Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (82)
ՁԲ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նիկիական Հաւատոյ Հանգանակին:
Արեւմտեան Եկեղեցիներու Հայրերու մօտ տարածուած է այն աւանդութիւնը, թէ «Հաւատոյ հանգանակ»-ի հեղինակները Յիսուսի տասներկու առաքեալներն են. որ հետագային՝ բանաձեւուած է Նիկիոյ (325թ.) Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին, եւ ճոխացուած՝ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովին (381-ին): «Նիկիական հանգանակ»ը իր մէջ կը մարմնաւորէ Քրիստոնէական դաւանաբանութեան և Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին ամփոփումն ու խտացումն, զորս մինչեւ օրս բարձրաձայն կ’արտասանուի եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագի ընթացքին:
473 թուին, «Հաւատամք»-ը Սուրբ Պատարագի մէջ ներմուծուած է, Անտիոքի Պետրոս «Թափիչ» Պատրիարքի կողմէ: 511 թուին, որդեգրուած է Բիւզանդական Եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ 589 թուին՝ ընդունուած է Արեւմուտքի մէջ: Մեր եկեղեցիին մէջ, սարկաւագը Սուրբ Աւետարանը բարձրացուցած՝ Հաւատոյ հանգանակը լման կ'երգէ Ճաշու Աւետարանի ընթերցումէն ետք: Լուսաւորչեան Հանգանակ կը կոչուի նաեւ, որովհետեւ անոր աւարտին յաւելուած «Իսկ մեք փառաւորեսցուք» փառատրական աղօթքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին վերագրուած է: Արդարեւ, Հաւատամքը դիմացած է երկար դարերու ընթացքին տեղի ունեցած Եկեղեցւոյ այլազան բաժանումներուն եւ տարակարծութեանց, մնալով միշտ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ, արեւմտեան եւ արեւելեան հնաւանդ եկեղեցիներու անխախտ հաւատքի հիմը, որուն դիմաց մերժուեցան ու հերքուեցան ամէն տեսակի հերետիկոսութիւններ։ Հայ եկեղեցւոյ մէջ, այս «Հաւատամք»-էն անկախ՝ երկու ուրիշ աւելի հին հաւատամքներ եւս մշակուած են. առաջինը՝ «Խոստովանիմք եւ հաւատամք ամենակատար սրտիւ» որ Ժամագիրքի սկիզբը կը գտնուի:
Իսկ երկրորդը՝ շատ աւելի հակիրճ է, Առաքելական Հանգանակ, որ շատ ամփոփ խտացումն է Քրիստոնէական կրօնքի հիմնական սկզբունքներուն, որ կը գտնուի Մկրտութեան կանոնին մէջ եւ կ'արտասանուի Մկրտութեան խորհուրդի ժամանակ՝ հետեւեալ բանաձեւով. «Հաւատամք յԱմենասուրբ Երրորդութիւնն ի Հայր և յՈրդի և ի Սուրբ Հոգի: Զաւետումն Գաբրիէլի, զԾնունդն Քրիստոսի, զՄկրտութիւնն, զՉարչարանս, զԽաչելութիւնն, զԹաղումն երեքօրեայ, զՅարութիւնն, զաստուածապէս Համբարձումն, զնստիլն ընդ աջմէ Հօր, զահաւոր և զփառաւորեալ զմիւսանգամ Գալուստն՝ խոստովանիմք և հաւատամք», զորս Հայ Առաքելական Եկեղեցին որդեգրած է, թէեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ մկրտութեան պահուն Նիկիոյ հանգանակը լման կ'արտասանէ: Այսպէս, Յովհաննէս Արճիշեցիի համաձայն, սուրբ Պատարագի ընթացքին, «Նիկիական հանգանակ»-ը արտասանելով՝ ժողովուրդը կը խոստովանի ուղիղ հաւատքի դաւանանքը և որմէ յետոյ կարող է արժանապէս աստուածային խորհուրդին մօտենալ:
Ի վերջոյ ունինք նաեւ Աթանասեան Հանգանակը, որ բաղդատաբար նախորդներուն, աւելի լայն եւ բացատրուած ձեւով կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ դաւանանքը եւ կը կարդացուի Ձեռնադրութիւններու ժամանակ, իբրեւ եկեղեցական կեանքի մէջ մտնող անհատին դաւանանքին արտայայտութիւնը: Այսպէս, Նիկիոյ Հանգանակը Տիեզերական երեք ժողովներուն կողմէ կնքուած՝ մնաց բոլոր ժամանակներու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պաշտօնական Հանգանակը։ Ան ամենօրեայ «խոստովանանք» մըն է, զոր հաւատացեալները կ'արտասանեն միաբերան, առանց որուն ոչ մէկ Խորհուրդ կը կատարուի եկեղեցիներէն ներս, հիմնուելով նոյն բանաձեւումին վրայ որ հետեւեալն է. «Հաւատամք ի Մի Աստուած». «Եւ ի Մի Տէր Յիսուս Քրիստոս». «Եւ ի Սուրբ Հոգին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ