Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (84)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ տիեզերական ժողովին:

ՁԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ տիեզերական ժողովին:

Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան սկզբնական դարերը եղած են շատ նուրբ եւ հարցերով լեցուն: Մէջտեղ եկած են զանազան դպրոցներու հետեւող հոգեւորականներ, որոնք հարցականի տակ առած են Քրիստոսի Աստուածորդի ըլլալը, Սուրբ Հոգւոյն աստուածութիւնը եւ Քրիստոսի երկու բնութիւններու միաւորութիւնը: Որպէսզի մեր հայրերը կասեցնէին այս հերետիկոսութիւնները, ժողովներ գումարած են, որոնք անուանած են Տիեզերական:

Արիոսական վիճաբանութիւններու վերջին փուլին՝ 370-380-ական թթ., Եկեղեցւոյ առջեւ կը դրուի եւս հարց մը. Ս. Հոգին Աստուա՞ծ է, թէ՞ արարած: Այս հարցին համար գումարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ տիեզերական ժողովը Մեծն Թէոդոս կայսրին (379-395) հրամանով՝ 381 թուականին, 150 Հայրապետներու մասնակցութեամբ՝ քննելու համար Կ. Պոլսոյ Պատրիարք՝ Մակեդոնի հոգեմարտութեան ուսուցումը:

Մակեդոն կայսրին կողմէ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելով, կիսարիոսականներու կողմը անցած էր եւ իր քարոզներու միջոցաւ՝ Ս. Հոգին Հօր եւ Որդի Աստուծոյ հետ հաւասար եւ համագոյակից ըլլալը կը մերժէր, Զայն նկատելով ստորադաս եւ ծառայող գոյութիւն մը: Ժողովի որոշումներն առաջին հերթին ուղղուած էին Մակեդոնի վարդապետութեան դէմ: Ըստ որուն, Ս. Հոգին ո՛չ Հօր և ո՛չ ալ Որդւոյն էութենէն է, այլ՝ օտար էութիւն մը՝ ոչ համագոյակից անոնց: Հետեւաբար, Մակեդոնի վարդապետութիւնը ծագած է արիոսականութենէն: Արիոսը Որդին արարած կը համարէր և ոչ էակից Հայր Աստուծոյ, իսկ Ս. Հոգին, ըստ Մակեդոնի, կը բխի Որդիէն, և քանի որ Որդին Աստուած չէ, Ս. Հոգին եւս չէր կրնար Աստուած ըլլալ. «եւ ի Հոգին սուրբ որ յՈրդւոյ գոյացեալ է»:

Այսպէս, Մակեդոնը կը քարոզէր, որ Ս. Հոգին Որդիէն բխելով՝ Աստուած չէ, այլ Որդւոյ արարչագործութիւն: Իսկ Ս. Հոգին Հայր Աստուծմէ բխիլը չէր ընդուներ: Այսպիսով ան, ինչպէս Արիոսը, Սուրբ Երրրորդութեան խորհուրդը եւ երեք անձերու համաբնոյթ ըլլալը կտրականապէս կը մերժէր։ Տիեզերական երկրորդ ժողովը կը սահմանէ Ս. Հոգւոյ աստուածութիւնը, ըստ որուն Ս. Հոգին Աստուածային բնութեամբ, իբրեւ էակից ու փառակից է Հօր եւ Որդւոյ։

Այլ խօսքով՝ Ս. Երրորդութեան համար կ'որդեգրէ «Մի Աստուածութիւն, երեք անձինք» բանաձեւը, ըստ որու՝ երեք աստուածային Անձերը համագոյ են Իրենց բնութեամբ, և Իւրաքանչիւրը պէտք է խոստովանիլ կատարեալ Աստուած:  Նիկիական Հաւատոյ հանգանակին կ'աւելցնէ նաեւ Ս. Հոգւոյ վերաբերեալ հատուածը, որպէսզի վերջ դրուի տասնամեակներ շարունակ արծարծուած եւ Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքը խաթարող՝ Սուրբ Հոգիին աստուածային բնութիւնը հարցականի տակ առած մօտեցումներուն։ Յիշատակելի է Ս. Աթանասի 359 թ. Սրապիոնին ուղղած նամակը, որուն մէջ ան կը ջատագովէ Ս. Հոգւոյ համագոյութիւնը Հայր Աստուծոյ հետ:

Կոստանդնուպոլսոյ Բ. տիեզերական ժողովին մասնակցած են Դ. դարու նշանաւոր աստուածաբան Հայրեր, ինչպէս՝ Կիւրեղ Երուսաղեմացին, Գրիգոր Նիւսացին, Գրիգոր Նազիանզացին, Անփիլոք Իկոնիացին, Բարսեղ Մեծ և այլք: Աւանդութեան համաձայն՝ այս ժողովին ներկայ գտնուած է նաեւ հայոց Մեծն Ներսէս Հայրապետը, բայց այս մասին վաւերական ստոյգ տեղեկութիւններ և ապացոյցներ կը պակասին: Տիեզերական երկրորդ ժողովին մասնակցած հարիւր յիսուն Հայրապետներուն յիշատակը կը տօնուի Մեծ Բարեկենդանի նախորդող Շաբաթ օրը, որովհետեւ անոնք պահեցին ուղղափառ հաւատքն ու առաքելական ուղին եւ թոյլ չտուին, որ եկեղեցին յանձնուի աղանդաւորական մտածողութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2026, 08:02