Աւագ Շաբաթը Երուսաղէմի մէջ.․Սահմանափակ արարողութիւններ եւ աղօթք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Պատերազմին պատճառով, այս տարի կարելի չեղաւ Երուսաղէմի մէջ ապրիլ քառասնորդացի պահեցողութեան աւանդական ուղեւորութիւնը, Սուրբ Գերեզմանի եւ Տիրոջ Չարչարանքի Սուրբ Վայրերուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններով։ Թէեւ կարողացանք անձնապէս աղօթել եւ պատրաստուիլ, սակայն զգացինք համայնքային ընթացքի պակասը դէպի Զատիկ». Այս տողերով կը սկսի Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլայի Երուսաղէմի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ուղղած նամակը որուն մէջ Ան կը նշէ նաեւ` որ ներկայ իրավիճակը անհնար կը դարձնէ հաւատացեալներուն համար բաց եւ սովորական արարողութիւններու կազմակերպումը։
Ծաղկազարդի թափօրը չեղարկուած է
Ծիրանաւորը առ այդ կը հաղորդէ, որ առնուած են որոշումներ որոնց բերումով չեղարկուած կը յայտարարուի Ծաղկազարդի տօնին նախատեսուած Արմաւենեաց Կիրակիի աւանդական թափօրը Ձիթենեաց լեռէն դէպի Երուսաղէմ, ինչպէս նաեւ առ այժմ յետաձգուած կը համարուի «Քրիզմայի - Սուրբ Մկրտութեան եւ Դրոշմի» պատարագը մինչ այլ արարողութիւններու կազմակերպումը սահմանափակ կը համարուի` օր ըստ օրուան փոփոխուող ձեւերով։
Եկեղեցիները բաց աղօթքի համար
Հակառակ ասոր եկեղեցիները բաց պիտի մնան՝ հնարաւորութիւն տալով անհատական եւ համայնքային աղօթքի, ըստ առկայ պայմաններուն, կը նշէ ապա Կարդինալ Փիցցապալան նամակին մէջ ու կը հրաւիրէ հաւատացեալները չյուսահատելու եւ այս շրջանը ապրելու հաւատքի հոգիով՝ յատկապէս կարեւորելով ընտանեկան եւ կրօնական համայնքներու մէջ աղօթքը։
Աղօթել առանց յոգնելու
«Պատերազմական այս ծանր ժամանակին, որ մեզ բոլորս կը ներգրաւէ, այսօր կ՚աւելնայ նաեւ այն ցաւը, որ չենք կրնար արժանաւոր կերպով եւ միասին տօնել Զատիկը։ Ասիկա վէրք մըն է, որ կը միանայ հակամարտութեան պատճառած բազմաթիւ այլ վէրքերուն։ Սակայն պէտք չէ յուսահատինք։ Եթէ չենք կրնար համախմբուիլ ինչպէս կը փափաքինք, պէտք չէ հրաժարինք աղօթքէն։ Ասիկա պահ մըն է յիշելու Յիսուսին հրաւէրը իր աշակերտներուն՝ «միշտ աղօթեցէք, առանց յոգնելու» (Ղկ 18,1)» կը գրէ Կարդինալ Փիցցապալլան ապա կ՛առաջարկէ Մարտ 28-ն նուիրել խաղաղութեան համար աղօթքի։
Մարտ 28-ն աղօթք վասն խաղաղութեան
Ան խաղաղութիւն հայցելով, «նախ եւ առաջ խռոված սրտերուն համար» հրաւէր կ՛ուղղէ բոլորին միանալու աղօթքի մէջ, իւրաքանչիւրը իր ապրած վայրէն՝ «Շաբաթ, Մարտ 28-ին, արտասանելով Վարդարանը՝ աղերսելու համար խաղաղութեան եւ հանդարտութեան պարգեւը, մանաւանդ անոնց համար, որոնք կը տառապին հակամարտութեան պատճառով»։
«Ասիկա պիտի ընենք խոնարհ սրտով՝ վստահ ըլլալով, որ մեր աղօթքը, հակառակ որ մարմնապէս հեռու ենք իրարմէ, կարող է ապաւինիլ Աստուծոյ սիրոյ զօրութեան, որ մեզ կը միացնէ յոյսի եւ վստահութեան հոգիով» կը հաստատէ Կարդինալ Փիցցապալլան որ նամակի աւարտին յիշելով Սուրբ Զատկուայ տօնին իրադարձութիւններ Քրիստոսի չարչարանքը, մահն եւ յարութիւնը կը հաստատէ` որ «Դատարկ գերեզմանը կնիքն է կեանքի յաղթանակին՝ ատելութեան վրայ, եւ ողորմութեան՝ մեղքին վրայ» մաղթելով` որ «այդ վստահութիւնը լուսաւորէ քայլերը եւ զօրացնէ յոյսը»։
«Ձեզ բոլորդ կը գրկեմ Քրիստոսի մէջ եւ ձեզի կը փոխանցեմ իմ օրհնութիւնս» եղան Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին հաւատացեալներուն ուղղած նամակին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ