Որոնել

2021.03.19 Statua di San Giuseppe

Եկեղեցական Գիտելիքներ Ե. Շաբաթ Քառասնորդաց .Դատաւորի շաբաթ (15_22 Մարտ 2026)

Հինգշաբթի 19 Մարտին, Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնն է (ըստ լատինաց) Իտալիոյ մէջ Հայրերու տօնն է:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց հինգերորդ շաբաթը անիրաւ դատաւորի նուիրուած շաբաթն է. Անշուշտ օրինակը որ մեզի կ՛ուզէ տալ Քրիստոս այս առակով դատաւորը չէ, այլ աղքատ այրի կինը, որ չի դադրիր աղօթելէ եւ պաղատելէ որպէսզի իր դատը տեսնուի եւ իր իրաւունքը կարենայ ստանալ։ Որքա՜ն անձեր աշխարհիս վրայ իրաւազրկուած կը մնան, կամ որովհետեւ դատաւորը անարդար է, կամ որովհետեւ հարկ եղած միջոցները չունին իրենք զիրենք յարմարագոյն կերպով պաշտպանելու։ Այսօրուայ առակին մէջ` այս երկու պարագաներն ալ իրարու կը հանդիպին. Սակայն ի վերջոյ այրին իր իրաւունքին տէր կը դառնայ շնորհիւ իր անձանձրոյթ յարատեւութեան։

Առակի վերջաւորութեան` Քրիստոս հարցում մը կ՛ընէ որ տեղին է, մանաւանդ այս օրերուս համար։ Կը հարցնէ. Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Յիսուս հաւատքի մասին կը խօսի, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ է որ հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի կը հաստատուի։

Ուստի աղօթքը, մանաւանդ յարատեւ աղօթքը, հաւատացեալին մէջ կը յառաջացնէ գիտակից հաւատք մը, որ զինք կը դարձնէ կարող միշտ մօտ ըլլալու Աստուծոյ եւ գործելու անոր սուրբ կամքին համաձայն։

Հինգշաբթի  19 Մարտին, Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տօնն է (ըստ լատինաց) Իտալիոյ մէջ Հայրերու տօնն է:

Շաբաթ  21 Մարտին կը յիշատակենք  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտքը խոր Վիրապ : Ասիկա Լուսաւորչի երեք տօներուն առաջինն է,  որ կը յիշեցնէ մեզի իր չարչարանքներն ու բանտարկութիւնը 13 տարիներ ամբողջ,  մութ զնտանի մը մէջ: 

Կիրակի 22  Մարտը՝  քառասնորդաց  Զ. Կիրակին, Գալստեան կիրակի է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 09:15