակարգէին և ըստ անուններուն անոնց շնորհքներ կը պատշաճեցնէին, ինչպէս՝ արարիչ, գործակից, սպասաւոր: Այսպէս, Ամենասուրբ Երրորդութեան անձերը, մէկն արարիչ է՝ զօրութեամբ և անսահման բնութեամբ, միւսը գործակից է՝ անսահման զօրութեամբ, որովհետեւ կը պնդէին, որ Որդին Հօր գործակից է և բնութեամբ սահմանաւոր, քանզի կ'ըսէին, թէ արարած է, իսկ Ս. Հոգին սահմանաւոր է ե՛ւ զօրութեամբ, ե՛ւ բնութեամբ, որովհետեւ կ'ըսէին, թէ արարած է, սպասաւոր է և՝ ծառայ:

Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ տիեզերական Ժողովին՝ կը քննարկուի Մակեդոնի աղանդը, ապա՝ Մակեդոն իր հետեւորդներու հետ միասին կը նզովուին։ Երբ այս խիզախ որոշումը աղանդաւորները կը զայրացնէ, կայսրը կը հրամայէ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով «Հաւատոյ Հանգանակ» մը կազմուի Նիկիական հանգանակին վրայ, բոլորին կողմէ, թէ՛ աղանդաւորներուն եւ թէ ուղղափառներուն եւ ապա իրեն յանձնուի, որպէսզի քննէ զանոնք եւ ըստ այնմ որոշում տայ։ Կայսրը ուղղափառներուն կազմածը կ'ընդունի եւ աղանդաւորներու ներկայացուցածը կը մերժէ։ Ժողովին մասնակցած էին 36 աղանդաւորական (մակեդոնական) եպիսկոպոսներ: Վերջիններս կը մերժեն ուղղափառներու դաւանանքը եւ կը հեռանան ժողովէն։ Իսկ կայսրը կը հրամայէ հակառակորդ եպիսկոպոսները զրկել իրենց պաշտօններէն։

Այսպէս, տիեզերական Բ.  ժողովին մէջ, թէպէտ Նիկիոյ Հաւատոյ հանգանակը կրկին անգամ ընդունուեցաւ, և Նիկիական հաւատքը հաստատուն մնաց՝ դաւանական տեսակէտէն որպէս կատարեալ, սակայն Գրիգոր Նիւսացին Կ. Պոլսոյ մէջ ժողովուած սուրբ հայրերու հաւանութեամբ եւ ժամանակի պահանջքներուն համապատասխան՝ յաւելումներ ըրաւ Նիկիական Հանգանակին վրայ և որոշ լրացումներ կատարեց:

Այս ձեւով, ժողովը կը բանաձեւէ Ս. Հոգիին աստուածութիւնը եւ կ'աւելցնէ՝ «Ի Հօրէ բխեալ» (ընդդէմ Մակեդոնի), այսինքն՝ Ս. Հոգին Հօրմէն կը բխի եւ Հայր Աստուծոյ ու Որդիին հետ միասին երկրպագելի, փառաւորելի ու համագոյակից կը խոստովանի։ Արդարեւ, տիեզերական ժողովի հանգամանքը կ'ենթադրէ սուրբ Հոգւոյն ներշնչանքի սկզբունքի հետ կապուած ըլլալը: Եկեղեցւոյ հայրերը կը հաւաքուին Ս. Հոգւոյն թելադրանքով և անոր ոգեկոչումով:

Տիեզերական ժողովներու հայրերն կ'ըսեն իրարու. «հաճելի թուաց Սուրբ Հոգիին եւ մեզի» (Գործք 15, 28), քանի որ այդպէս ըսած են Առաքեալներն իրենց ժողովի (Երուսաղէմի 51 թուին) որոշման մէջ: Այս ժողովի և Մակեդոնի հոգեմարտ վարդապետութեան մասին առաջին անգամ յիշատակութիւններ ունինք Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութեան» մէջ, ինչպէս նաեւ Բաբկէն Ա. Ոթմսեցի Կաթողիկոսի (490–516) թուղթերուն մէջ: Այնուհետեւ, VI–VII դդ., Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի, Յովհաննէս Բ. Գաբեղենցի, Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի Կաթողիկոսներու և Հայ Եկեղեցւոյ Վրաց եկեղեցիէն բաժանման առթիւ փոխանակուած դաւանական թուղթերուն մէջ այս ժողովը կը յիշուի իբրեւ տիեզերական հեղինակութիւն վայելող և ուղղափառ դաւանութեան սահման, որովհետեւ նզովեց նաեւ 4-րդ դարի այլ աղանդներու պետերը, ինչպէս՝ Փոտինոսն, Ապօղինարն և այլք։

Կոստանդնուպոլսոյ Բ. ժողովը իբր կանոն սահմանեց նաեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Աթոռներու աւագութիւնը՝ Կ. Պոլսոյ Աթոռը յայտարարելով երկրորդը՝ Հռոմէն յետոյ, «քանզի Կ. Պոլիս՝ նոր Հռոմ է»։ Ապա ըստ աւագութեան, Աղեքսանդրիոյ Աթոռը երրորդն էր, Անտիոքինը՝ չորրորդը, Երուսաղեմինը՝ հինգերորդը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 08:02