Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (83)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիական հանգանակի յունարէն եզրերուն:

ՁԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիական հանգանակի յունարէն եզրերուն:

Նիկիական հանգանակը (Հաւատամքը), որ ներկայիս հայ եկեղեցւոյ սուրբ պատարագին մէջ կ'արտասանուի՝ տարբեր է Նիկիոյ ժողովի գործոց մէջ պարունակուած հանգանակէն։ Այժմեան գործածական հանգանակին նկատմամբ կարգ մը հեղինակներ կարծեցին, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Նիկիական հանգանակին վրայ կարգ մը բացատրական յաւելուածներ ըրած ըլլայ, քանի հանգանակին վերջը փառաբանութիւն մը աւելցուած է, որուն վրայ «Ի սրբոյ Լուսաւորչէն մերմէ ասացեալ» մակագրութիւնը կը կարդացուի, թէպէտ ոչ միշտ եւ ոչ հնագոյն գրչագիրներու մէջ։ Արդարեւ, վերջին զննութիւնները յայտնեցին, թէ մեր գործածական հանգանակը Աթանասեան խմբագրութիւն մըն է, Նիկիականին վրայ ձեւաւորուած։

Յովսէփ, Վրդ. Գաթրճեանի համաձայն՝ Հայոց Պատարագամատոյցի Հաւատամքը, կարելի է Նիկիական Աթանասեան կոչել: Այնպէս որ եթէ այս խմբագրութիւնը Նիկիոյ ժողովէն ետքն է, դժուար է ըսել թէ Արիստակէսի բերածը ըլլայ, այլ կարեւոր է նշել թէ երբ այս երկրորդ խմբագրութիւնը բուն Նիկիականին տեղը անցաւ։ Այնուամենայնիւ, Նիկիական հաւատոյ հանգանակը որպէս քրիստոնէական հաւատքի յայտարարութիւն, կը հաստատէ Յիսուս Քրիստոսի յաւերժական աստուածային էակ ըլալու դաւանութիւնը, այդպիսով հաստատելով Սուրբ Երրորդութեան ուղղափառ քրիստոնէական վարդապետութիւնը:

Կարեւոր է ընդգծել թէ յունարէն բառերը աստուածաբանական տարբերութեանց միջեւ նշանակալի դեր խաղցած են Նիկիոյ Ս. ժողովի և ընդհանրապէս աստուածաբանական բանավէճերու մէջ: Այս եզրերը կը կեդրոնանան Հայր Աստուծոյ և Յիսուս Քրիստոսի միջեւ եղած յարաբերութիւնները նկարագրելու վրայ։ (ὁμοούσιον) «Հոմոուսիոն» կը նշանակէ «նոյն բնութենէն» կամ «նոյն էութենէն»։ Այս բառը կը հաստատէր, որ Որդին եւ Հայրը նոյն էութենէն կամ բնութենէ են։ Յիսուս Քրիստոս որպէս մարդացեալ Որդին՝ լիովին աստուածային է, և Իր բնոյթը հաւասար է Հայր Աստուծոյ հետ: Հետեւաբար, Որդին յաւերժապէս ծնած է Հօրմէն, բայց ստեղծուած էակ չէ եւ ունի նոյն աստուածային էութիւնը, ինչպէս Հայրը, առանց ստորադասման։

Ահա օրինակ Նիկիական Հաւատոյ հանգանակէն զոր կ'արտասանուի ամէն Պատարագի ժամանակ. «Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր» (հոմոուսիոն) (ὁμοιουσιον): Իսկ Հոմոիոուսիոն, կը նշանակէ «նման էութեան» կամ «նման բնութեան»։ Այս բառը օգտագործուած էր Արիոսի և անոր հետեւորդներու կողմէն՝ նկարագրելու Հայր Աստուծոյ և Որդի Աստուծոյ միջեւ եղած յարաբերութիւնները։ Փոխանակ հաստատելու, որ Որդին նոյն էութենէ է, ինչպէս Հայրը. «հոմոիոուսիոն» բառը կ'ենթադրէ, որ Որդին նմանատիպ է Հօր, այսինքն՝ տարբեր էութենէ է։ Այլ խօսքով, Որդին նման է Հօրը, բայց ոչ թէ նոյն բացարձակ էութեամբ։ Հետեւաբար, «Հոմոիոուսիոն» բառի օգտագործումը կը նշանակէր, որ Յիսուս Քրիստոս թէեւ աստուածային է, սակայն ստեղծուած էակ ըլլալով՝ համայաւիտենական չէ եւ չունի Հայր Աստուծոյ լիարժէք, յաւերժական և անստեղծ էութիւնը, այսինքն՝ ստորադաս է Հօր Աստուծոյ։

Հետեւաբար,  այս բանաձեւումը ցոյց կու տայ արիոսական հաւատամքի կորիզը։ Այս տեսանկիւնէն դիտուած՝ ցնորուած Արիոս՝ Որդին սովորական արարած կը համարէր եւ ոչ էակից Հայր Աստուծոյ, իսկ Ս. Հոգին Որդիէն բխելով՝ Աստուած չէ, այլ Որդիին արարչագործութիւնը։ Ան Ս. Հոգին՝ Հայր Աստուծմէ բխիլը չէր կրնար ընդունիլ։ Յիրաւի՝ Նիկիոյ Ս. Ժողովի «Հաւատոյ հանգանակ»-ը դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնը զերծ պահեց ժամանակի զանազան հերձուածողական շարժումներէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2026, 07:14